ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Լիզպոնի Հինգին գերագոյն զոհաբերումը` Հայ Դատի ուժական պայքարի բագինին

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Յուշատետր

27 Յուլիս 1983.

Ն. Պէրպէրեան

Յուլիս 27ի այս օրը, 37 տարի առաջ, հայ ժողովուրդի մերօրեայ պատմութեան մէջ փակուեցաւ գերագոյն անձնազոհութեան հերոսական էջ մը, որպէսզի անոր ներշնչումով՝ հայոց ապրող եւ գալիք սերունդները վերանորոգեն, Հայաստանի եւ հայութեան ամբողջական ազատագրութեան համար, մինչեւ վերջին շունչ պայքարը շարունակելու ազգային-յեղափոխական անդառնալի ուխտը։

1983 թուականի Յուլիս 27ի այդ օրը, Փորթուկալի մայրաքաղաք Լիզպոնը աստեղային ժամադրավայրը դարձաւ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի իրականացման ուժական պայքարին զինուորագրուած յեղափոխաշունչ հինգ հայորդիներու, որոնք գերագոյն զոհաբերութեան իրենց հերոսական խոյանքով՝ նորովի կեանք ներարկեցին «իմացեալ մահով անմահութիւնը նուաճելու» հայ ազգային գաղափարախօսութեան։

Լիզպոնի Հինգ Ողջակէզները թրքական դեսպանատան համալիր շէնքէն շատ ու շատ աւելին խորտակեցին իրենց ինքնազոհաբերութեան ուժանակով։

Հիմնայատակ կործանեցին հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանական մեծագոյն ոճիրին շուրջ Թուրքիոյ եւ մեծապետական աշխարհին հիւսած Ուրացումի եւ Լռութեան ծանրանիստ պատերը…

– «Առանց հայրենիքի, առանց մայր հողին՝ ո՛չ ապագայ կայ, ո՛չ կեանք, ո՛չ ընտանիք կ՚ըլլայ: Առանց մայր հողին, առանց ազգին, որեւէ ընտանիք գոյութիւն չ՚ունենար»,- հաւատացած էր եւ բոլորիս պատգամեց Արա Քըրճըլեան։

– «Շատ հպարտ եմ, որ հայ ծնած եմ, որովհետեւ հայ պիտի մեռնիմ: Շատ ուրախ եմ այս գործողութեամբ: Հիմա մեր ապրած կեանքը իսկապէս որ կեանքէ զատ՝ ամէն ինչի կը նմանի: Կ՚ապրինք ուրիշին տիրապետութեան տակ, ուրիշին խամաճիկներն ենք»,- յայտարարած էր Սիմոն Եահնիեան՝ հնչեցնելով ղօղանջը համահայկական Զարթնումի:

– «Ինչպէս որ կ’ըսէ երգը՝ «Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար»: Այո՛, մենք խենթեր ենք, բայց չակերտեալ խենթեր: Եկէ՛ք, միացէ՛ք մեզի: Կը հաւատամ, որ կը տիրանանք մեր հայրենիքին»,- պոռթկացած էր եւ առաջնորդող ու վարակիչ կենդանի օրինակ մեզ կտակած էր Սագօ Աբրահամեան։

– «Ես բնական մահով պիտի չմեռնիմ. զոհը պիտի չըլլամ ճակատագրի խաղերուն: Ես Հայ Դատի զինուոր եմ. կեանքս պիտի զոհեմ այդ ճամբուն վրայ»,- ազդարարած ու բոլորս ոգեշնչած էր Վաչէ Տաղլեան։

– «Մենք առաջինները չենք, որ կը քալենք, մեզմէ առաջ շատեր քալած են եւ կը յուսամ, որ մեզմէ աւելի լաւերն ալ պիտի գան, մեզմէ աւելի գործեր պիտի ընեն»,- եզրափակած ու մարգարէացած էր Սեդօ Աճէմեան։

Ահա այսպէ՛ս, Լիզպոնի Հինգին գերագոյն զոհաբերութեան ոգեշնչող խորհուրդո՛վ իմաստաւորուեցաւ 1983 թուականի Յուլիս 27ն հայ ժողովուրդի ազգային ինքնաճանաչման ու հաւաքական յիշողութեան մէջ։

«Ահա այսպէ՛ս արշաւեցին Լիզպոն զոհուած քաջ ընկերներ»ը։

*

*   *

Յուլիս 27ի այս օրը, 37 տարի առաջ, Լիզպոնի մէջ, թրքական դեսպանութեան համալիր շէնքը արիւնալի թատերաբեմը դարձաւ հայկական իւրօրինակ ողջակիզման։

Հինգ երիտասարդ հայորդիներ, Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան մարտունակ անդամներ, յանուն Հայ Դատի պահանջատիրութեան, ուժանակով պայթեցուցին եւ օդը հանեցին թրքական պետութիւնը խորհրդանշող շէնքը՝ հերոսական գաղափարապաշտութեամբ Հայ Դատի պայքարին նուիրաբերելով իրենց գերագոյնը, դեռատի կեա՛նքը։

«Հայ Յեղափոխական Բանակ»ին զինուորագրուած գաղափարի մարտիկներ էին Արա, Վաչէ, Սիմոն, Սեդօ եւ Սագօ։ Սիմոնը նահատակուեցաւ գործողութեան առաջին փուլին, դեսպանութեան համալիրը գրաւելու գրոհի ընթացքին։ Արա, Վաչէ, Սեդօ եւ Սագօ չուշացան միանալու մարտիրոսացած իրենց ընկերոջ՝ յանուն Ազգի եւ Հայրենիքի վերատիրացման պայքարին գերագոյն զոհաբերութեան վերանորոգ աւանդ մը կտակելով մեր սերունդներուն։

Կայծակնային արագութեամբ իրագործուած ամբողջ գործողութիւնը այնքան ցնցիչ էր, որ ոչ միայն աշխարհով մէկ ցրուած պահանջատէր հայութիւնը, այլ նաեւ Հայկական Իրաւունքին ու Արդարութեան շուրջ ուրացման պատ քաշած ցեղասպան Թուրքիան եւ անոր հետ քայլ պահող Ամօթալի Լռութեան մեծապետական ուժերը սահմռկեցան։

Լիզպոնի Հինգին անունով եւ միջազգային զանգուածային լրատուութեան բոլոր միջոցներով՝ Հայ Յեղափոխական Բանակը անմիջապէս տարածեց հանրային կարծիքը լուսաբանող հաղորդագրութիւն մը.

– «Մենք որոշած ենք պայթեցնել այս շէնքը եւ մնալ անոր փլատակներուն տակ։ Ասիկա ո՛չ ինքնասպանութիւն է, ոչ ալ խելագարութեան դրրսեւորում մը, այլ ընդհակառակն՝ մեր զոհաբերումն է ազատութեան բագինին»։

Լիզպոնի Հինգի հարազատներուն, ընկերներուն եւ աշխարհասփիւռ հայութեան համար օրին դժուար եղաւ հաւատալ, որ այնքա՜ն կենսուրախ եւ ապագայի հեռանկարներով խանդավառ հայորդիներ, իրենց անձին օրինակով, որոշած էին գործքով հաստատել – հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ազատագրութեան պայքարին ծառայելու ճամբուն վրայ – գերագոյն զոհաբերութեան պատրաստ գտնուելու գաղափարական ուխտը։

Անոնք «խենթ»եր էին, կենսուրախ զաւակներն էին հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութենէն վերապրած, հայրենազուրկ դարձած հայրերու, որոնք կրցած էին յաղթահարել տարագրութեան հետ եկած կեանքի դժուարութիւնները, ճաշակած էին հիւղաւաններու եւ թիթեղաշէն դպրոցներու դաժան պայմանները եւ կրցած էին հայու աշխատասիրութեան, ձեռներէցութեան ու ստեղծագործ ոգիին կենսայորդ աշխուժութիւնը մարմնաւորել եւ ազգային ու պահանջատիրական շունչով սերունդ թրծել։

Արա, Վաչէ, Սիմոն, Սեդօ եւ Սագօ Ցեղասպանութենէն վերապրած տարագիր հայութեան նորահաս երրորդ սերունդին կը պատկանէին։ Ամէն հիմք ունէին կեանքին փարելու եւ վայելելու իրենց աշխատանքին պտուղները։

Բայց Ազգի եւ Հայրենիքի սպանդին ու տեղահանութեան, բռնագրաւումին եւ կործանման մեծ ու խորագոյն Խոցը, այլեւ՝ հայկական Իրաւունքին ու Արդարութեան դէմ հիւսուած միջազգային Լռութեան եւ Ուրացումի Պատին առթած անհուն Ցասումը, բառին ծանրագոյն իմաստով, մեծ օտարականներու վերածած էին Լիզպոնի Հինգին ամբողջ սերունդը՝ հայու ուծացման վրայ խարսխուած աշխարհի ու կեանքի… բարիքներուն հանդէպ։

*

*   *

Սեփական ու մայրենի լեզուով եւ մշակոյթով լիարժէք ապրելու եւ արարելու ներքին կրակը, պապենական հողին վրայ հայաշունչ կեանք ու ազատ ապագայ կերտելու եւ վայելելու բուռն պահանջը եւ, մանաւա՛նդ, արեւուն տակ հայու հպարտութեամբ քալելու անյագ ծարաւը Լիզպոն առաջնորդեցին գրոհային մարտունակութիւնը Հինգ Խենթերուն, որպէսզի նախ սեփական ժողովուրդի իրենց սերնդակիցներուն, ապա՝ ցեղասպան թրքական պետութեան ժառանգորդներուն եւ, վերջապէս, լուռ ու անտարբեր հայեացքով հայոց ողբերգութեան նայող աշխարհին առաւելագոյն ուժականութեամբ փոխանցեն Հայ Դատի անժամանցելի ՊԱՏԳԱՄը։

Այդպէ՛ս, Լիզպոնի Հինգին գերագոյն զոհաբերութիւնը դարձաւ նորօրեայ պատգամաբերը Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանէն դուրս բոլոր խաբուսիկ հեռանկարները մերժելու Հայու Ազգային-Յեղափոխական անդառնալի Ուխտին։

Լիզպոնի Հինգին ողջակիզումը խորհրդանշեց յեղափոխական դաշնակցականի պատրաստակամութիւնը՝ գերագոյն զոհաբերութեան անձնակա՛ն օրինակով՝ շրջելու պատմութեան թաւալգլոր անկումի անիւը եւ վերահաստատելու հայոց ազգային արժանաւորութիւնը, ի խնդիր հայոց անփոխարինելի Իրաւունքն ու Արդարութիւնը սեփական ուժով վերականգնելու պայքարին։

Ահա այսպէ՛ս Լիզպոնի Հինգին գերագոյն զոհաբերութեան անմար ոգին վերանորոգեց հայ ժողովուրդի ամբողջական ազատագրութեան պայքարին անսակարկ զինուորագրուելու հայոց նորահաս սերունդներուն մարտունակութիւնը, Հայ Դատին արդար լուծումը անկեղծ զինուորի անձնազոհութեամբ նուաճելու՝ արեա՛մբ նուիրագործած գաղափարական յանդգնութիւնը։

Եւ Իրաւունքի ու Արդարութեան ամբողջական վերականգնումին անսակարկ պահանջատիրութեամբ եւ յարատեւ կռուի ուղիով իր երթը շարունակող նորօրեայ հայը, այսօր թէ վաղը, երբ իր զաւակներուն հայեցի շունչ ու գաղափարական թռիչք կը ներարկէ, անպայման պիտի յիշէ եւ միշտ պիտի յիշեցնէ օրինակը Լիզպոնի Հինգին՝ իբրեւ յաւերժին մէջ արձագանգող պոռթկումը հայոց արդար ցասումին։

Ահա թէ ինչո՛ւ Յուլիս 27ին, ամէն տարի, հայ ժողովուրդը իր հոգիին խորը հոգեհանգստեան պաշտօն կը կատարէ եւ կը խոնարհի յիշատակին առջեւ Ազգի ու Հայրենիքի ազատութեան եւ անկախութեան բագինին զոհաբերուած Լիզպոնի Ողջակէզներուն՝ Արային, Վաչէին, Սիմոնին, Սեդրակին եւ Սագոյին։

Լիզպոնի Հինգին հետ մեր էութեան կենսուրախ մէկ բջիջը ողջակիզուեցաւ, որպէսզի իբրեւ ոգեշնչող անմար կրակ՝ իւրաքանչիւր հայու մէջ կռանէ կամքը եւ ուժը մինչեւ վերջին շունչ պայքարելու պատրաստակամութեան՝ ընդդէմ համակերպումի եւ պարտուողականութեան, յուսալքումի եւ անձնատուութեան ամէն կարգի փորձութեանց,

Մինչեւ յաղթական ու հերոսական նուաճումը Հայաստանի եւ Հայութեան ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ։

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆՅուշատետր27 Յուլիս 1983.Լիզպոնի Հինգին գերագոյն զոհաբերումը` Հայ Դատի ուժական պայքարի բագինինՆ….

Posted by Nazareth Berberian on Monday, July 27, 2020
    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *