20 C
Yerevan

«Կուսակցութիւննե­րը (բացի Սոցիալ յեղա­փո­խա­կաննե­րէն) պոյքո­թե­ցին ընտրութիւննե­րը: Այս արդէն մեծա­գոյն հարուածն էր մինչ այդ ինքզինք ժողովրդա­վա­րա­կան մոտե­լով յառաջ ընթա­ցող նկա­տած համա­կարգին…»

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Ն․ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Բարի լոյս՝ ազատ ու անկախ Հայաստա­նի, անոր հանրա­պե­տա­կան ժողովրդա­վա­րութեան եւ հայ ժողո­վուրդի ազգա­յին պետա­կա­նութեան հզօ­րացման առա­ջադրանքնե­րով ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ հարթող հայ քաղա­քա­կան մտքի ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՋԱՀԱԿԻՐՆԵՐՈՒՆ։Բարի լոյս՝ Հայաստա­նի եւ Հայութեան խորհրդա­րա­նա­կան առա­ջին ընտրութեանց պատմա­կերտ ԱՒԱՆԴին, որ իր բոլոր ճեղքե­րով, հակա­սութիւննե­րով եւ ոչ-ժողովրդա­վա­րա­կան դրսեւո­րումնե­րով հանդերձ՝ Ազգի ու Հայրե­նի­քի ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԻՆ հունաւո­րող կենսա­կան դասեր կը յուշէ հայոց ապրող սերունդներուն։«Ասպարէզ»ի 24 Մայիս 2018ի համա­րով, Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան 100ամեակին նուի­րուած հրա­պա­րա­կումնե­րու շարքին, դոկտ․ ԿԱՐԱՊԵՏ Գ․ ՄՈՄՃԵԱՆ լոյս ընծա­յած է «Կուսակցութիւննե­րը, Միջ-կուսակցա­կան Յարա­բե­րութիւննե­րը Եւ Խորհրդա­րա­նի Մթնո­լորտը Հայաստա­նի Ա. Հանրա­պե­տութեան Ժամա­նա­կաշրջա­նին՝ 1918–1920» խորագրով յօդուած մը, ուր պատմա­բա­նի առարկա­յա­կան մօտե­ցումով արժեւո­րումը կը կատա­րէ ընդհանրա­պէս նորաստեղծ Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան ներքին հոլո­վոյթին՝ այդ ծիրէն ներս կեդրո­նա­նա­լով նաեւ 23 Յունիս 1919ի խորհրդա­րա­նա­կան ընտրութիւննե­րուն վրայ։Բարի լոյս՝ 28 Մայիս 1918ին հռչա­կուած Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան, որ ազգա­յին-կուսակցա­կան համե­րաշխութեամբ կրցաւ դաշնակցա­կան Յովհաննէս Քաջազնունիի վարչա­պե­տութեամբ կեանքի կոչել համա­խո­հա­կան կառա­վա­րութիւն մը, ուր Դաշնակցութիւնը բացարձակ մեծա­մասնութիւն չունէր։ Բայց ինչպէս որ յիշեալ յօդուա­ծէն կատա­րուած վերեւի մէջբե­րումը դիտել կու տայ, տարի մը ետք այդ համա­խո­հութիւնը ոչ միայն պառակտուե­ցաւ, այլեւ կուսակցութիւններ պոյքո­թի ենթարկե­ցին 1919ի խորհրդա­րա­նա­կան ընտրութիւննե­րը։ Փաստօ­րէն՝ «Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան խորհրդա­րա­նը կը դառնար միա­կուսակցա­կան միաւոր»:101 տարի անցած է այդ ժամա­նա­կաշրջա­նէն ասդին։ Իր ատե­նին՝ հայ ժողո­վուրդը հրաշք գործեց ոչ միայն անկախ հայրե­նիք եւ ժողովրդա­յին հանրա­պե­տութիւն կերտե­լու իր խոյանքով, այլեւ իր մանուկ պետա­կա­նութիւնը ժողովրդա­վա­րա­կան աւանդով սնուցա­նե­լու ուղղութեամբ կարեւոր քայլեր նետելով։Յօդուածագրին եզրա­կա­ցութիւնը այսօ­րուան մեր խոկումին հումք է՝«Այս ինքնին բարա­ցուցա­կան է ու պէտք է հիմնա­կան դասեր քաղել անկէ: Դժբախտա­բար, իբրեւ ժողո­վուրդ, այդ մէկը չկա­տա­րե­ցինք, ու անի­կա պատճառ դարձաւ, որ նմա­նօ­րի­նակ գործե­լա­ձեւեր ի յայտ գան Հայաստա­նի երրորդ Հանրա­պե­տութեան ժամա­նա­կաշրջա­նին (յոյսով ենք, որ այսօր հոն տեղի ունե­ցա­ծը նոր սկիզբ մը կը դնէ իսկա­կան ժողովրդա­վա­րութեան կիրառման ու ամրապնդման համար)»:Երկու տարուան ժամա­նա­կա­մի­ջո­ցը կրնայ բաւա­րար չըլլալ այդ առումով վճռա­կան եզրա­յանգումի համար, բայց վստա­հա­բար բաւա­րար կենսա­փորձ է համո­զուե­լու, որ հայ ժողո­վուրդը ՏԷՐ Է իր սեփա­կան ՊԵՏԱԿԱՆ ՏՈՒՆը ժողովրդա­վա­րա­կան ճանա­պարհով մաքրե­լու եւ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԿԱՄՔով հզօ­րացնե­լու ՄԱՐՏՈՒՆԱԿ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ։

https://www.facebook.com/nazaretberberian/posts/3189863411104611

Առնչվող Հոդվածներ