Բարի Լոյս

«Կուսակցութիւնները (բացի Սոցիալ յեղափոխականներէն) պոյքոթեցին ընտրութիւնները: Այս արդէն մեծագոյն հարուածն էր մինչ այդ ինքզինք ժողովրդավարական մոտելով յառաջ ընթացող նկատած համակարգին…»

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Ն․ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Բարի լոյս՝ ազատ ու անկախ Հայաստանի, անոր հանրապետական ժողովրդավարութեան եւ հայ ժողովուրդի ազգային պետականութեան հզօրացման առաջադրանքներով ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ հարթող հայ քաղաքական մտքի ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՋԱՀԱԿԻՐՆԵՐՈՒՆ։Բարի լոյս՝ Հայաստանի եւ Հայութեան խորհրդարանական առաջին ընտրութեանց պատմակերտ ԱՒԱՆԴին, որ իր բոլոր ճեղքերով, հակասութիւններով եւ ոչ-ժողովրդավարական դրսեւորումներով հանդերձ՝ Ազգի ու Հայրենիքի ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԻՆ հունաւորող կենսական դասեր կը յուշէ հայոց ապրող սերունդներուն։«Ասպարէզ»ի 24 Մայիս 2018ի համարով, Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակին նուիրուած հրապարակումներու շարքին, դոկտ․ ԿԱՐԱՊԵՏ Գ․ ՄՈՄՃԵԱՆ լոյս ընծայած է «Կուսակցութիւնները, Միջ-կուսակցական Յարաբերութիւնները Եւ Խորհրդարանի Մթնոլորտը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Ժամանակաշրջանին՝ 1918-1920» խորագրով յօդուած մը, ուր պատմաբանի առարկայական մօտեցումով արժեւորումը կը կատարէ ընդհանրապէս նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին հոլովոյթին՝ այդ ծիրէն ներս կեդրոնանալով նաեւ 23 Յունիս 1919ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն վրայ։Բարի լոյս՝ 28 Մայիս 1918ին հռչակուած Հայաստանի Հանրապետութեան, որ ազգային-կուսակցական համերաշխութեամբ կրցաւ դաշնակցական Յովհաննէս Քաջազնունիի վարչապետութեամբ կեանքի կոչել համախոհական կառավարութիւն մը, ուր Դաշնակցութիւնը բացարձակ մեծամասնութիւն չունէր։ Բայց ինչպէս որ յիշեալ յօդուածէն կատարուած վերեւի մէջբերումը դիտել կու տայ, տարի մը ետք այդ համախոհութիւնը ոչ միայն պառակտուեցաւ, այլեւ կուսակցութիւններ պոյքոթի ենթարկեցին 1919ի խորհրդարանական ընտրութիւնները։ Փաստօրէն՝ «Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանը կը դառնար միակուսակցական միաւոր»:101 տարի անցած է այդ ժամանակաշրջանէն ասդին։ Իր ատենին՝ հայ ժողովուրդը հրաշք գործեց ոչ միայն անկախ հայրենիք եւ ժողովրդային հանրապետութիւն կերտելու իր խոյանքով, այլեւ իր մանուկ պետականութիւնը ժողովրդավարական աւանդով սնուցանելու ուղղութեամբ կարեւոր քայլեր նետելով։Յօդուածագրին եզրակացութիւնը այսօրուան մեր խոկումին հումք է՝«Այս ինքնին բարացուցական է ու պէտք է հիմնական դասեր քաղել անկէ: Դժբախտաբար, իբրեւ ժողովուրդ, այդ մէկը չկատարեցինք, ու անիկա պատճառ դարձաւ, որ նմանօրինակ գործելաձեւեր ի յայտ գան Հայաստանի երրորդ Հանրապետութեան ժամանակաշրջանին (յոյսով ենք, որ այսօր հոն տեղի ունեցածը նոր սկիզբ մը կը դնէ իսկական ժողովրդավարութեան կիրառման ու ամրապնդման համար)»:Երկու տարուան ժամանակամիջոցը կրնայ բաւարար չըլլալ այդ առումով վճռական եզրայանգումի համար, բայց վստահաբար բաւարար կենսափորձ է համոզուելու, որ հայ ժողովուրդը ՏԷՐ Է իր սեփական ՊԵՏԱԿԱՆ ՏՈՒՆը ժողովրդավարական ճանապարհով մաքրելու եւ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԿԱՄՔով հզօրացնելու ՄԱՐՏՈՒՆԱԿ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ։

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆԲարի լոյս«Կուսակցութիւնները (բացի Սոցիալ յեղափոխականներէն) պոյքոթեցին ընտրութիւնները: Այս արդէն մեծագոյն…

Posted by Nazareth Berberian on Tuesday, June 23, 2020
    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *