24.7 C
Yerevan

«Իր բովանդակ կեանքին մէջ ան չհե­ռա­ցաւ իր սկզբնա­կան ուխտէն․ հայ ժողո­վուրդի հանդէպ անսահման սէրն էր այդ․ ան մարդը չի շեղեցներ․․․»

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

Ն․ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Բարի լոյս՝ հայ ժողո­վուրդի հազա­րա­մեակնե­րու երթը հոգեմտաւոր լոյսով առաջնորդած ԳԱՂԱՓԱՐԱՊԱՇՏ ԱՆՄԱՀՆԵՐՈՒՆ, աշխարհա­կաններ ըլլան անոնք թէ հոգեւո­րա­կաններ, ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ մեր ՈՅԺն ու ԿԱՄՔը ջրդե­ղած Արի Այրեր ըլլան անոնք թէ Տիկնայք Փափկա­սուն։

Բարի լոյս՝ ԳԱՐԵԳԻՆ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՏՐԱՊԻԶՈՆԻ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ անուն-ազգա­նունով ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԵՐՈՒ համաստե­ղութեան մէջ իր փայլուն աստղը նուա­ճած Հայ Հոգեւո­րա­կա­նին՝ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքին, որ Յունիս 22ի այս օրը, 59 տարի առաջ, վախճա­նե­ցաւ Պոլսոյ Բերա­յի «Ս. Երրորդութիւն» եկե­ղեցւոյ մէջ Սուրբ Պատա­րագ մատուցած պահուն։

Բարի լոյս՝ հայոց սերունդնե­րուն ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏԱ­ՄՈՒՆՔը սերմա­նե­լու եւ, յատկապէ՛ս, ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՀՕՏին արժա­նաւո­րա­պէս ծառա­յե­լու ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ մատնանշող Գարե­գին Տրա­պի­զոնցիին, որուն նուի­րուած իր մենագրութեան մէջ Հայ Մտքի ՋԱՀԱԿԻՐՆԵՐԷՆ Յ․ Ճ․ Սիրունի ատե­նին վկա­յած էր․

*

* *

«Ան իսկա­կան հովիւ մը եղաւ, այս բառին ամէ­նէն ազնիւ իմաստո­վը։

«Ան եղբայրն եղաւ իր հօտին, այս բառին ամէ­նէն ազնիւ իմաստո­վը դարձեալ։

«Հօտը, իրեն համար, գուրգուրանքի բոյն մըն էր միայն, ընտա­նե­կան օճախ մը, եւ ոչ թէ անա­սուննե­րու կոյր նախիր մը, զոր ուզած կողմդ կը քշես։

«Ինքն իսկ կը գանի հոգեւո­րա­կաննե­րու այն դասէն, որ իր հօտը տխմարնե­րու երա­մակ մը կը կարծէ եւ ինքզինքը անոր միա­հե­ծան տէրը։

«Նոր ժամա­նակնե­րու յատուկ թիւրի­մա­ցութիւն մը,- կ՚ըսէ ան,- հին արժէքնե­րու սխալ վերագնա­հա­տութեամբ, աւե­տա­րա­նա­կան «հօտ» բացատրութեան մէջ, այնքան նկա­րա­գեղ, կը սիրէ տեսնել ոչխա­րա­յին անմտութիւն մը, անբա­նութիւն մը, զոր «հոգեւոր հովիւներ» կը ջանան օգտա­գործել չարա­շա­հութեամբ։ Կանխա­կալ կարծիքնե­րով նախա­պա­շա­րուած ու կուրա­ցած մտքի յաճա­խա­դէպ մոլո­րանքն է այս» («Աշխարհի լոյսն ի Հայս», Ա․ հատոր, էջ 215)։

«․․․

«Ան հեռու մնաց ամէն տեսակ վէճե­րէ շրջա­նի մը, երբ հայ ժողո­վուրդը չկրցաւ պաղա­րիւն պահել իր գործիչնե­րը եւ երբ քիչե­րը կրցան չթաթխուիլ կիրքի մէջ։ Դժուար էր ալիքնե­րուն խաղա­լիք չըլլալ, երբ ալե­կոծ էր բովանդակ ծովը։

«Գարե­գին Պատրիարք կրցաւ անվնաս ու անվթար անցնիլ փոթո­րիկնե­րուն մէջէն։ Ու պէտք է ըսել, որ փոթո­րիկներ անպա­կաս էին հաեւ իր շուրջը։ Իր մեղմ բնաւո­րութիւնը իր ուժը կազմեց։

Իր սեփա­կան համո­զումներն ունե­ցաւ վէճե­րուն ատեն, բայց երբեք կողմ չդարձաւ։

«․․․

«Գարե­գին Տրա­պի­զոնցին, ճիշդ է, ինքզինք երբեք չհերքեց իր հիմնա­կան գաղա­փարնե­րուն մէջ․ բայց անոնցմէ շատե­րը արծարծուած չենք գտներ յետոյ՝ առա­ջին օրե­րու իրենց ջերմութեամբը։

«Տրա­պի­զոնցին իր բովանդակ կեանքին մէջ չհե­ռա­ցաւ իր սկզբնա­կան ուխտէն․ հայ ժողո­վուրդի հանդէպ անսահման սէրն էր այդ․ ան մարդը չի շեղեցներ»․․․

Աղբիւր՝ Յ․Ճ․ ՍԻՐՈՒՆԻ, «Գարե­գին Պատրիարք Խաչա­տուրեան», «ԷՋՄԻԱԾԻՆ» Ամսա­գիր, 1961։

Յղում՝

*

http://echmiadzin.asj-oa.am/3662/1/79.pdf

* *

Բարի լոյս՝ Ազգի եւ Հայրե­նի­քի «ՀՕՏ»ին՝ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ եւ «ՀՈՎԻՒ»ին՝ ՂԵԿԱՎԱՐԻՆ գաղա­փա­րա­կան հոգե­հա­րա­զատ ընկա­լումը, ԽՈՐՀՈՒՐԴն ու ԿԱՐԵՒՈ­ՐՈՒԹԻՒՆը հայոց սերունդնե­րու հոգեմտաւոր կազմաւորման հիմքին արմա­տաւո­րած ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ։

Հայաշխարհով մէկ շրջած ու ԾԱՌԱՅԱԾ Գարե­գին Տրա­պի­զոնցին իր ժողո­վուրդը ՍԻՐԵԼՈՎ, իր հօտին մէջ իր հարա­զատ բոյնը գտնե­լով եւ անոր սրտին ու մտքին բազկե­րա­կով ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ հարթե­լով ՊԱՏԳԱՄԵՑ մեր սերունդնե­րուն, որ սեփա­կան ժողո­վուրդի հօտին ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԵԱՆ մէջ կը գտնուի ԵՐԱՇԽԻՔԸ ամէն կարգի ՇԵՂՈՒՄՆԵՐԷ պաշտպա­նուե­լու ՄԱՐՏՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՆ։

Սեփա­կան ժողո­վուրդի մերօ­րեայ յեղա­փո­խա­կան պոռթկումին մէջ ԱՄԲՈ­ԽԱ­ՎԱ­Րի իրենց ՉԱՐԱՇԱՀՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՎԱԽՃԱՆԸ տեսնող եւ իրենց ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԹՇՈՒԱՌՈՒԹԵԱՆ հիւանդա­գին խուճա­պին մատնուած մերօ­րեայ ՓԱՌՔԻ ՎԱՇԽԱՌՈՒՆԵՐԸ ի զուր կը թփրտան՝ փետտուած հաւու նման։

Իրաւամբ՝ վա՜յ անոր՝ որ «իր հօտը տխմարնե­րու երա­մակ մը կը կարծէ եւ ինքզինքը անոր միա­հե­ծան տէրը»։

Առնչվող Հոդվածներ