24.7 C
Yerevan

ՎԱՀԱՆ ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ․- «Եթէ մի օր փորձեն, ու փորձեն դրսից կամ ներսից թաղել Դաշնակցութիւնը, ապա ազա­տա­տենչ հայ ժողո­վուրդը ցաւի ու տառա­պանքի մի այնպի­սի ահարկու ճիչ պիտի արձա­կի, որ նորից, իր ամբողջ յաղթ կեցուածքով, Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը յարութիւն պիտի առնի»

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

Ն․ Պէրպէ­րեան

Բարի լոյս՝ Քրիստո­սի քարո­զած հաւատքի երկիւղա­ծութեամբ ապրողնե­րուն, որոնց համար ՀԱՒԱՏՔը իրենց ԻՆՔՆԱՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ԱՆԽՈՑԵԼԻ ԶՐԱՀն է եւ որոնք ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼԻ ՋԵՐՄԵՌԱՆԴՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ՓԱՐԻՆ իրենց դաւա­նած ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԻՆ։

Բարի լոյս՝ այն բոլոր ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ, որոնք իրենց ընտրած եւ անդա­մակցած ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ մէջ — եւ անոր ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԿԱՆ ԱՆՕԹԷՆ անդին — կ՚արժեւորեն ու կը սրբա­գործեն սեփա­կան ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԾԱՌԱՅԵԼՈՒ ԴԱՒԱ­ՆԱՆՔը։

Յունիս 24ի այս օրը, 1956 թուա­կա­նին, Գահի­րէի մէջ վախճա­նե­ցաւ հայոց արծուե­բոյն ՇՈՒՇԻի ծնունդ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԵԾ ՀՍԿԱՆ՝ աւե­լի քան երեք տասնա­մեակ տարա­գիր հայութեան ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԱՒԻՇ հասցուցած եւ առաջնորդած ՎԱՀԱՆ ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ, որուն կեանքն ու գործքը համա­ռօտ ներկա­յա­ցուած են Յուշա­տետրի այսօ­րուան փոստով։

Բարի լոյս՝ հայ քաղա­քա­կան միտքը արդէն շուրջ հարիւր տարիէ ի վեր յուզող մեծ հարցա­կա­նին՝ «Հ. Յ. Դաշնակցութեան անե­լի­քը» ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆ ՈՐՈՆՈՂ գաղա­փա­րի ջահա­կիրնե­րուն, որոնց յառա­ջա­պահ դրօ­շա­կիրնե­րէն եղաւ Վահան Նաւա­սարդեան՝ 1924ին Գահի­րէի մէջ լոյս տեսած եւ այդպէ՛ս՝ «Հ. Յ. Դաշնակցութեան անե­լի­քը» խորագրուած գրքոյկով։

Բարի լոյս՝ Հայ Յեղա­փո­խա­կան Շարժման եւ Ազատ ու Անկախ Հայաստա­նի ՄԵԾ ՏԵՍԼԱ­ԿԱ­Նի բոցա­շունչ ՊԱՏԳԱՄԱԲԵՐԻՆ, որ մեր սերունդնե­րուն սորվե­ցուց Հ. Յ. Դաշնակցութեան մէջ կուսակցութե­նէ մը ԱՒԵԼԻՆ՝ նոյնինքն ՀԱՅ ԺՈՂՈ­ՎՈՒՐԴը յայտնա­գործե­լու ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ՅՍՏԱ­ԿԱ­ՏԵ­ՍՈՒԹԻՒՆը։

*

* *

Ով որ մկրտուած չէ նաւա­սարդեաննե­րու ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ՏԱՃԱՐԻՆ մէջ՝ ան ի վիճա­կի չէ լիարժէք հասկնա­լու եւ ներշնչուե­լու հետեւող վկա­յութեան հիմք ծառա­յող Առիւծին եւ անոր Կորիւնին առասպե­լա­տիպ ԿՏԱԿԷՆ։

Մանաւանդ ի վիճա­կի չէ հաղորդուե­լու ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ բառին մէջ խտա­ցած եւ նուի­րա­գործուած ԳԱՂԱ­ՓԱ­Րին — եւ ոչ թէ ԿԱՂԱ­ՊԱ­Րին — անկորնչե­լի ԽՈՐՀՈՒՐԴով՝ ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ հունաւո­րող հայ ժողո­վուրդին համար ՄԱՀ ԿԱՄ ԱԶԱ­ՏՈՒԹԻՒն ընտրած ԱՆՁՆՈՒՐԱՑՆԵՐՈՒ ԱՒԱՆԴով։

Բարի լոյս՝ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՆԵ­ԼԻ­Քը հայ քաղա­քա­կան մտքի օրա­կարգին վրայ պահող ԱՆՄԱՀՆԵՐՈՒ ԿՈՉԻՆ․

«Ֆրանսիա­կան ընկե­րա­բան Լեթուրնոն, ծառա­նա­լով այն գիտուննե­րի դէմ, որոնք ժխտում են ընկե­րա­բա­նութիւնը, իբրեւ ուրոյն գիտա­կան դիսցիպլին ու առարկայ, վերյի­շում է իտա­լա­կան ժողովրդի մէկ յուզիչ առասպել առիւծնե­րի կեանքից:

«Երբ առիւծը երկունքով ծնում է իր կորիւնը,- ասում է իտա­լա­ցին,- ու դեռ ցաւե­րի մէջ շրջում է՝ մայրա­կան իր առա­ջին փաղաքշանքը տալու զաւա­կին, նա, առջեւը գտնե­լով անշնչա­ցած մարմինն իր ծննդի, մի այնպի­սի մռնչիւն է արձա­կում՝ վշտի, ցաւի ու տառա­պանքի, խելա­գար կսկի­ծի մի այնպի­սի ահա­զանգով է պատում ամբողջ շրջա­պա­տը, որ անշնչա­ցած կորիւնը, իր մօր ճչի այս ահարկու ուժի տակ, վերստին կեանք է ստա­նում:

«Իմաստութիւն կա՛յ անշուշտ առասպե­լում:

«Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը այդ ինքը՝ հայ աշխա­տաւոր ու ազա­տա­տենչ ժողո­վուրդն է՝ «ոսկո­րը ոսկո­րից եւ արիւնը՝ արիւնից»:

«Նա ցաւե­րի, տառա­պանքնե­րի ու երկունքի մէջ ծնունդ առած հայ ժողովրդի կորիւնն է, որին ապրե­լու իրաւունքից անկա­րե­լի է զրկել առանց իր ծնող մայրը թաղե­լու:

«Ու մենք եւ ոչ մի կասկած չունենք, մենք համո­զուած ենք, մենք հաւա­տում ենք այդ բանին, որ եթէ մի օր փորձեն, ու փորձեն դրսից կամ ներսից թաղել Դաշնակցութիւնը, ապա ազա­տա­տենչ հայ ժողո­վուրդը ցաւի ու տառա­պանքի մի այնպի­սի ահարկու ճիչ պիտի արձա­կի, որ նորից, իր ամբողջ յաղթ կեցուածքով, Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը յարութիւն պիտի առնի»:

Առնչվող Հոդվածներ