Հայաշխարհ

Պէտք է օգնել նոր սերունդին

ԺԱՆ ԹԻԹԻԶԵԱՆ

Հայաստանի տագնապը մեզմէ շատերուն կը մտահոգէ Սփիւռքի մէջ, սակայն քիչերն են որ կ՚արտայայտուին։  Լռութիւնը, վատին մեղսակցութիւն կը նկատեմ։ Հեռուէն հետեւելով  Հայաստանի քաղաքական անց ու դարձին, կը հասկնամ թէ ինչո՞ւ ընդդիմութիւնը այսքան զայրացած կրնայ ըլլալ։

Համավարակը, Փաշինեանի հիւանդութիւնը, (մանաւանդ եթէ ան Մոսկուա երթար վերջերս), առիթներ են կամ պիտի ըլլային, յեղաշրջելու իշխանութիւնը, որպէսզի գողապետական նախկին համակարգի շահառուները կարենային իրենց թալանը պահել։ Տեսանք չէ՞ Ծառուկեանի պալատի զեխ հարստութիւնը։ Նախկինները, փողոցներն են ինկած իշխանութեան մասին չարախօսելով, արտաքին օժանդակութիւն փնտռելով,  որպէսզի կարողանան վերադառնալ ու վերահաստատել իրենց յատուկ եւ ապօրինի դրամական հսկայական հոսքը։ Զօրաշարժի դրած են իրենց բոլոր միջոցները։ Վերջերս օրէնք դարձած՝ $100,000 եւ աւելի ունեցող պաշտօնատար անձանց հաշիւներու քննութիւնը, սահմանադրական դատաւորներու պարտադիր փոփոխութիւնը, անշարժ գոյքի հարկի շուկայական յարմարեցումը, սահմանադրութեան ժողովրդավարական սկզբունքներով ամրագրելու իշխանութեան նպատակը վարակէն ետք, կը փակեն նախկին գողերու փախուստի ճամբաները։ Միամտութիւն է, սակայն, հակա-յեղափոխականներուն, սահմանադրական դատաւորներու պաշտպանութիւնը երբ այդ դատաւորները,  տասնամեակներ շարունակ, գիտակցաբար օրինականացուցած են բոլոր խարդախուած քուէարկութիւնները։

Քրեմլինի ամբողջատիրական ու «օթոգրադիկ» իշխանութիւնը չէ մարսած թաւշեայ յեղափոխութիւնը, կ՚ուզէ անոր ձախողութիւնը, որպէսզի Ռուսաստան չվարակուի նաեւ յեղափոխութեամբ։ Փաշինեանը շատ զգոյշ է այս հարցով ու կ՚ընէ ամեն բան, կանխելու համար Գիւմրի ու Երեւան հաստատուած, Ռուսական բանակին անմիջական միջամտութիւնը,  որուն անմիջական արդիւնքը գողապետութեան վերադարձը պիտի ըլլայ անկասկած։  Անշուշտ Ռուսերը այդ ծայրայեղ քայլէն առաջ, կ՚օգնեն «թալանչի»ներու ապատեղեկատուական օր ըստ օրէ սաստկացող գրոհին,  գազի գինը կը բարձրացնեն, փոխադրամիջոցներու դժուարութիւն կը յառաջացնեն,  բանակի մատակարարումը կը դանդաղեցնեն կամ նոյնիսկ Ադրբեջանով կը ճնշեն իշխանութեան վրայ։ Բայց իմ համոզումն  է, որ  2018-ի յեղափոխական սերունդը չընկրկիր ու Քրեմլինը հաշուի կը նստի ազատատենչ ու արդար պետութիւն կերտողներուն հետ։

Արեւմտեան ժողովրդավարութիւնը ու բարքերու մուտքը  Հայաստան հմայած է երիտասարդութիւնը, եւ անգլերէն լեզուի տիրապետումը անհրաժեշտ դարձած է կապուելու աշխարհի հետ, միջազգային գործարքները կատարելու համար։ Այս երեւոյթը կը մտահոգէ հին սերունդը ու մանաւանդ անոնց, որոնք կը կարծեն թէ Քրեմլինը պիտի կորսնցնէ իր հետաքրքրութիւնը հայաստանի նկատմամբ եւ այդ պատճառով իսկ պիտի մնանք անտէր՝ թրքական վտանգի առաջ։ Այս ռուսասէր հատուածը չ’անդրադառնար, որ 1828-ին ռուսերը Երեւանի շրջանը պարսիկներէն գրաւեցին իրե՛նց համար, այլ ոչ թէ հայկական պետականութիւնը վերականգնելու։ Նոյն այդ քաղաքականութիւնը կը շարունակուի անկէ ի վեր։ 

Յիշեցնե՞մ Եկեղեցական կալուածներու գրաւումը, Խանի ֆետայական խումբի ջարդը Երկիր մտնելու ատեն, Վանի նահանջը, Ղարաբաղի ու Նախիջեւանի յանձնումը Ազերիներուն , Արարատի փոխանակումը Պաթումով… Մեզի հարցուցի՞ն: Սեւրի դաշնագրի անկումը բոլշեւիկ-թուրք դաւադրութեամբ, Ստալինեան մաքրագործումը 1937-ին, 250,000 եւ աւելի զոհ՝ ռուսերու փրկութեան համար երկրորդ պատերազմին, 1949 ներգաղթողներու աքսորը դէպի Սիպիր, Շահումեանի եւ Գետաշէնի դատարկումը, Ապրիլեան պատերազմին արգելք չհանդիսանալը… շարունակե՞մ։

Նոր սերունդը հասկցած է ժողովրդավարութեան  իմաստը, կը պայքարի անոր ամրապնդման համար, սակայն անփորձ է։ Պէ՛տք է օգնել։ Մարդիկ կը յառաջդիմեն երբ առիթը ընծայուի (բeople rise to the occasion)։ Լուրջ է համավարակի վտանգը ու բոլոր կոչերը զայն դիմագրաւելու՝ իշխանութեան գլխաւոր մտահոգութիւնն է, սակայն նոյնքան եթէ ոչ աւելի կարեւոր է ազատ ու արդար պետութեան հիմերը անսասան պահելը։ Դատարանն ալ եթէ դառնայ մաքուր եւ արդար,  ինչը խորհրդարանը սկսաւ այս շաբաթ այդ ուղղութեամբ աշխատիլ,  ժողովուրդը կը սկսի վերջապէս շունչ մը քաշել։ 

Քիչ մը եւս պէ՛տք է համբերել։

Լոս Անճելըս
25- 6-2020

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *