24.7 C
Yerevan

Պէտք է օգնել նոր սերունդին

ԺԱՆ ԹԻԹԻԶԵԱՆ

Հայաստա­նի տագնա­պը մեզմէ շատե­րուն կը մտա­հո­գէ Սփիւռքի մէջ, սակայն քիչերն են որ կ՚արտայայտուին։  Լռութիւնը, վատին մեղսակցութիւն կը նկա­տեմ։ Հեռուէն հետեւե­լով  Հայաստա­նի քաղա­քա­կան անց ու դարձին, կը հասկնամ թէ ինչո՞ւ ընդդի­մութիւնը այսքան զայրա­ցած կրնայ ըլլալ։

Համա­վա­րա­կը, Փաշի­նեա­նի հիւանդութիւնը, (մանաւանդ եթէ ան Մոսկուա երթար վերջերս), առիթներ են կամ պիտի ըլլա­յին, յեղաշրջե­լու իշխա­նութիւնը, որպէսզի գողա­պե­տա­կան նախկին համա­կարգի շահա­ռունե­րը կարե­նա­յին իրենց թալա­նը պահել։ Տեսանք չէ՞ Ծառուկեա­նի պալա­տի զեխ հարստութիւնը։ Նախկիննե­րը, փողոցներն են ինկած իշխա­նութեան մասին չարա­խօ­սե­լով, արտա­քին օժանդա­կութիւն փնտռե­լով,  որպէսզի կարո­ղա­նան վերա­դառնալ ու վերա­հաստա­տել իրենց յատուկ եւ ապօ­րի­նի դրա­մա­կան հսկա­յա­կան հոսքը։ Զօրա­շարժի դրած են իրենց բոլոր միջոցնե­րը։ Վերջերս օրէնք դարձած՝ $100,000 եւ աւե­լի ունե­ցող պաշտօ­նա­տար անձանց հաշիւնե­րու քննութիւնը, սահմա­նադրա­կան դատաւորնե­րու պարտա­դիր փոփո­խութիւնը, անշարժ գոյքի հարկի շուկա­յա­կան յարմա­րե­ցումը, սահմա­նադրութեան ժողովրդա­վա­րա­կան սկզբունքնե­րով ամրագրե­լու իշխա­նութեան նպա­տա­կը վարա­կէն ետք, կը փակեն նախկին գողե­րու փախուստի ճամբա­նե­րը։ Միամտութիւն է, սակայն, հակա-յեղա­փո­խա­կաննե­րուն, սահմա­նադրա­կան դատաւորնե­րու պաշտպա­նութիւնը երբ այդ դատաւորնե­րը,  տասնա­մեակներ շարունակ, գիտակցա­բար օրի­նա­կա­նա­ցուցած են բոլոր խարդա­խուած քուէարկութիւննե­րը։

Քրեմլի­նի ամբողջա­տի­րա­կան ու «օթոգրա­դիկ» իշխա­նութիւնը չէ մարսած թաւշեայ յեղա­փո­խութիւնը, կ՚ուզէ անոր ձախո­ղութիւնը, որպէսզի Ռուսաստան չվա­րա­կուի նաեւ յեղա­փո­խութեամբ։ Փաշի­նեա­նը շատ զգոյշ է այս հարցով ու կ՚ընէ ամեն բան, կանխե­լու համար Գիւմրի ու Երեւան հաստա­տուած, Ռուսա­կան բանա­կին անմի­ջա­կան միջամտութիւնը,  որուն անմի­ջա­կան արդիւնքը գողա­պե­տութեան վերա­դարձը պիտի ըլլայ անկասկած։  Անշուշտ Ռուսե­րը այդ ծայրա­յեղ քայլէն առաջ, կ՚օգնեն «թալանչի»ներու ապա­տե­ղե­կա­տուա­կան օր ըստ օրէ սաստկա­ցող գրո­հին,  գազի գինը կը բարձրացնեն, փոխադրա­մի­ջոցնե­րու դժուա­րութիւն կը յառա­ջացնեն,  բանա­կի մատա­կա­րա­րումը կը դանդա­ղեցնեն կամ նոյնիսկ Ադրբե­ջա­նով կը ճնշեն իշխա­նութեան վրայ։ Բայց իմ համո­զումն  է, որ  2018‑ի յեղա­փո­խա­կան սերունդը չընկրկիր ու Քրեմլի­նը հաշուի կը նստի ազա­տա­տենչ ու արդար պետութիւն կերտողնե­րուն հետ։

Արեւմտեան ժողովրդա­վա­րութիւնը ու բարքե­րու մուտքը  Հայաստան հմա­յած է երի­տա­սարդութիւնը, եւ անգլե­րէն լեզուի տիրա­պե­տումը անհրա­ժեշտ դարձած է կապուե­լու աշխարհի հետ, միջազգա­յին գործարքնե­րը կատա­րե­լու համար։ Այս երեւոյթը կը մտա­հո­գէ հին սերունդը ու մանաւանդ անոնց, որոնք կը կարծեն թէ Քրեմլի­նը պիտի կորսնցնէ իր հետաքրքրութիւնը հայաստա­նի նկատմամբ եւ այդ պատճա­ռով իսկ պիտի մնանք անտէր՝ թրքա­կան վտանգի առաջ։ Այս ռուսա­սէր հատուա­ծը չ’անդրա­դառնար, որ 1828-ին ռուսե­րը Երեւա­նի շրջա­նը պարսիկնե­րէն գրաւե­ցին իրե՛նց համար, այլ ոչ թէ հայկա­կան պետա­կա­նութիւնը վերա­կանգնե­լու։ Նոյն այդ քաղա­քա­կա­նութիւնը կը շարունա­կուի անկէ ի վեր։ 

Յիշեցնե՞մ Եկե­ղե­ցա­կան կալուածնե­րու գրաւումը, Խանի ֆետա­յա­կան խումբի ջարդը Երկիր մտնե­լու ատեն, Վանի նահանջը, Ղարա­բա­ղի ու Նախի­ջեւա­նի յանձնումը Ազե­րի­նե­րուն , Արա­րա­տի փոխա­նա­կումը Պաթումով… Մեզի հարցուցի՞ն: Սեւրի դաշնագրի անկումը բոլշեւիկ-թուրք դաւադրութեամբ, Ստա­լի­նեան մաքրա­գործումը 1937-ին, 250,000 եւ աւե­լի զոհ՝ ռուսե­րու փրկութեան համար երկրորդ պատե­րազմին, 1949 ներգաղթողնե­րու աքսո­րը դէպի Սիպիր, Շահումեա­նի եւ Գետա­շէ­նի դատարկումը, Ապրի­լեան պատե­րազմին արգելք չհանդի­սա­նա­լը… շարունակե՞մ։

Նոր սերունդը հասկցած է ժողովրդա­վա­րութեան  իմաստը, կը պայքա­րի անոր ամրապնդման համար, սակայն անփորձ է։ Պէ՛տք է օգնել։ Մարդիկ կը յառաջդի­մեն երբ առի­թը ընծա­յուի (բeople rise to the occasion)։ Լուրջ է համա­վա­րա­կի վտանգը ու բոլոր կոչե­րը զայն դիմագրաւե­լու՝ իշխա­նութեան գլխաւոր մտա­հո­գութիւնն է, սակայն նոյնքան եթէ ոչ աւե­լի կարեւոր է ազատ ու արդար պետութեան հիմե­րը անսա­սան պահե­լը։ Դատա­րանն ալ եթէ դառնայ մաքուր եւ արդար,  ինչը խորհրդա­րա­նը սկսաւ այս շաբաթ այդ ուղղութեամբ աշխա­տիլ,  ժողո­վուրդը կը սկսի վերջա­պէս շունչ մը քաշել։ 

Քիչ մը եւս պէ՛տք է համբե­րել։

Լոս Անճե­լըս
25- 6–2020

Առնչվող Հոդվածներ