ԽԱԺԱԿ ԱՅՆԹԱՊՅԱՆ
Ճամբան քալած ատենս փողոցին մէկ անկիւնը արտասովոր բան մը նկատեցի, որ ձուկի պէս կը թփրտար ու տարօրինակ ձայներ կը հանէր ։ Մօտեցայ ու տեսայ թէ մարդկային լեզու մըն է ։ Ականջ դրի բայց խօսածէն բան չհասկցայ։ Սկիզբը անգլերէն է կարծեցի յետոյ ֆրանսերէնի նմանցուցի։ Քիչ մը լսելէ ետք գերմաներէն կամ իտալերէն է ենթադրեցի բայց երբ ականջներս լայն բացի զարմանքով նկատեցի թէ հայերէն կը խօսի։ Փորձեցի օգնել, հետը զրուցել…. Խօսածը թէեւ հայերէն էր, բայց բան չէր հասկցուէր ։ Մտածեցի թէ լեզուն առանց ուղեղի ինչ իմաստ ունի ու գրպանէս թաշկինակ մը հանելով , լեզուն գետնէն վերցուցի , ազգային դարմանատունս գացի ու ձեւով մը զայն իմ ուղեղիս կապեցի։ Յետոյ դուրս ելայ, փողոց իջայ ու անցորդներէն մէկուն բարեւ մը տալ փորձեցի … Յանկարծ գիտէ՞ք ինչ եղաւ… Բարեւի տեղ բերնէս հայհոյանք մը դուրս թռաւ… Այս ինչ Խայտառակութիւն էր… Անմիջապէս ներողութիւն խնդրել ուզեցի սակայն այս անգամ ալ շան պէս հաջեցի։ Բոլորը ծուռ ծուռ ինծի նայեցան , յետոյ վրաս խնդալու սկսան ։ Իմ լեզուիս բերած գլխացաւը կարծես ինծի չէր բաւեր հիմա ալ այս փորձանքը պակաս էր…Արագ մը կծիկս դրի ու լեղապատառ տուն վազեցի ։ Կնիկս հազիւ դուռը բացաւ , չեմ գիտեր այս անգամ բերնէս ինչ դուրս թռաւ… կնիկս այնքան ուժգին ապտակ մը զարկաւ որ լեզուն բերնէս դուրս ինկաւ…
Ապտակը փրկարար դեր ունեցաւ։ Հանգստացած շունչ մը առի , անմիջապէս լեզուն տարի ու փողոցին նոյն անկիւնը դրի ։ Եթէ ձեզմէ մէկը այս լեզուին տէրը գիտէ , թող գայ առնէ ու տանի զայն անոր յանձնէ , Նախքան ուրիշ մէկուն գլխուն ալ փորձանք մը բերէ ։
Չեմ գիտեր թէ մարդ իր լեզուն ուրիշին ուղեղին կապելով ինչ հաճոյք կ’առնէ բայց երբ ուրիշին լեզուն քու ուղեղիդ կապուած է հաւատացէք շատ տհաճ բան է , նախ դիմացինը կը զայրացնես յետոյ ծիծաղ կը պատճառես իսկ վերջաւորութեան եթէ ինծի պէս բախտաւոր ես, փրկարար ապտակ մը կ’ուտես , այլապէս քացի մը կ’ուտես ու լեզուն կը կլլես ։