սոց ցանց

Ի ԽՈՐՈՑ ՍՐՏԻ ԽՕՍՔ ԸՆԴ ՏԻԿԻՆ ՆԱՅԻՐԱ ԶՕՀՐԱՊԵԱՆ

ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԱՆ

Երէկ Հ1ով կը դիտէի Ազգային Ժողովի նիստը, ուր գզխաւոր դատախազութիւնը դիմում ներկայացուցած էր ԲՀԿի առաջնորդ երեսփոխան Գագիկ Ծառուկեանը զրկելու անձեռնմխելիութենէ: Բնականաբար ԲՀԿի պատգամաւորները պիտի պաշտպանէին իրենց առաջնորդ-գործընկերոջ։ Հասկնալի է։ Բայց ինծի ընդվզեցուց Տիկին Նայիրա Զօհրապեան ելոյթի այն մասը, երբ ան ամպագոռգոռ ոճով սպառնաց եւրոպական դատարան դիմել, արդարութիւնը վերահաստատելու։ Տիկին Զօհրապեան, Նախ պէտք երկու հաստատում-ճշդումներ կատարել։ Առաջին. 2018 մայիսին համաժողովրդային շարժումին իբրեւ արդիւնք ձեւաւորուած երկիրի իշխանութիւնը, երկու տարի է անողոք պայքար կը մղէ օլիգարխիայի դէմ եւ այդ նախկին օլիգարխիայի կարկառուն դէմքերէն շատերու դէմ քրէական գործեր յարուցուած են. Ռոպերթ Քոչարեան, Մանուէլ Գրիգորեան, Միհրան Պօղոսեան, Սաշիկ Սարգիսեան եւ զաւակունք, Գագիկ Խաչատրեան եւ զաւակունք, Սուրիկ Խաչատրեան եւ տակաւին ցանկը կարելի է շատ երկարել։ Երկրորդ. երկրագունդի վրայ կա՞յ հայ մարդ մը, որ խղճմտանքի նուազագոյն նշոյլ եթէ ունի կրնայ կասկածիլ թէ Գագիկ Ծառուկեանը օլիգարխ է։ Այս իրականութիւնները գիտնալէ ետք Տիկին Զօհրապեան պիտի դիմէք եւրոպական արդարութեան։ Եւրոպական ո՞ր արդարութեան, տիկին Զօհրապեան. Այն արդարութեան, որ 1915ին նոյն այդ եւրոպացիները ուղղակի եւ անուղղակի մասնակից եղան արեւմտահայաստանի բնակչութեան կէսին բնաջնջումին եւ միւս կէսին ալ անապատներ տարագրումին։ Ու մինչեւ օրս արդէն 105 տարի է լուռ կը մնան մեր հաւաքական իրաւունքներուն դիմաց եւ երբեմն միայն երկդիմի կեցուածքներ կամ յայտարարութիւններ կը կատարեն։ Այն արդարութեան, որ 1918ին համաշխարհային պատերազմին պարտուած իրենց թշնամի Թուրքիոյ շունչ ու կեանք տուին մինչ իրենց «փոքր դաշնակիցը» լքեցին ու նոյնիսկ իրենց ստորագրած Սեւրի պայմանագիրէն (որուն 100ամեակը քանի մը շաբաթ յետոյ է) հրաժարեցան ու յետոյ Լօզանի մէջ բառացիօրէն ծախեցին մեր իրաւուքները։ Այն արդարութեան, որ 30 տարի է Արցախի գծով մեր պատմական անժամանցելի իրաւունքները կ՛անգիտանան ու ժողովուրդներու իրաւունքները յօդս կը ցնդին, որովհետեւ անոնց ուղեղներու բջիջներուն աւելի շատ ախորժելի կը թուի ատրպէյճանական քարիւղի հոտը քան մարդկային արժէքները։ Այն արդարութեան, որ այսօր Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի երկիրներու ժողովուրդներուն դէմ կը կատարուի տնտեսական, ֆիզիքական եւ բարոյական սպանդ, պարզապէս այդ երկիրներուն հարստութիւնները կողոպտելու ու իրենց չյագեցող ախորժակը բաւարարելու։ Երկար տարիներ պատգամաւոր էք Տիկին Զօհրապեան ու չէ՞ք հասկցած պատմութեան հոլովոյթը, որ Մեծն Մակեդոնացիէն սկսեալ Եւրոպան տարբեր դարաշրջաններու, այլեւայլ նշանախօսքերու տակ միջամտած է երկիրներու ներքին կեանքին, որպէսզի անոնք չկազմակերպուին, չհզօրանան ու այդ երկիրներու ժողովուրդներու կեղեքումն ու հարստութիւններու իրենց ալան-թալանը անարգել շարունակեն։ Երկար տարիներ պատգամաւոր էք Տիկին Զօհրապեան ու այս բոլորը եթէ չէք հասկցած, աւելի ճիշդ կ՛ընէիք եթէ հեռանայիք քաղաքական կեանքէն ու զբաղէիք տանտիկինութեամբ։ Միգուցէ Հայ ժողովուրդին աւելի օգտակար ըլլայիք։ Տիկին Զօհրապեան:

1915 ցեղասպանութեան նահատակ գրող Ռուբէն Սեւակ կ՛ըսէ. «Եւրոպա՜ն, այդ դիւանագէտ պոռնիկը ոսկի կը ցանէ, որպէսզի բոզութիւն հնձէ»։

Պատմութեան խորերը թափառելու եւ պրպտելու կարիք չկայ օրինակներ բերելու, թէ տարբեր ժամանակներու ձեր նման հայանուններ ինչ աւերիչ դերակատարութիւն ունեցած են ու պատճառ դարձած մեր պետականութիւններուն կործանման։ Ներկայ Հայաստանը իրաւական եւ քաղաքական յաջորդը ըլլալով Առաջին Հանրապետութեան, զուգահեռներ տեսնենք ճիշդ հարիւր տարի առաջ պատահած դէպքերուն հետ։ 1920 մայիսին, Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ դրդումով Հայաստանի թուրք-թաթար ազգաբնակչութիւնը ապստամբեցաւ։ Հայ համայնավարները, հիւսիսէն փչած համաշխարհային սոցիալիստական կեղծ գաղափարներով տոգորուած, ձեր նման մատ թափահարեցին անկախ Հայաստանի կառավարութեան դէմ, թէ կարմիր բանակի 11րդ զօրամասը պէտք է մտնէ Հայաստան, որպէսզի իրենց թուրք ու թաթար «եղբայրներ»ը ապահով զգան ու հայ գիւղացիութիւնն ու բանուորութիւնը տիրանան իրենց իրաւունքներուն։ Դժբախտաբար քանի մը ամիս ետք յաջողեցան վերացնել մեր երկիրի անկախութիւնը։ 100 տարուան հեռաւորութեան վրայ, ի՞նչ տարբերութիւն կայ Տիկին Զօհրապեան, ձեր եւ 1920ի հայ համայնավարներուն միջեւ։ Ո՜չ մէկ տարբերութիւն։

Ի ԽՈՐՈՑ ՍՐՏԻ ԽՕՍՔ ԸՆԴ ՏԻԿԻՆ ՆԱՅԻՐԱ ԶՕՀՐԱՊԵԱՆԵրէկ Հ1ով կը դիտէի Ազգային Ժողովի նիստը, ուր գզխաւոր դատախազութիւնը…

Posted by Kevork Toroyan on Wednesday, June 17, 2020
    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *