14.7 C
Yerevan

ԵՐԲ ԼԵԶՈՒՆ ԿԸ ԿԱՊՈՒԻ ՈՒՐԻՇԻ ՈՒՂԵՂԻՆ …

ԽԱԺԱԿ ԱՅՆԹԱՊՅԱՆ

Ճամբան քալած ատենս փողո­ցին մէկ անկիւնը արտա­սո­վոր բան մը նկա­տե­ցի, որ ձուկի պէս կը թփրտար ու տարօ­րի­նակ ձայներ կը հանէր ։ Մօտե­ցայ ու տեսայ թէ մարդկա­յին լեզու մըն է ։ Ականջ դրի բայց խօսա­ծէն բան չհասկցայ։ Սկիզբը անգլե­րէն է կարծե­ցի յետոյ ֆրանսե­րէ­նի նմանցուցի։ Քիչ մը լսե­լէ ետք գերմա­նե­րէն կամ իտա­լե­րէն է ենթադրե­ցի բայց երբ ականջներս լայն բացի զարմանքով նկա­տե­ցի թէ հայե­րէն կը խօսի։ Փորձե­ցի օգնել, հետը զրուցել.… Խօսա­ծը թէեւ հայե­րէն էր, բայց բան չէր հասկցուէր ։ Մտա­ծե­ցի թէ լեզուն առանց ուղե­ղի ինչ իմաստ ունի ու գրպա­նէս թաշկի­նակ մը հանե­լով , լեզուն գետնէն վերցուցի , ազգա­յին դարմա­նա­տունս գացի ու ձեւով մը զայն իմ ուղե­ղիս կապե­ցի։ Յետոյ դուրս ելայ, փողոց իջայ ու անցորդնե­րէն մէկուն բարեւ մը տալ փորձե­ցի … Յանկարծ գիտէ՞ք ինչ եղաւ… Բարեւի տեղ բերնէս հայհո­յանք մը դուրս թռաւ… Այս ինչ Խայտա­ռա­կութիւն էր… Անմի­ջա­պէս ներո­ղութիւն խնդրել ուզե­ցի սակայն այս անգամ ալ շան պէս հաջե­ցի։ Բոլո­րը ծուռ ծուռ ինծի նայե­ցան , յետոյ վրաս խնդա­լու սկսան ։ Իմ լեզուիս բերած գլխա­ցաւը կարծես ինծի չէր բաւեր հիմա ալ այս փորձանքը պակաս էր…Արագ մը կծիկս դրի ու լեղա­պա­տառ տուն վազե­ցի ։ Կնիկս հազիւ դուռը բացաւ , չեմ գիտեր այս անգամ բերնէս ինչ դուրս թռաւ… կնիկս այնքան ուժգին ապտակ մը զարկաւ որ լեզուն բերնէս դուրս ինկաւ…

Ապտա­կը փրկա­րար դեր ունե­ցաւ։ Հանգստա­ցած շունչ մը առի , անմի­ջա­պէս լեզուն տարի ու փողո­ցին նոյն անկիւնը դրի ։ Եթէ ձեզմէ մէկը այս լեզուին տէրը գիտէ , թող գայ առնէ ու տանի զայն անոր յանձնէ , Նախքան ուրիշ մէկուն գլխուն ալ փորձանք մը բերէ ։

Չեմ գիտեր թէ մարդ իր լեզուն ուրի­շին ուղե­ղին կապե­լով ինչ հաճոյք կ’առնէ բայց երբ ուրի­շին լեզուն քու ուղե­ղիդ կապուած է հաւա­տա­ցէք շատ տհաճ բան է , նախ դիմա­ցի­նը կը զայրացնես յետոյ ծիծաղ կը պատճա­ռես իսկ վերջաւո­րութեան եթէ ինծի պէս բախտաւոր ես, փրկա­րար ապտակ մը կ’ուտես , այլա­պէս քացի մը կ’ուտես ու լեզուն կը կլլես ։

Առնչվող Հոդվածներ