20 C
Yerevan

«Հանգիստ թողնենք անցեա­լում մնա­ցած քաղա­քա­կան ուժե­րին եւ մեր ամբողջ հնա­րաւո­րութիւննե­րը ներդնենք ներկա­յիս հայաստա­նեան իրա­կա­նութեան մէջ առողջ եւ կառուցո­ղա­կան ընդդի­մութիւն ստեղծե­լու եւ պահպա­նե­լու գործում»

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

30 Յունիս 2020

Ն․ Պէրպէ­րեան

Բարի լոյս՝ ժամա­նակնե­րու փոփո­խութեան հետ քայլ պահե­լու եւ վերա­նո­րո­գուե­լու պատրաստ ԱԶԳԱՅԻՆ-ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՂՋՄՏՈՒԹԵԱՆ, որուն երի­տա­սարդա­կան ուշագրաւ դրսեւո­րումնե­րէն է «Բարի լոյս»ի վերեւի խորագրին աղբիւր ծառա­յած ԱՐՏԱԿ ՄԵԼԻ­ՔԵԱ­Նի այսօ­րուան՝ 30 Յունի­սի «Չկա՛յ ընդդի­մութիւն» գրա­ռումը։ (Տես՝ https://www.facebook.com/permalink.php?story_fbid=634698824059240&id=100025573847801 )

Բարի լոյս՝ Հայաստա­նի եւ հայութեան ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՈՉ-ԲՌՆԻ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ մերօ­րեայ յաղթարշաւը թափի մէջ պահե­լու եւ քաղա­քա­կան կենսունա­կութեամբ զինե­լու կոչուած ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ, որ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ այսօ­րուան կարեւո­րա­գոյն ՕՐԱ­ԿԱՐԳը կը հռչա­կէ ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ ժողո­վուրդի ՇԱՀԵՐՈՒՆ ու ՊԱՀԱՆՋՆԵՐՈՒՆ պաշտպա­նութեան հունով հարթե­լու ՎՃՌԱ­ԿԱ­ՄՈՒԹԻՒՆը։

Բարի լոյս՝ հայ քաղա­քա­կան մտքի այն բոլոր ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ, որոնք այսօր միասնա­բար կը կանգնին միեւնոյն դրօ­շին տակ ու կը պահանջեն՝

- «Հանգիստ թողնենք անցեա­լում մնա­ցած քաղա­քա­կան ուժե­րին եւ մեր ամբողջ հնա­րաւո­րութիւննե­րը ներդնենք ներկա­յիս հայաստա­նեան իրա­կա­նութեան մէջ առողջ եւ կառուցո­ղա­կան ընդդի­մութիւն ստեղծե­լու եւ պահպա­նե­լու գործում»։

- «Հ․Հ․ում որպէս ընդդի­մութիւն պէտք է հանդէս գայ այն քաղա­քա­կան ուժը, որը ի սկզբա­նէ ստեղծուած է ծառա­յե­լու պետա­կա­նութեան պահպանմա­նը»:

Բարի լոյս՝ հատուա­ծա­կան, քաղա­քա­կան կամ կուսակցա­կան փառա­սի­րութիւննե­րը՝ համակրանքներն ու ախորժակնե­րը Ազգի եւ Հայրե­նի­քի ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԵԱՆՑ ՍՏՈՐԱԴԱՍԵԼՈՒ մարտահրաւէ­րին ընդա­ռա­ջող բոլոր ՆՈՒԻՐԵԱԼՆԵՐՈՒՆ, որոնք ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՏԱՆՋՈՒԱԾ ՍՐՏԻՆ մէջ կը փնտռեն ՅԵՆԱ­ՐԱ­Նը յանուն ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ եւ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ շղթա­յա­զերծուած այսօ­րուան ոչ-բռնի յեղա­փո­խութեան։

Սեփա­կան ժողո­վուրդին ըմբոստա­ցումը իրեն ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՂ ՈՒԺ ընտրած ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄը միայն ի վիճա­կի է գերա­գոյն զոհա­բե­րութեան դիմե­լու՝ ՏԷՐ ԿԱՆԳՆԵԼՈՒ համար ՀԱՅՈՑ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ հզօ­րացման՝ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆԱՑՄԱՆ ու ՊԱՀՊԱՆՄԱՆ նուի­րա­կան ԳՈՐԾին։

Բարի լոյս՝ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱԹՈ­ՌԱԿՌԻՒը անցեա­լի վնա­սա­կար ցեցե­րուն հետ ՎԱՏՆԵԼՈՒ եւ մեր ժողո­վուրդի պետա­կան կեանքը ՄԱՔՐԵԼՈՒ եկած ՆՈՒԻՐԵԱԼՆԵՐՈՒՆ։

https://www.facebook.com/nazaretberberian/posts/3211152165642402

Առնչվող Հոդվածներ