ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Բարի լոյս
30 Յունիս 2020
Ն․ Պէրպէրեան
Բարի լոյս՝ ժամանակներու փոփոխութեան հետ քայլ պահելու եւ վերանորոգուելու պատրաստ ԱԶԳԱՅԻՆ-ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՂՋՄՏՈՒԹԵԱՆ, որուն երիտասարդական ուշագրաւ դրսեւորումներէն է «Բարի լոյս»ի վերեւի խորագրին աղբիւր ծառայած ԱՐՏԱԿ ՄԵԼԻՔԵԱՆի այսօրուան՝ 30 Յունիսի «Չկա՛յ ընդդիմութիւն» գրառումը։ (Տես՝ https://www.facebook.com/permalink.php?story_fbid=634698824059240&id=100025573847801 )
Բարի լոյս՝ Հայաստանի եւ հայութեան ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՈՉ-ԲՌՆԻ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ մերօրեայ յաղթարշաւը թափի մէջ պահելու եւ քաղաքական կենսունակութեամբ զինելու կոչուած ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ, որ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ այսօրուան կարեւորագոյն ՕՐԱԿԱՐԳը կը հռչակէ ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ ժողովուրդի ՇԱՀԵՐՈՒՆ ու ՊԱՀԱՆՋՆԵՐՈՒՆ պաշտպանութեան հունով հարթելու ՎՃՌԱԿԱՄՈՒԹԻՒՆը։
Բարի լոյս՝ հայ քաղաքական մտքի այն բոլոր ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ, որոնք այսօր միասնաբար կը կանգնին միեւնոյն դրօշին տակ ու կը պահանջեն՝
– «Հանգիստ թողնենք անցեալում մնացած քաղաքական ուժերին եւ մեր ամբողջ հնարաւորութիւնները ներդնենք ներկայիս հայաստանեան իրականութեան մէջ առողջ եւ կառուցողական ընդդիմութիւն ստեղծելու եւ պահպանելու գործում»։
– «Հ․Հ․ում որպէս ընդդիմութիւն պէտք է հանդէս գայ այն քաղաքական ուժը, որը ի սկզբանէ ստեղծուած է ծառայելու պետականութեան պահպանմանը»:
Բարի լոյս՝ հատուածական, քաղաքական կամ կուսակցական փառասիրութիւնները՝ համակրանքներն ու ախորժակները Ազգի եւ Հայրենիքի ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԵԱՆՑ ՍՏՈՐԱԴԱՍԵԼՈՒ մարտահրաւէրին ընդառաջող բոլոր ՆՈՒԻՐԵԱԼՆԵՐՈՒՆ, որոնք ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՏԱՆՋՈՒԱԾ ՍՐՏԻՆ մէջ կը փնտռեն ՅԵՆԱՐԱՆը յանուն ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ եւ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ շղթայազերծուած այսօրուան ոչ-բռնի յեղափոխութեան։
Սեփական ժողովուրդին ըմբոստացումը իրեն ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՂ ՈՒԺ ընտրած ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄը միայն ի վիճակի է գերագոյն զոհաբերութեան դիմելու՝ ՏԷՐ ԿԱՆԳՆԵԼՈՒ համար ՀԱՅՈՑ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ հզօրացման՝ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆԱՑՄԱՆ ու ՊԱՀՊԱՆՄԱՆ նուիրական ԳՈՐԾին։
Բարի լոյս՝ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱԹՈՌԱԿՌԻՒը անցեալի վնասակար ցեցերուն հետ ՎԱՏՆԵԼՈՒ եւ մեր ժողովուրդի պետական կեանքը ՄԱՔՐԵԼՈՒ եկած ՆՈՒԻՐԵԱԼՆԵՐՈՒՆ։