24.7 C
Yerevan

«Երկա­թէ Շերեփ»ը՝ 2020 թուա­կա­նին

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

Ն․ Պէրպէ­րեան

Բարի լոյս՝ Հայաստա­նի եւ Հայութեան ԱԶԳԱՅԻՆ-ՊԵՏԱԿԱՆ վերա­կանգնումի ու ինքնա­հաստատման ՈՒՂԻՆ առաջնորդող ԽՐԻՄԵԱՆ ՀԱՅՐԻԿԻ «Երկա­թէ Շերեփ»ի ՊԱՏԳԱՄԻՆ, որ 142 տարի առաջ այս օրե­րուն գումա­րուած ՊԵՐԼԻՆԻ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԷՆ քաղուած ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ԴԱՍը եղաւ հայ ժողո­վուրդին համար։
Բարի լոյս՝ «Երկա­թէ Շերեփ»ի մերօ­րեայ նշա­նա­կութիւնը եւ կարեւո­րութիւնը լուսարձա­կի տակ առնող հայ քաղա­քա­կան մտքի բոլոր ջահա­կիրնե­րուն, որոնք ԿՈՉՈՒԱԾ ԵՆ 2020 թուա­կա­նի տուեալնե­րով վերա­սահմա­նե­լու Հայաստա­նի ու Հայութեան ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԻՆ նոր ժամա­նակնե­րու ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ, այլեւ ԱՆՊԱՐՏԵԼԻ ԿՌՈՒԱ­Նը։
Սեփա­կան ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ եւ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ՏԷՐ ԿԱՆԳՆՈՂ հայոց ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԶՕՐԱՑՈՒՄՆ է 2020 թուա­կա­նի «Երկա­թէ Շերեփ»ը, որուն խստա­պա­հանջ ու նախանձախնդիր գործա­ծութեամբ մենք ի վիճա­կի ենք մօտե­նա­լու աշխարհը ուժի դիրքե­րէ կառա­վա­րողնե­րու «Հերի­սա­յի Կաթսա­յին»՝ մեր արդար պահանջնե­րուն ԻՐԱՒԱՏԷՐ ներկա­յա­նա­լով։
Բարի լոյս՝ դէպի Հռոմ տանող բոլոր ճամբա­նե­րը ծով արեան ու քրտինքի գնով կտրած-անցած եւ մեր օրե­րուն հասած ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ՄԱՐՏՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՆ, որ ՇԱՐԺԻՉ ՈՒԺը եղաւ մեր ժողո­վուրդին՝ կենաց-մահու իր բոլոր ճակա­տումնե­րու ընթացքին, որոնց արգա­սիքն է ազատ ու անկախ Հայաստա­նի ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ շուրջ բոլո­րուե­լու եւ հայ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԿԱՄՔՈՎ առաջնորդուող իշխա­նութիւննե­րով հզօ­րա­նա­լու ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ։
ՓՈՔՐ ԱԾՈՒ Հայաստանն ու Հայութիւնը ԱՐԺԱՆԻ են մեր հաւա­քա­կան ուժն ու կամքը ամէն կարգի՝ արտա­քին թէ ներքին կապանքնե­րէ սանձա­զերծող նորօ­րեայ «Երկա­թէ Շերեփ»ին։

https://www.facebook.com/nazaretberberian/posts/3195217777235841

Առնչվող Հոդվածներ