Բարի Լոյս

«Հայաստանի Հանրապետութիւնն ինքնիշխան, ժողովրդավարական, սոցիալական, իրաւական պետութիւն է»

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

Հայաստանի Հանրապետութեան մայր օրէնքը՝ Սահմանադրութիւնը հռչակում է․- «Հայաստանի Հանրապետութիւնն ինքնիշխան, ժողովրդավարական, սոցիալական, իրաւական պետութիւն է»:- «Ի՞նչ է սոցիալական պետութիւնը»։- «Ինչպէ՞ս պէտք է հասնել սոցիալական պետութեան կայացմանը»։03 Յուլիս 2020Ն․ ՊէրպէրեանԲարի լոյս՝ աջէն թէ ձախէն այս օրերուն թափ առած «Համահայկական Օրակարգ»ի շահարկման փորձերուն թումբ կանգնող հայ քաղաքական մտքի ՅԱՌԱՋԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ, մանաւանդ երբ անոնց առաջին դիրքերուն վրայ կը յայտնուին ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՁԱՅՆԵՐ։Բարի լոյս՝ քանի մը ժամ առաջ «Եկէք խօսենք-մօսենք» վերնագիրով Հ․Հ․ Սահմանադրութեան շուրջ ծաւալած մերօրեայ չարաշահումներուն ու քաշքշուկին վերջ տալու, այլեւ Ազգի ու Հայրենիքի «Համահայկական Օրակարգ»ի ամէնէն ՑԱՒՈՏ ԿԻԶԱԿԷՏը քննարկման լուսարձակի տակ բերելու հրապարակային նախաձեռնութեան հեղինակին՝ ԱՆՈՒՇԻԿ ՆՈՒՇ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆի, որ դիմատետրի իր գրառման մէջ բառացիօրէն կ՚առաջարկէ՝«Սոցիալական պետութեան հայեցակարգը դինամիկ զարգացման փուլում է այսօր՝ էականօրէն բնութագրելով հասարակութիւն-պետութիւն յարաբերութիւնների զարգացումը եւ փոխակերպումը։ Եւ այս զարգացման դինամիկայի մէջ ձեւաւորուել են մի շարք տեսութիւններ կամ ձեւակերպումներ «Սոցիալիստական պետութիւն» հասկացութեան շուրջ։«․․․Հայաստանի Հանրապետութեան մայր օրէնքը՝ Սահմանադրութիւնը հռչակում է․- «Հայաստանի Հանրապետութիւնն ինքնիշխան, ժողովրդավարական, սոցիալական, իրաւական պետութիւն է»: Բայց ես գտնում եմ, որ մենք այսօր ամբողջապէս չենք մօտեցել սոցիալական պետութեան մոդելին։«Ա՛յ, օրինակ, ինձ հետաքրքիր է՝ ըստ ձեզ․«

❓

Ի՞նչ է սոցիալական պետութիւնը։«

❓

Ինչպէ՞ս պէտք է հասնել սոցիալական պետութեան կայացմանը»։** *Բարի լոյս՝ 1988ի Փետրուարեան Շարժումէն ի վեր եկող-գացող-վերարտադրուող վարչախումբերուն կողմէ ի գործ դրուած հայ քաղաքական մտքի ամէն կարգի «ԽՈՒՍԱՆԱՒՈՒՄՆԵՐՈՒ» կեղծիքը ՄԵՐԿԱՑՆԵԼՈՒ ազգային-քաղաքական հասունութեան։Բարի լոյս՝ Արցախը Հայաստանին ՎԵՐԱՄԻԱՑՆԵԼՈՒ եւ Ազատ ու Անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան ՄԱՅԻՍ 28ի ԱՒԱՆԴը ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼՈՒ հայ ժողովուրդի Փետրուար 1988ի ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐԱԿԱՆ ՊՈՌԹԿՈՒՄԻՆ, որ կարճ ժամանակով ԱԶԳՈՎԻՆ բոլորս ոգեւորելէ ետք՝ այնուհետեւ երեսուն տարի պատանդ ինկաւ ՁԵՌՔԻՆ այդ ամէնը սնամէջ, այլեւ իշխանութեան ԱԹՈՌԱԿՌՈՒԻՆ ԾԱՌԱՅՈՂ կարգախօսքերու վերածած ԻՇԽԱՆԱՏԵՆՉ ԽՄԲԱԿի մը պատեհապաշտութեան․․․ Խմբակ՝ որուն ԻՇԽԱՆԱՊԵՏ ներկայացուցիչները եղան Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, Ռոբերտ Քոչարեան, Սերժ Սարգսեան եւ Ընկերք․․․Բարի լոյս՝ ինչպէս երէկ, նոյնպէս եւ աւելիով այսօր եւս ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ ու ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ պահանջող ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ, որ արդէն ազգային-քաղաքական հասունութեամբ ՓԱՐԱԾ Է համազգային այն ռազմավարութեան, որ Հայաստանի ու Հայութեան դիմագրաւած ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐը կը հռչակէ սեփական «ՍՈՑԻԱԼԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ» կառուցումը։Եւ ի՜նչ հեգնանք ու ի՜նչ արհամարհանք՝ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ նկատմամբ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ այդ ՎԱՇԽԱՌՈՒՆԵՐՈՒն կողմէ, որոնք իրարու ետեւէ իրենց ՀԱՍԱԿԻՆ եւ ՅՂՓԱՑՈՒՄԻՆ համապատասխան ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ պարտադրեցին ՀԱՅՈՑ ՊԵՏԱԿԱՆ ՏԱՆ՝ ոտնատակ կոխկռտելով «սոցիալական պետութեան» ԾԱՌԱՅԵԼՈՒ սահմանադրական իրենց երդումն իսկ՝ անգամներ հաստատելով, որ ԿԵՂԾ ԵՐԴՈՒՄՆԵՐ էին այդ բոլորը․․․Բարի լոյս՝ հայոց սոցիալական պետութեան կերտումին դրօշը պարզած եւ անոր դժուարին երթին արթուն հսկող ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՋԱՀԱԿԻՐՆԵՐՈՒՆ, որոնք ԺՈՂՈՎՈՒՐԴի ԴԱՏ ու ԴԱՏԱՍՏԱՆին կ՚արժանացնեն սահմանադրական ԿԱՐԳ ու ԿԱՆՈՆի ԿԵՂԾ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ անունով սեփական ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆ ու ԺՈՂՈՎՈՒՐԴը կեղեքած ու թալանած ՅԱՆՑԱԳՈՐԾՆԵՐը։Բարի լոյս՝ ՄԵՐ ՈՒՂԻն հարթող ԺՈՂՈՎՈՒՐԴի ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ դրօշակիրներուն, որոնք կը հնչեցնեն ՅՍՏԱԿԱՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ղօղանջները․«․․․Պետությունը սոցիալական է, եթէ՝«1. Քաղաքական առաջնահերթութիւնը տալիս է սոցիալական խնդիրների վերհանմանը եւ լուծմանը,«2. Եթէ գերակայ խնդիր հռչակում է հասարակութեան բարեկեցութեան բարձր մակարդակը,«3. Արդիւնաւէտ տնտեսական զարգացման համար նախ եւ առաջ ապահովում է իրաւական եւ օրէնսդրական կարգաւորումներ՝ ի նպաստ հասարակութեան պահանջմունքների բաւարարման»։

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆԲարի լոյսՀայաստանի Հանրապետութեան մայր օրէնքը՝ Սահմանադրութիւնը հռչակում է․- «Հայաստանի Հանրապետութիւնն…

Posted by Nazareth Berberian on Friday, July 3, 2020
    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *