26.4 C
Yerevan

«Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութիւնն ինքնիշխան, ժողովրդա­վա­րա­կան, սոցիա­լա­կան, իրաւա­կան պետութիւն է»

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան մայր օրէնքը՝ Սահմա­նադրութիւնը հռչա­կում է․- «Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութիւնն ինքնիշխան, ժողովրդա­վա­րա­կան, սոցիա­լա­կան, իրաւա­կան պետութիւն է»:- «Ի՞նչ է սոցիա­լա­կան պետութիւնը»։- «Ինչպէ՞ս պէտք է հասնել սոցիա­լա­կան պետութեան կայացմանը»։03 Յուլիս 2020Ն․ Պէրպէ­րեանԲա­րի լոյս՝ աջէն թէ ձախէն այս օրե­րուն թափ առած «Համա­հայկա­կան Օրակարգ»ի շահարկման փորձե­րուն թումբ կանգնող հայ քաղա­քա­կան մտքի ՅԱՌԱՋԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ, մանաւանդ երբ անոնց առա­ջին դիրքե­րուն վրայ կը յայտնուին ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՁԱՅՆԵՐ։Բարի լոյս՝ քանի մը ժամ առաջ «Եկէք խօսենք-մօսենք» վերնա­գի­րով Հ․Հ․ Սահմա­նադրութեան շուրջ ծաւա­լած մերօ­րեայ չարա­շա­հումնե­րուն ու քաշքշուկին վերջ տալու, այլեւ Ազգի ու Հայրե­նի­քի «Համա­հայկա­կան Օրակարգ»ի ամէ­նէն ՑԱՒՈՏ ԿԻԶԱ­ԿԷ­Տը քննարկման լուսարձա­կի տակ բերե­լու հրա­պա­րա­կա­յին նախա­ձեռնութեան հեղի­նա­կին՝ ԱՆՈՒՇԻԿ ՆՈՒՇ ՅՈՎՀԱՆՆԻ­ՍԵԱ­Նի, որ դիմա­տետրի իր գրառման մէջ բառա­ցիօ­րէն կ՚առաջարկէ՝«Սոցիալական պետութեան հայե­ցա­կարգը դինա­միկ զարգացման փուլում է այսօր՝ էակա­նօ­րէն բնութագրե­լով հասա­րա­կութիւն-պետութիւն յարա­բե­րութիւննե­րի զարգա­ցումը եւ փոխա­կերպումը։ Եւ այս զարգացման դինա­մի­կա­յի մէջ ձեւաւո­րուել են մի շարք տեսութիւններ կամ ձեւա­կերպումներ «Սոցիա­լիստա­կան պետութիւն» հասկա­ցութեան շուրջ։«․․․Հայաստանի Հանրա­պե­տութեան մայր օրէնքը՝ Սահմա­նադրութիւնը հռչա­կում է․- «Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութիւնն ինքնիշխան, ժողովրդա­վա­րա­կան, սոցիա­լա­կան, իրաւա­կան պետութիւն է»: Բայց ես գտնում եմ, որ մենք այսօր ամբողջա­պէս չենք մօտե­ցել սոցիա­լա­կան պետութեան մոդելին։«Ա՛յ, օրի­նակ, ինձ հետաքրքիր է՝ ըստ ձեզ․«

❓

Ի՞նչ է սոցիա­լա­կան պետութիւնը։«

❓

Ինչպէ՞ս պէտք է հասնել սոցիա­լա­կան պետութեան կայացմա­նը»։** *Բարի լոյս՝ 1988ի Փետրուա­րեան Շարժումէն ի վեր եկող-գացող-վերարտադրուող վարչա­խումբե­րուն կողմէ ի գործ դրուած հայ քաղա­քա­կան մտքի ամէն կարգի «ԽՈՒՍԱՆԱՒՈՒՄՆԵՐՈՒ» կեղծի­քը ՄԵՐԿԱՑՆԵԼՈՒ ազգա­յին-քաղա­քա­կան հասունութեան։Բարի լոյս՝ Արցա­խը Հայաստա­նին ՎԵՐԱՄԻԱՑՆԵԼՈՒ եւ Ազատ ու Անկախ Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան ՄԱՅԻՍ 28ի ԱՒԱՆԴը ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼՈՒ հայ ժողո­վուրդի Փետրուար 1988ի ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐԱԿԱՆ ՊՈՌԹԿՈՒՄԻՆ, որ կարճ ժամա­նա­կով ԱԶԳՈՎԻՆ բոլորս ոգեւո­րե­լէ ետք՝ այնուհե­տեւ երե­սուն տարի պատանդ ինկաւ ՁԵՌՔԻՆ այդ ամէ­նը սնա­մէջ, այլեւ իշխա­նութեան ԱԹՈՌԱԿՌՈՒԻՆ ԾԱՌԱՅՈՂ կարգա­խօսքե­րու վերա­ծած ԻՇԽԱՆԱՏԵՆՉ ԽՄԲԱ­Կի մը պատե­հա­պաշտութեան․․․ Խմբակ՝ որուն ԻՇԽԱՆԱՊԵՏ ներկա­յա­ցուցիչնե­րը եղան Լեւոն Տէր-Պետրո­սեան, Ռոբերտ Քոչա­րեան, Սերժ Սարգսեան եւ Ընկերք․․․Բարի լոյս՝ ինչպէս երէկ, նոյնպէս եւ աւե­լիով այսօր եւս ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ ու ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ պահանջող ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ, որ արդէն ազգա­յին-քաղա­քա­կան հասունութեամբ ՓԱՐԱԾ Է համազգա­յին այն ռազմա­վա­րութեան, որ Հայաստա­նի ու Հայութեան դիմագրաւած ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷ­Րը կը հռչա­կէ սեփա­կան «ՍՈՑԻԱԼԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ» կառուցումը։Եւ ի՜նչ հեգնանք ու ի՜նչ արհա­մարհանք՝ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ նկատմամբ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ այդ ՎԱՇԽԱ­ՌՈՒՆԵ­ՐՈՒն կողմէ, որոնք իրա­րու ետեւէ իրենց ՀԱՍԱԿԻՆ եւ ՅՂՓԱՑՈՒՄԻՆ համա­պա­տասխան ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ պարտադրե­ցին ՀԱՅՈՑ ՊԵՏԱԿԱՆ ՏԱՆ՝ ոտնա­տակ կոխկռտե­լով «սոցիա­լա­կան պետութեան» ԾԱՌԱՅԵԼՈՒ սահմա­նադրա­կան իրենց երդումն իսկ՝ անգամներ հաստա­տե­լով, որ ԿԵՂԾ ԵՐԴՈՒՄՆԵՐ էին այդ բոլորը․․․Բարի լոյս՝ հայոց սոցիա­լա­կան պետութեան կերտումին դրօ­շը պարզած եւ անոր դժուա­րին երթին արթուն հսկող ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՋԱՀԱԿԻՐՆԵՐՈՒՆ, որոնք ԺՈՂՈ­ՎՈՒՐԴի ԴԱՏ ու ԴԱՏԱՍՏԱ­Նին կ՚արժանացնեն սահմա­նադրա­կան ԿԱՐԳ ու ԿԱՆՈ­Նի ԿԵՂԾ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ անունով սեփա­կան ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆ ու ԺՈՂՈ­ՎՈՒՐԴը կեղե­քած ու թալա­նած ՅԱՆՑԱԳՈՐԾՆԵՐը։Բարի լոյս՝ ՄԵՐ ՈՒՂԻն հարթող ԺՈՂՈ­ՎՈՒՐԴի ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ դրօ­շա­կիրնե­րուն, որոնք կը հնչեցնեն ՅՍՏԱԿԱՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ղօղանջները․«․․․Պետությունը սոցիա­լա­կան է, եթէ՝«1. Քաղա­քա­կան առաջնա­հերթութիւնը տալիս է սոցիա­լա­կան խնդիրնե­րի վերհանմա­նը եւ լուծմանը,«2. Եթէ գերա­կայ խնդիր հռչա­կում է հասա­րա­կութեան բարե­կե­ցութեան բարձր մակարդակը,«3. Արդիւնաւէտ տնտե­սա­կան զարգացման համար նախ եւ առաջ ապա­հո­վում է իրաւա­կան եւ օրէնսդրա­կան կարգաւո­րումներ՝ ի նպաստ հասա­րա­կութեան պահանջմունքնե­րի բաւա­րարման»։

https://www.facebook.com/nazaretberberian/posts/3219561628134789

Առնչվող Հոդվածներ