26.4 C
Yerevan

Ստա­լի­նեան կամա­յա­կան որո­շումով՝ Լեռնա­յին Ղարա­բա­ղը բռնակցուե­ցաւ Ատրպէյճա­նին

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Յուշա­տետր

Ն. Պէրպէ­րեան

Յուլիս 5ի այս օրը՝ 1921ին, սեւ ու մուր թուա­կան մը խորհրդանշեց եւ աղի­տա­բեր նշա­նա­կութիւն ունե­ցաւ հայ ժողո­վուրդին համար։5 Յուլիս 1921ին էր, որ Ռուսա­կան Կոմունիստա­կան Կուսակցութեան Կ. Կոմի­տէի Կովկա­սեան Բիւրո­յի ապօ­րի­նի որո­շումով՝ Լեռնա­յին Ղարա­բա­ղը անջա­տուե­ցաւ Հայաստա­նէն եւ բռնակցուե­ցաւ Ատրպէյճանին։Յատկապէս 1988ի Փետրուա­րին թափ առած Արցա­խեան Շարժումէն ասդին, շատ մելան հոսած է ստա­լի­նեան այդ կամա­յա­կան, ապօ­րի­նի եւ, մանաւա՛նդ, անարդար որո­շումին պատմա­կան լուսա­բանման համար։Հայ քաղա­քա­կան միտքը, երկու ուղղութիւննե­րով, իր քննարկումներն ու վիճարկումնե­րը կեդրո­նա­ցուցած է խորհրդա­յիննե­րու այդ որոշման իրաւա­կան արժեւո­րումին վրայ։Մէկ ուղղութիւնը հիմնաւո­րած ու դատա­պարտած է այդ որոշման կամա­յա­կան, ապօ­րի­նի եւ անարդար բնոյթը։ Ստա­լի­նեան որո­շումին մէջ իրաւա­կան որեւէ հիմք գոյութիւն չէ ունե­ցած եւ պարզա­պէս մեծա­պե­տա­կան շահախնդրութեանց յագուրդ տուող գործարք մը եղած է Լեռնա­յին Ղարա­բա­ղի բռնակցումը Ատրպէյճանին։Երկրորդը՝ տարա­զած ու լուսա­բա­նած է իրաւա­գի­տա­կան հիմքը, Արցա­խեան Հարցի բանակցա­յին լուծման համար, հայկա­կան կողմին առա­ջադրած եւ պաշտպա­նած տեսակէտին։Ի պատասխան ատրպէյճա­նա­կան կողմի այն հետեւո­ղա­կան պնդումին, թէ իբր յանուն Ատրպէյճա­նի հողա­յին ամբողջա­կա­նութեան՝ Լեռնա­յին Ղարա­բա­ղը պէտք է վերա­դարձուի Ատրպէյճա­նի կազմին, հայկա­կան կողմը իրաւա­բա­նօ­րէն կը հիմնուի այն փաստարկին վրայ, որ Լեռնա­յին Ղարա­բա­ղը երբեք մաս չէ կազմած Ատրպէյճա­նի Հանրա­պե­տութեան եւ, հետեւա­բար, անհիմն ու անհե­թեթ է ամէն խօսակցութիւն Ատրպէյճա­նի հողա­յին ամբողջա­կա­նութեան պահպանման մասին։։Արդարեւ, եթէ 1921ին Լեռնա­յին Ղարա­բա­ղը յայտա­րա­րուած էր մէկ մասը Ատրպէյճա­նի, այդ քայլը իրաւա­բա­նօ­րէն նախ եղած էր ապօ­րի­նի, ապա՝ բռնակցումը կատա­րուած էր ի սպաս Խորհրդա­յին Ատրպէյճա­նի, այլ ոչ թէ անկախ Ատրպէյճանի։Ապա՝ բռնակցումը կատա­րուած էր Խորհրդա­յին Ռուսաստա­նի «սահմա­նադրա­կան յօդուածնե­րով», որոնք 1991էն ետք կորսնցուցին իրենց իրաւա­կան հիմքը, երբ նոյնինքն Ատրպէյճան մերժեց ճանչնալ խորհրդա­յին կարգե­րը եւ դուրս եկաւ Խորհրդա­յին Միութե­նէն, նախքան անոր պաշտօ­նա­կան լուծարումը։Այլ խօսքով՝ նոյնինքն 5 Յուլիս 1921ի խորհրդա­յին պաշտօ­նա­կան որո­շումէն մեկնե­լով, անոր անարդար բնոյթը շեշտե­լով հանդերձ, հայ ժողո­վուրդը իրաւա­կան ամէն հիմք ունի կառչած մնա­լու այն փաստին, որ Լեռնա­յին Ղարա­բա­ղը իրաւա­կա­նօ­րէն բնաւ մաս չէ կազմած այսպէս կոչուած «Ատրպէյճա­նի Հանրա­պե­տութեան»։** *Պատմութիւնը արձա­նագրած է, որ ռուսա­կան Ցարա­կան Կայսրութեան անկումէն յետոյ, Կովկա­սի մէջ յառաջ եկած ազգա­յին պետութիւննե­րու կազմաւորման հանդրուա­նին, Լեռնա­յին Ղարա­բա­ղը 1918–20 թուա­կաննե­րուն կռուախնձոր դարձաւ՝ մէկ կողմէ իր անկա­խութիւնը վերա­կանգնած Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան եւ, միւս կողմէ, թրքա­կան զօրքե­րու ներխուժման պայմաննե­րուն մէջ՝ իթթի­հա­տա­կաննե­րու եւ մուսաւա­թա­կաննե­րու զինակցութեամբ ձեւաւո­րուած նորաստեղծ Ատրպէյճա­նի Հանրա­պե­տութեան միջեւ։Այդ ատեն ծայր առաւ հայեւա­զե­րիա­կան դաժան պատե­րազմ մը, որուն ընթացքին Արցա­խը հերո­սա­բար պաշտպա­նեց ինքզինք եւ պապե­նա­կան իր հողը։Ատրպէյճանի Հանրա­պե­տութիւնը, իր կազմաւորման պահէն իսկ, շարունա­կա­բար հողա­յին յափշտակման պահանջներ ներկա­յա­ցուց Անդրկովկա­սի հայկա­կան շրջաննե­րուն նկատմամբ: Թրքա­կան կանո­նաւոր զօրքերն ու Ատրպէյճա­նի մուսաւա­թա­կան զօրա­միաւորնե­րը, օգտուե­լով Առա­ջին Աշխարհա­մարտի եւ Ցար՝ական Կայսրութեան անկման հետեւանքով ստեղծուած խառնաշփոթ իրա­վի­ճա­կէն, փորձե­ցին իր աւարտին հասցնել հայ ժողո­վուրդին դէմ թրքա­կան պետութեան կողմէ 1915ին գործադրուած ցեղասպա­նութեան ոճիրը։1918էն 1920, համաթրքա­կան մեծ պետութիւն մը հիմնե­լու հրէ­շա­ծին ծրագրով տարուած՝ թրքա­ցեղ այդ զօրքե­րը բնաջնջե­ցին հարիւրաւոր հայկա­կան գիւղեր, կազմա­կերպե­ցին հայե­րու ջարդեր Պաքուի եւ Գեանջա­յի մէջ:Բայց նոյնինքն Լեռնա­յին Ղարա­բա­ղի մէջ թուրքեւա­զե­րիա­կան զօրքե­րը բախե­ցան լուրջ դիմադրութեան եւ պարտուած նահանջի դիմե­ցին՝ հակա­ռակ անոր, որ Արցա­խի ատե­նի մայրա­քա­ղաք Շուշին 1920ի Մարտ 23ին հրկի­զուած ու թալա­նուած էր, իսկ անոր հայ բնակչութիւնը՝ կոտո­րուած։** *Արցա­խի շուրջ սաստկա­ցած հայեւթուրք այդ բախումնե­րու ժամա­նակ էր, որ միջազգա­յին հանրութիւնը անհրա­ժեշտ համա­րեց միջամտել աննա­խընթա­ցօ­րէն ողբերգա­կան բնոյթ ստա­ցած հակամարտութեան։1920ի Դեկտեմբեր 1ին, Ազգե­րու Լիկա­յի 5րդ Կոմի­տէն, իր 3րդ Ենթա­կո­մի­տէի զեկոյցին վրայ հիմնուե­լով եւ հակա­դարձե­լով Ատրպէյճա­նի տարածքա­յին յաւակնութիւննե­րուն ու ազե­րի­նե­րու ձեռամբ հայե­րու զանգուա­ծա­յին կոտո­րածնե­րուն՝ միա­ձայնութեամբ որո­շեց մերժել Ատրպէյճա­նի Հանրա­պե­տութեան դիմումը՝ Ազգե­րու Լիկա­յին անդամակցելու։Օրին, Ազգե­րու Լիկան նաեւ որո­շեց, մինչեւ հակա­մարտութեան վերջնա­կան կարգաւո­րումը, Լեռնա­յին Ղարա­բա­ղը ճանչնալ իբրեւ վիճե­լի տարածք, որուն շուրջ համա­ձայնութեան յանգե­ցան հակա­մարտութեան առընչա­կից բոլոր կողմե­րը, անոնց շարքին եւ Ատրպէյճանը։Այսպէ՛ս, 1918–20 թուա­կաննե­րուն, Ատրպէյճա­նի Հանրա­պե­տութեան ստեղծման ժամա­նա­կաշրջա­նին, անոր գերիշխա­նութիւնը չէր տարա­ծուած Լեռնա­յին Ղարա­բա­ղի, ինչպէս եւ Նախի­ջեւա­նի վրայ։Այնուհետեւ, Անդրկովկա­սի մէջ խորհրդա­յին կարգե­րու հաստա­տումին հետեւե­ցաւ քաղա­քա­կան նոր քարտէ­սի սահմանագծումը։1920ի Դեկտեմբե­րի վերջե­րուն, Խորհրդա­յին Հայաստա­նի հռչա­կումէն յետոյ, Կարմիր Բանա­կի զօրքե­րը, մինչեւ Լեռնա­յին Ղարա­բա­ղի եւ Նախի­ջեւա­նի հարցին խաղաղ լուծումը, ժամա­նա­կաւո­րա­պէս գրաւե­ցին Լեռնա­յին Ղարա­բա­ղը: Միա­ժա­մա­նակ՝ Հայաստա­նի մէջ խորհրդա­յին կարգե­րու հաստա­տումէն անմի­ջա­պէս յետոյ, Ատրպէյճա­նի Յեղկո­մը (Յեղա­փո­խա­կան Կոմի­տէն, որ պոլշեւի­կեան այդ ժամա­նա­կուան իշխա­նութեան գլխաւոր մարմինն էր) պաշտօ­նա­կան յայտա­րա­րութեամբ ընդունեց եւ ճանչցաւ «վիճե­լի տարածքներ»ուն՝ Լեռնա­յին Ղարա­բա­ղի, Զանգե­զուրի եւ Նախի­ջեւա­նին Հայաստա­նի անբա­ժան մասը ըլլա­լու հանգամանքը:Լեռնային Ղարա­բա­ղի, Զանգե­զուրի եւ Նախի­ջեւա­նի նկատմամբ իր յաւակնութիւննե­րէն հրա­ժա­րե­լու մասին ատրպէյճա­նա­կան այդ յայտա­րա­րութեան պահուն, հայկա­կան տարածքնե­րը իրո­ղա­պէս մաս չէին կազմեր Խորհրդա­յին Ատրպէյճանին։«Վիճելի տարածքներ»ու նկատմամբ իր յաւակնություննե­րէն հրա­ժա­րե­լու մասին Խորհրդա­յին Ատրպէյճա­նի յայտա­րա­րութեան եւ Հայաստա­նի ու Ատրպէյճա­նի կառա­վա­րութեանց միջեւ համա­ձայնութեան հիման վրայ, 1921ի Յունիս 21ին, Խորհրդա­յին Հայաստա­նը Լեռնա­յին Ղարա­բա­ղը յայտա­րա­րեց իր անբա­ժա­նե­լի մասը:** *Հայաստա­նի կառա­վա­րութեան ընդունած համա­պա­տասխան Դեկրե­տը լոյս տեսաւ ինչպէս Հայաստա­նի, այնպէս ալ Ատրպէյճա­նի խորհրդա­յին մամուլի էջերուն։Պաքուի «Աշխա­տաւոր» թերթը, որ Ատրպէյճա­նի Կոմկուսի Կենտկո­մի օրգանն էր, 1921ի Յունիս 22ին լոյս ընծա­յեց Դեկրե­տը։ Այդպի­սով, տեղի ունե­ցաւ Լեռնա­յին Ղարա­բա­ղի փաստա­ցի միա­ցումը Հայաստա­նին, ինչ որ միջազգա­յին-իրաւա­կան իմաստով Անդրկովկա­սի մէջ, կոմունիստա­կան վարչա­կարգի կայացման ընթացքին, եղաւ վերջին օրի­նա­կան ակտը Լեռնա­յին Ղարա­բա­ղի վերաբերեալ։Միացման այդ ակտը ողջունե­ցին ինչպէս միջազգա­յին հանրութիւնը, այնպէս ալ Խորհրդա­յին Ռուսաստա­նը, ինչ որ ամրագրուե­ցաւ Ազգե­րու Լիկա­յի ժողո­վի բանա­ձեւին մէջ (թիւ /18.XII.1920թ.), ինչպէս նաեւ Ազգե­րու Լիկա­յի գլխաւոր քարտուղա­րին՝ Ազգե­րու Լիկա­յի անդամ-պետութիւննե­րուն ուղղուած տեղե­կանք-նոթին եւ ՌԽՖՍՀ արտա­քին գործե­րու ժողովրդա­կան կոմի­սա­րիա­տի /նախարարութեան (իշխա­նութեան բարձրա­գոյն մարմնին) Խորհուրդնե­րու XI նստաշրջա­նին ուղղուած 1920–21 թթ. տարե­կան զեկոյցին մէջ։Շուտով, սակայն, Ռուսաստա­նի պոլշեւի­կեան ղեկա­վա­րութիւնը, համաշխարհա­յին կոմունիստա­կան յեղա­փո­խութեան օժանդա­կե­լու իր քաղա­քա­կա­նութե­նէն մեկնե­լով եւ Թուրքիոյ վերա­պա­հե­լով «Արեւելքի մէջ յեղա­փո­խութեան ջահակիր»ի դերը՝ կամա­յա­կա­նօ­րէն եւ ըստ այնմ փոխեց իր վերա­բերմունքը վերջի­նիս ազգա­յին ծագումով մերձաւոր Ատրպէյճա­նի եւ «վիճե­լի տարածքներ»ու խնդրին, այդ շարքին նաեւ Լեռնա­յին Ղարա­բա­ղի նկատմամբ: Ատրպէյճա­նի ղեկա­վա­րութիւնը, Մոսկուա­յի ցուցմունքով, վերսկսաւ խօսակցութիւններ ձեռնարկել Լեռնա­յին Ղարա­բա­ղի նկատմամբ իր յաւակնութիւննե­րուն մասին:** *Պատմա­կան ու հանրա­գի­տա­կան տեղեկանքով՝«1921 թ. Յուլի­սի 4ին Ռուսաստա­նի Կոմունիստա­կան Կուսակցութեան Կովկա­սեան Բիւրոն, Վրաստա­նի մայրա­քա­ղաք Թբի­լի­սիում հրաւի­րում է լիա­գումար նիստ, որի ընթացքում … հաստատւում է Լեռնա­յին Ղարա­բա­ղը Հայկա­կան Խ.Ս.Հ. մաս հանդի­սա­նա­լու փաստը։ Սակայն, Մոսկուա­յի թելադրանքով եւ Ստա­լի­նի անմի­ջա­կան միջամտութեամբ, Յուլի­սի լոյս 5ի գիշե­րը, վերա­նայւում է նախորդ օրուայ որո­շումը եւ ընդունւում է Լեռնա­յին Ղարա­բա­ղը Խորհրդա­յին Ադրբե­ջա­նի կազմում ընդգրկե­լու եւ այդ տարածքում ինքնա­վար մարզ կազմաւո­րե­լու վերա­բե­րեալ որո­շում՝ չպահպա­նե­լով նոյնիսկ ընթացակարգը։«Այս որո­շումն աննա­խա­դէպ իրաւա­կան ակտ (քայլ) է միջազգա­յին իրաւունքի պատմութեան մէջ, երբ երրորդ երկրի կուսակցա­կան մարմի­նը (ՌԿ(բ) կ)՝ առանց որեւէ իրաւա­կան հիմքի կամ իրաւա­սութեան, որո­շում է մէկ այլ տարածքի, երկրի կարգավիճակը։«Ադրբեջանական եւ Հայաստա­նի Խ.Ս.Հ.ները 1922 թ. Դեկտեմբե­րին ընդգրկուե­ցին Խ.Ս.Հ.Մ.ի կազմաւորման գործընթացնե­րում, իսկ Ղարա­բա­ղի տարածքի ընդա­մէ­նը մի հատուա­ծում, 1923 թ. Յուլի­սի 7ին, Ադրբե­ջա­նա­կան Խ.Ս.Հ. Կենտրո­նա­կան Գործա­դիր Յեղա­փո­խա­կան Կոմի­տէի որոշմամբ կազմաւո­րուեց Լեռնա­յին Ղարա­բա­ղի Ինքնա­վար Մարզը՝ Ադրբե­ջա­նա­կան Խ.Ս.Հ. կազմում, որով ըստ էութեան ոչ թէ լուծուեց, այլ ժամա­նա­կաւո­րա­պէս սառե­ցուեց Ղարա­բա­ղեան հիմնախնդի­րը։ Աւելի՛ն. ամէն ինչ արուեց, որպէսզի Լեռնա­յին Ղարա­բա­ղի Ինքնա­վար Մարզն ընդհա­նուր սահման չունե­նայ Հայաստա­նի հետ։ Խորհրդա­յին ողջ ժամա­նա­կա­հա­տուա­ծում Լեռնա­յին Ղարա­բա­ղի հայութիւնը չհաշտուեց այդ որոշման հետ եւ տասնեակ տարի­ներ պայքա­րեց Մայր Հայրե­նի­քին վերա­միաւո­րուե­լու համար։«Արցախն Ադրբե­ջա­նին անմի­ջա­պէս բռնակցե­լուց յետոյ՝ սկիզբ առաւ ազգա­յին-ազա­տագրա­կան պայքա­րը։ 1920ական թթ. Արցա­խում հակա-ադրբե­ջա­նա­կան շարժումը ղեկա­վա­րե­լու նպա­տա­կով ստեղծուեց «Ղարա­բա­ղը՝ Հայաստա­նին» միութիւնը։ 1927 թ. Նոյեմբե­րի սկզբնե­րին միութիւնը հազա­րաւոր թռուցիկներ է ցրել՝ Ղարա­բա­ղը Հայաստա­նին նշա­նա­բա­նով։ 1962 թ. Ստե­փա­նա­կերտի աւտո­շա­րա­սեան 300 աշխա­տաւորներ բողոք-նամակ գրե­ցին Խ.Ս.Հ.Մ. Գերա­գոյն Խորհրդի նախա­գա­հութիւն, կուսակցութեան Կենտկոմ եւ Մինիստրնե­րի Խորհուրդ։ Նամա­կում ներկա­յա­ցուեց մարզի գաղութա­յին վիճա­կը եւ առա­ջարկուեց Լ.Ղ.Ի.Մ.ը վերա­միաւո­րել Հ.Խ.Ս.Հ.ին։ 1962 թ. մի շարք մտաւո­րա­կաններ նմա­նօ­րի­նակ նամա­կով դիմե­ցին Խ.Մ.Կ.Կ. Կենտկո­մին։ Այսպի­սի դիմումնե­րը կրում էին պարբե­րա­կան բնոյթ եւ յղւում էին թէ՛ Լ.Ղ.Ի.Մ.ից, թէ՛ Հ.Խ.Ս.Հ.ից։ Միայն Լեռնա­յին Ղարա­բա­ղից Կենտկո­մին հասած դիմումնե­րի տակ ստո­րագրել էին 45 հազար աշխա­տաւորներ։ Փաստօ­րէն, չնա­յած Լ.Ղ.ն ապօ­րի­նա­բար բռնակցուել էր Ադր.Խ.Ս.Հ.ին, այն երբեք չէր կորցնում անկա­խա­նա­լու եւ Մայր Հայաստա­նին միաւո­րուե­լու ձգտումը»։Ապօրինի, կամա­յա­կան եւ անարդար նման որո­շումի մը կայացման չարա­բաստիկ թուա­կանն է 1921ի Յուլիս 5ը։Այդ առումով ալ հայ քաղա­քա­կան մտքին համար Յուլիս 5ի ահա­զանգը միշտ պիտի հնչէ՝ ամէն անգամ, որ Հայաստա­նը պարփա­կող աշխարհի քաղա­քա­կան այս տարածքէն ներս, մեծա­պե­տա­կան մրցա­պայքա­րը կը սաստկա­նայ աշխարհա­քա­ղա­քա­կան նոր սահմա­նագծումնե­րու եւ ազդե­ցութեան գօտի­նե­րու վերա­դա­սաւորման օրակարգով։Հայ քաղա­քա­կան միտքը սթա­փութեան ու զգաստութեան հրաւի­րե­լու հրա­մա­յա­կա­նին կը ծառա­յէ 1921ի Յուլիս 5ի ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ կրկնութիւնը կանխե­լու ԱՀԱ­ԶԱՆԳը, որպէսզի տակաւին անտա­ռի օրէնքով կառա­վա­րուող մեծա­պե­տա­կան աշխարհին մէջ՝ պատրաստ ըլլանք միա­ցեալ ու հաւա­քա­կան ուժով դիմագրաւե­լու Հայաստա­նի ու հայութեան ՊԵՏԱԿԱՆ ՏԱՆ բարգաւաճման ու հզօ­րացման դէմ նիւթուող ամէն կարգի սադրանք։Որպէսզի ոչ միայն արտա­քին մեքե­նա­յութեանց, այլեւ հայ քաղա­քա­կան մտքի ներքին վէրքե­րուն ու վրէպնե­րուն հետեւանքով, Ազատ ու Անկախ Հայաստա­նը եւ Հայոց Ազգա­յին Պետա­կա­նութիւնը վերստին լծորդ չդարձուին մեծա­պե­տա­կան ուժե­րու ծաւա­լա­պաշտա­կան հաշուե­յարդարնե­րուն։

https://www.facebook.com/nazaretberberian/posts/3224652514292367

Առնչվող Հոդվածներ