20 C
Yerevan

Յուլիս 1968ի առա­ջին օրե­րուն ձերբա­կա­լուե­ցան Խորհրդա­յին Հայաստա­նի այլա­խո­հա­կան շարժման «Յանուն Հայրե­նի­քի» ամսագրին դրօ­շա­կիրնե­րը

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Յուշա­տետր

Ն. ՊԷՐՊէԷ­ՐԵԱՆ

Հայ ժողո­վուրդի ժամա­նա­կա­կից պատմութեան լրիւ չբա­ցա­յայտուած երեսնե­րէն մէկն է 1960ականներուն արա­գօ­րէն թափ առած եւ անմի­ջա­պէս խստա­գոյն հալա­ծանքի՝ ձերբա­կա­լութեանց, բանտարկութեանց եւ, մինչեւ իսկ, բանտա­յին սպա­նութեանց գնով խորհրդա­յին պետա­կան բռնա­դատման ենթարկուած հայ ազգայնա­կաննե­րու այլա­խո­հա­կան շարժումը։
Աւե­լի քան յիսուն տարի անցած է Հայաստա­նի մէջ խորհրդա­յին ամբողջա­տի­րութեան այդ հակա-այլա­խո­հա­կան բռնաճնշումէն ասդին։
1968ի Յուլիս 2–3ի օրե­րուն, Երեւա­նի մէջ, Խ. Միութեան Պետա­կան Անվտանգութեան Կոմի­տէի (Պ.Ա.Կ. — KGB) ծառա­յողնե­րը ձերբա­կա­լե­ցին եւ երկա­րա­մեայ բանտարկութեան դատա­պարտե­ցին խումբ մը հայ այլա­խո­հա­կաններ, որոնք ընդյա­տա­կեայ թերթ մը կը հրա­տա­րա­կէին՝ «Յանուն Հայրե­նի­քի» անունով։
Մինչեւ 1988ի Արցա­խեան պահանջա­տի­րութեան պոռթկումը, ոչ միայն խորհրդա­յին կողմն աշխարհի եւ նոյնինքն Հայաստա­նի մէջ, այլեւ արտերկրի տարածքին եւ, նմա­նա­պէս, սփիւռքա­հայ իրա­կա­նութեան այսպէս կոչուած «հայաստա­նա­սէր» շրջա­նակնե­րէն ներս, ընդհանրա­պէս արգի­լուած էր խօսիլ կամ գրել քաղա­քա­կան բանտարկեա­լի ծանր ճակա­տագրին դատա­պարտուած հայ այլա­խո­հա­կաննե­րուն եւ անոնց դէմ կիրարկուած դաժա­նա­գոյն պատժա­մի­ջոցնե­րուն մասին։
Բացա­ռութիւն կը կազմէր միայն դաշնակցա­կան մամուլը, որ Լիբա­նա­նի մէջ 1969ին իր հրա­տա­րա­կութեան նորա­գոյն շրջա­նը սկսած Հ.Յ.Դ. պաշտօ­նա­թերթ «Ազդակ Շաբաթօրեակ-ԴՐՕՇԱԿ»ի գլխաւո­րութեամբ, թէ՛ օրը օրին կ՚արձագանգէր ուղղա­կիօ­րէն հայրե­նի այլա­խոհնե­րու շրջա­նակնե­րէն ստա­ցուած տեղե­կութեանց, թէ՛ ընդյա­տա­կեայ հրա­տա­րա­կութեանց արտատպումնե­րով մեր ժողո­վուրդին կը ներկա­յացնէր հայ ազգայնա­կաննե­րու այլա­խո­հա­կան մտա­ծումնե­րը, կեցուածքնե­րը եւ քաղա­քա­կան առա­ջադրանքնե­րը՝ զօրակցե­լով յատկա­պէս ազգա­յին մեր յիշո­ղութիւնը վերա­կանգնե­լու ուղղութեամբ հոն տեղ գտած գաղա­փա­րա­կան դիրքո­րո­շումնե­րուն։
Ատե­նին, անշո՛ւշտ, Դաշնակցութիւնը շարունակ մեղադրանքի տակ առնուե­ցաւ հայ ազգայնա­կաննե­րուն եւ այլա­խո­հա­կաննե­րուն նկատմամբ իր դրսեւո­րած ե՛ւ լրա­տուա­կան արձա­գանգին, ե՛ւ զօրակցա­կան կեցուածքին համար՝ դատա­պարտուե­լով իբրեւ հակա­խորհրդա­յին քարոզչա­կան պայքա­րը շարունա­կող հայկա­կան միակ գաղա­փա­րա­կան հոսանքը։

*
* *

Խորհրդա­յին կարգե­րու տակ հալա­ծուող հայ ազգայնա­կաննե­րուն եւ այլա­խո­հա­կաննե­րուն նկատմամբ 1920ականներէն սկսած պարտա­դիր ու ամօ­թա­լի լռութիւնը աստի­ճա­նա­բար տեղի տուաւ 1980ականներուն, երբ համաշխարհա­յին տարո­ղութեամբ պայքա­րը սաստկա­ցաւ մարդկա­յին ու քաղա­քա­ցիա­կան իրաւունքնե­րը ոտնա­կո­խող խորհրդա­յին ամբողջա­տի­րութեան դէմ։
Համընդհա­նուր այդ զօրա­շարժին՝ Մարդկա­յին Իրաւանց Պաշտպաննե­րու եւ Ներումի Միջազգայնա­կա­նի ճնշումին տակ, խորհրդա­յին բանտե­րէն ազատ արձա­կուող եւ Խ. Միութե­նէն «արտաքսուող» քաղա­քա­կան բանտարկեալնե­րու ընդհա­նուր շրջա­գի­ծին մէջ, հայ ազգայնա­կաններն ու պահպա­նո­ղա­կաննե­րը եւս քայլ առ քայլ վերագտան իրենց ազա­տութիւնը. ոմանք պարտաւո­րուե­ցան կամ ուզե­ցին արտա­սահման անցնիլ, մեծ մասը սակայն մնաց հայրե­նի հողի վրայ եւ իր կարեւոր ներդրումը ունե­ցաւ 1988ի Արցա­խեան համա­ժո­ղովրդա­յին շարժման ալե­կո­ծումին մէջ։
Անոնց շարքին կարեւոր տեղ գրաւե­ցին Յովիկ Վասի­լեան եւ իր ընկերնե­րը, որոնք «Յանուն Հայրե­նի­քի» ընդյա­տա­կեայ թերթը հրա­տա­րա­կե­լու «յանցանք»ով երկա­րա­մեայ տաժա­նա­կիր բանտարկութե­նէ ազա­տագրուած՝ Փետրուար 1988ի Ղարա­բա­ղեան Շարժումի մակընթա­ցութեան ժամա­նակ հրա­պա­րակ իջան «Հայ Դատ» կազմա­կերպութեամբ եւ իրենց դրոշմը դրին հայրե­նի հայութեան ազգա­յին-քաղա­քա­կան զարթօնքի գաղա­փա­րա­կան հունաւորման վրայ։
Իսկ 2008ի Յուլիս 2ին, Հայաստա­նի Գրողնե­րու Միութիւնը յատուկ միջո­ցա­ռում մը նուի­րեց 60ականներուն լոյս տեսած «Յանուն Հայրե­նի­քի» ամսագրի անդրա­նիկ համա­րի խափանման 40ամեակին:

*
* *

1968ի Յուլիս 2ին Պ.Ա.Կ.ը ձերբա­կա­լած էր ամսագրին հրա­տա­րա­կիչնե­րը՝ ոչնչացնե­լով ամսագրի առա­ջին թիւին 343 օրի­նակնե­րը:
Բարե­բախտա­բար փճա­ցուած այդ համա­րին նիւթե­րը ամբողջութեամբ պահպա­նուած էին ձերբա­կա­լութե­նէ մազա­պուրծ գաղա­փա­րա­կիցնե­րու մօտ եւ 12 տարի առաջ՝ 2008ին, «Յանուն Հայրե­նի­քի» խափանման 40ամեակին առթիւ, վերահրա­տա­րա­կութեան արժա­նա­ցան ամսագրի խնդրոյ առարկայ համա­րին բոլոր յօդուածնե­րը, որոնք՝ այդ ժամա­նա­կուան համար շատ սուր լեզուով ու ծաղրով, քննա­դա­տութեան թիրախ դարձուցած էին խորհրդա­յին իշխա­նութիւննե­րու բռնա­պե­տա­կան կարգե­րը:
Համա­ցանցի վրայ Սերգէյ Գալո­յեան, «Եօթի գործը» խորագրուած իր ծաւա­լուն հրա­պա­րա­կումով, մանրա­մասնօ­րէն անդրա­դարձած է մեր ժամա­նա­կա­կից պատմութեան ուսա­նե­լի այդ դրուա­գին՝ «Ի՞նչ է կատա­րուել 1968 թուա­կա­նի Յուլի­սի 2ին» հարցադրումով: Եւ կը պատմէ հետեւեա­լը.
«Այդ օրը ձերբա­կա­լուե­ցին ընդյա­տա­կում տպագրուած «Յանուն Հայրե­նի­քի» ամսագրի հրա­տա­րա­կիչներ՝
«- Ասա­տուր Յունա­նի Բաբա­յեա­նը («Յանուն Հայրե­նի­քի» ընդյա­տա­կեայ կազմա­կերպութեան հսկող անձ, ծածկա­նունը «Զարզանդ Մաշտոց»).
«- Աղա­սի Անդրուշի Անտո­նեա­նը (ծնուել է 1931 թ. Փետրուա­րի 12ին, Սպի­տա­կի շրջա­նի Կաթնա­ջուր գիւղում, «Յանուն Հայրե­նի­քի» կազմա­կերպութեան տպագրա­կան գործե­րու ղեկա­վար, ծածկա­նունը‘ «Արտաւազդ Կոչենց», 1968ին դատա­պարտուել է 5 տարի ազա­տազրկման, մահա­ցել է 2000 թուա­կա­նի Նոյեմբե­րի 5ին).
«- Յովիկ Մարտի­նի Վասի­լեա­նը (ծնուել է 1936 թուա­կա­նի Փետրուա­րի 20ին, Իջեւա­նի Վերին Աղդան գիւղում, «Յանուն Հայրե­նի­քի» ընդյա­տա­կեայ կազմա­կերպութեան ղեկա­վար, գործել է Յարութիւն Բագրա­տունեանց ծածկա­նունով, դատա­պարտուել է 6 տարի ազա­տազրկման).
«- Շիրակ Պավե­լի Գիւնա­շեա­նը (ծնուել է 1939 թ. Մայի­սի 1ին, Ախուրեա­նի Հայկաւան գիւղում, կազմա­կերպութեան ֆինանսնե­րի գծով տեղա­կալ, ծածկա­նունը՝ Շաւարշ Սիրունեան, դատա­պարտուել է 4 տարի ազա­տազրկման, մահա­ցել է 1997 թուա­կա­նի Սեպտեմբե­րի 20ին).
«- Գէորգ Ռուբէ­նի Հեքի­մեա­նը (ծնուել է 1937 թուա­կա­նի Օգոստո­սի 15ին, Հալէ­պում, կազմա­կերպութեան ղեկա­վա­րի տեղա­կալ, ծածկա­նունը‘ Գարսեւան Յովհաննի­սեան, դատա­պարտուել է 6 տարի ազա­տազրկման, մահա­ցել է 2005 թուա­կա­նի Յունուա­րի 12ին).
«- Սարգիս Խաչի­կի Թորո­սեա­նը (ծնուել է 1930 թուա­կա­նի Փետրուա­րի 13ին Աշտա­րա­կի շրջա­նի Եղվարդ գիւղում, «Յանուն Հայրե­նի­քի» ընդյա­տա­կեայ կազմա­կերպութեան մատա­կա­րարման գծով տեղա­կալ, գործել է Սմբատ Պօղո­սեան ծածկա­նունով, դատա­պարտուել է 6 տարի ազա­տազրկման, մահա­ցել է 2000 թուա­կա­նի Ապրի­լի 19ին):
«Ձերբա­կալւում են նաեւ ամսագրի հրա­տա­րակմա­նը նպաստած Լեւոն Ռուբէ­նի Առուշա­նեա­նը (դատա­պարտուել է 1 տարի 6 ամիս ազա­տազրկման) եւ Հայկ Բաղդա­սա­րի Իսկանդա­րեա­նը, ով մահա­ցել է Պ.Ա.Կ.ի մեկուսա­րա­նում»:

*
* *

Բռնագրաւուած ամսագրի նիւթե­րուն ու գաղա­փա­րա­կան բովանդա­կութեան եւ ուղղութեան անդրա­դառնա­լով՝ Ս. Գալո­յեան կը մատնանշէ.
«… Ներկա­յացնե­լով պարբե­րա­կա­նի խնդիրնե­րը՝ ասւում է, որ բաց է բոլոր այն կազմա­կերպութիւննե­րի, կուսակցութիւննե­րի եւ անձնաւո­րութիւննե­րի համար, որոնք իրօք նպա­տակ ունեն պաշտպա­նե­լու հայ ժողովրդի շահե­րը եւ դրանք բարձր են դասում բոլոր տեսա­կի քաղա­քա­կան ու սոցիա­լա­կան հարցե­րից, հասկա­նում են ամբողջ հայ ժողովրդի միասնութեան ու միա­ձայնութեան կենսա­կան անհրա­ժեշտութիւնը:
«Արժէ առանձնա­յա­տուկ շեշտել, որ ամսագրի խմբագրա­կազմը, առա­ջարկե­լով ամէ­նօ­րեայ, յամառ, հետեւո­ղա­կան պայքա­րի անհրա­ժեշտութեան գիտակցութիւնը ներարկել ժողովրդին, քարո­զում է զերծ մնալ աւանտիւրիստա­կան քարոզնե­րից ու ազգայնա­մո­լութիւնից:
«Ամսա­գիրն իր առջեւ խնդիր էր դրել նաեւ ճշմա­րիտ գնա­հա­տա­կան տալ հայ ժողովրդի պատմութեան փաստե­րին:
«Այս իմաստով հետաքրքրա­կան է «Ապստամբութեան աղբիւրնե­րը» նիւթը, որը վերա­բե­րում է 1920 թուա­կա­նի Նոյեմբե­րի 29ին Դիլի­ջա­նում տեղի ունե­ցած «բանուո­րա­գիւղա­ցիա­կան յեղա­փո­խութեա­նը», այսինքն Հայաստա­նում խորհրդա­յին կարգե­րի հաստատմա­նը: Եւ այսպէս՝ Դեկտեմբե­րի 2ին իշխա­նութեան «խաղաղ փոխանցման» ժամա­նակ նոր իշխա­նաւորներ են երեւան գալիս:
«Ովքե՞ր էին նրանք»…
Այնուհե­տեւ կը կատա­րուի մերկա­ցումը առա­ջին հայ պոլշեւիկնե­րու բուն ինքնութեան, որոնք ցարա­կան կարգե­րէն վերապրած կա՛մ կեղե­քիչներ էին, կա՛մ ցարա­կան սպա­սարկութեանց ծառա­յողներ։ Ամսա­գի­րը անուն առ անուն ներկա­յա­ցուցած է զանոնք։
1968 թուա­կա­նին այսպի­սի՛ յօդուած մը հրա­տա­րա­կե­լը, խորհրդա­յին ամբողջա­տի­րութեան աչքին, մահա­ցու մեղք էր…
Եւ համա­պա­տասխան տարո­ղութեամբ ծանր ու դաժան եղաւ խորհրդա­յին իշխա­նութեանց հարուա­ծը՝ ուղղուած հայ երի­տա­սարդ ազգայնա­կաննե­րուն, որոնք 1965ին, Մեծ Եղեռնի յիսնա­մեա­կին առի­թով թափ առած Հայ Դատի պահանջա­տի­րութեան նուի­րեալ հաւա­տաւորներն էին եւ պատրաստ էին, գերա­գոյն զոհա­բե­րութեան գնով, տէր կանգնե­լու հայ ժողո­վուրդի ազգա­յին-քաղա­քա­կան իրաւունքնե­րու վերա­կանգնման, յատկա­պէս ազգա­յին մեր յիշո­ղութիւնը խորհրդա­յին Մեծ Ուրա­ցումէն եւ Նենգա­փո­խումէն ազա­տագրե­լու պայքա­րին։

*
* *

2 Յուլիս 1968ի ձերբա­կա­լութիւններն ու բանտարկութիւնը, յատկա­պէս «Յանուն Հայրե­նի­քի» անունով ընդյա­տա­կեայ լոյս տեսած թերթին խափա­նումը ուսա­նե­լի յուշա­րար մըն է հայոց սերունդնե­րուն համար։
Ուսա­նե­լի է նաեւ այն առումով, որ խորհրդա­յին բռնա­կալ հալա­ծանքին ու գաղա­փա­րա­կան լուծին դէմ արդա­րա­ցի ընդվզումը ապրած ու սպա­ռած է իր ժամա­նա­կը։
Հայաստա­նի վերանկա­խա­ցումով մեր ժողո­վուրդը թեւա­կո­խած է նոր դարաշրջան, ուր «ընդդէմ»ի մտայնութիւնը իր տեղը բնա­կա­նօ­րէն պէտք է զիջի «յանուն»ին՝ հայ ժողո­վուրդին վաղուան օրը առողջ հիմե­րու վրայ նուա­ճե­լու կոչուած գաղա­փարնե­րուն։
Տասնա­մեակներ առաջ հասկնա­լի եւ արդա­րա­նա­լի կրնա­յին ըլլալ Յովիկ Վասի­լեաննե­րու գաղա­փա­րա­խօ­սա­կան ընդհանրա­ցումնե­րը, թէ՝
«Միշտ էլ ազգա­յին շահե­րի ու արժէքնե­րի մասին ճամարտակմամբ, ցաւօք, մարդկութեան մեծա­մասնութիւնը կազմող քաղքե­նուն է մատուցւում էապէս ապազգա­յի­նը։ Եբրա­յե­րէ­նից գրա­բա­րի թարգմա­նուած աղօթքն ու շարա­կա­նը, կամ ռուսե­րէ­նից ու ֆրանսե­րէ­նից աշխարհա­բա­րի թարգմա­նուած սոցիա­լիզմի ու կոմունիզմի տեսութիւնն այդպի­սով չեն ազգայնա­նում»։
21րդ դարու երկրորդ տասնա­մեա­կը թեւա­կո­խած Հայաստանն ու հայութիւնը արդէն պէտք է կարե­նան, մօտաւոր անցեա­լի ստրկամտութեան ծանր բեռը թօթա­փե­լով, դէպի առջեւ նետուիլ եւ, աջին ու ձախին դէմ ինքնանպա­տակ սուր ճօճե­լու փոխա­րէն՝ հունաւո­րեն նոր ժամա­նակնե­րու եւ մարտահրաւէրնե­րու դիմագրաւման ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ։
«Յանուն Հայրե­նի­քի»՝ այսօր ամէն բանէ վեր կարի­քը ունինք ազգա­յին մեր յիշո­ղութեան վրայ խարսխուած՝ դէպի լիարժէք ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ ու լիի­րաւ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ նոր հորի­զոն բացող գաղա­փա­րա­կան ստեղծա­գործ թռիչքի։

https://www.facebook.com/nazaretberberian/posts/3216462478444704

Առնչվող Հոդվածներ