16.9 C
Yerevan

«Ես հաւա­տում եմ այն իշխանութեանը,որը վաղն է գալու»

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս։

Ն․ Պէրպէ­րեան

Բարի լոյս՝ աւե­լի ազատ, աւե­լի արդար եւ աւե­լի կատա­րեալ կեանքի ու հասա­րա­կարգի ԱՐԺԱՆԻ ԸԼԼԱԼՈՒ, այլեւ ՊԱՅԾԱՌ ԳԱԼԻՔԻՆ համար ոգի ի բռին պայքա­րող եւ ՆՊԱՏԱԿԻՆ ՀԱՍՆԵԼՈՒ ՀԱՒԱՏՔՈՎ իրենց օրը իմաստաւո­րող ԳԱՂԱՓԱՐԻ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒՆ։

Բարի լոյս՝ համա­ցանցի վրայ իրա­րու հետ զրուցող ԳԱՐԵԳԻՆ ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԵԱ­Նին եւ ՎԱՆԻԿ ՉԱԼՈ­ՅԵԱ­Նին, որոնց գրա­ռումէն հանուած է այսօ­րուան ԽՈԿՈՒՄԻ ԿԻԶԱԿԷՏը․-«Հիմա վատ չի, բայց վաղը աւե­լի լաւ ա լինե­լու, վաղը աւե­լի պարկեշտ մարդիկ են լինե­լու, քան երէկ եւ այսօր, ես հաւա­տում եմ այն իշխա­նութեա­նը, որը վաղն է գալու»…

Բարի լոյս՝ ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ՊԱՅԾԱՌԱՏԵՍՈՒԹԵԱՄԲ գալի­քին սեւե­ռող հայ քաղա­քա­կան մտքի մերօ­րեայ ջահա­կիրնե­րուն, որոնք ամե­նայն ԶԳՕՆՈՒԹԵԱՄԲ ձայն կուտան իրա­րու եւ կը խրա­խուսեն բոլո­րիս, որ «վաղը աւե­լի լաւ ա լինե­լու», որովհե­տեւ աջէն թէ ձախէն մոլեգնած ամէն կարգի սուտ ու կեղծ հրա­պա­րա­կումնե­րով կամ գրա­ռումնե­րով ողո­ղուած Հայ Քաղա­քա­կան Միտքը անտէր լքուած չէ, ՊԱՀԱԿՆԵՐԸ ԱՐԹՈՒՆ ԵՆ եւ մեր ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՁԱՅՆԻՆ ընդա­ռաջ՝ ընտրած են ԻՆՔՆԱՄԱՔՐՄԱՆ անշեղ ՈՒՂԻՆ, որպէսզի «վաղը աւե­լի պարկեշտ մարդիկ․․․ լինեն»։

Բարի լոյս՝ հայոց ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԶՕՐԱՑՄԱՆ սեւե­ռող ՄԵՐ ՈՒՂԻԻՆ, որ կը հունաւո­րէ ՎՃՌԱ­ԿԱ­ՆՈՒԹԻՒՆը Ազգի ու Հայրե­նի­քի վաղուան օրուան ՄԵԾ ՏԵՍԼԱԿԱՆՈՎ վերա­թարմա­ցած ՊԱՀԱՆՋԱՏԷՐ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ՝ դիմագրաւե­լով թունաւոր մակա­բուծութիւնը ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՄԵՐ ՈՒԺԸ ջլա­տել փորձող ՎԱՐՁԿԱՆՆԵՐՈՒՆ։

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ կը ծառա­յէ համա­ժո­ղովրդա­յին ո՛չ‑բռնի յեղա­փո­խութեան շղթա­յա­զերծած ազգա­յին-քաղա­քա­կան ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՄԱՆ, դէպի լուսանցք հրած է երէ­կուան ԻՇԽԱՆԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻ ՎԱՇԽԱ­ՌՈՒՆԵ­Րը, հետեւո­ղա­կան է ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐՈՒՆ ուղղութեամբ ներկայ իշխա­նութեանց ընթացքը հաշուե­տուութեան տակ պահե­լու իր ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ մէջ եւ, աւելի՛ն, պայքա­րունակ մեր երի­տա­սարդութեան հետ կ՚ազդարարէ բոլորին՝«Ես հաւա­տում եմ այն իշխա­նութեա­նը, որը վաղն է գալու»։

** *

Բարի լոյս՝ ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱ­Նի հետ Ռ․ ՔԻՓԼԻՆԿի «ԵԹԷ»էն ներշնչուող ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՅԱՌԱՋԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ․

ԵԹԷՌ․ ՔԻՓԼԻՆԿ

Եթէ կրնաս պահել գլուխդ առանձին,Երբ խուճա­պի մէջ է չորս դիդ ամէն մարդ,Եթէ կրնաս վստահ ըլլալ քու անձին,Երբ ուրիշներ կը կասկա­ծին քու վրադ,Եթէ կրնաս միշտ սպա­սել անձանձիր,Կամ չստել՝ շրջա­պա­տուած սուտերով,Ատողներու միջեւ մնալ սիրալիր,Եթէ կրնաս ըլլալ բարի, բայց ուժո՛վ.Եթէ կրնաս դուն երա­զել եւ սակայնՉըլլալ գերին երազնե­րուդ գերիշխող,Յաղթանակէն ետք հանդի­պիլ պարտութեա­նԵւ նո՛յն ձեւով ընդունիլ զոյգն այս խաբող.Եթէ կրնաս լսել քու խօսքդ վճիտՉա­րա­փո­խուած յիմարնե­րու ծուղա­կիՈւ խորտա­կուած տեսնել մեծ երկը կեանքիդ,Բայց վերստին զայն շինե­լու գաս ծունկի.Եթէ կրնաս շահը հազար ճիգե­րուՄէկ հարուա­ծով յանձնել բախտի սեղա­նի­նԵւ անտրտունջ, առանց երբեք ողբա­լուՎերսկսիլ ծայրէն ամէն ինչ կրկին,Եթէ կրնաս սիրտ ու ջիղեր ու մկանՄա­շումէն ետք նորէն լարել անդա­դա­րԵւ դիմա­նալ, երբ կորած է ամէն բան,Բացի կամքէն, որ կը մնայ մէջդ վառ.Եթէ կրաս արքա­նե­րու հետ պարզուկ,Ամբոխին մէջ՝ առա­քի­նի ըլլալ միշտ,Եթէ մարդիկ անզօր են քեզ առթել վիշտԵւ ամէ­նուն կու տաս արժէքն իր արդար,Եթէ սիրես, բայց սիրոյ խենթ չդառնաս.Քո՛ւկդ է երկիրն ու իր գանձերն անհա­մա­րԵւ աւե­լին՝ այն ատեն Մա՛րդ ես, տղաս:Թարգմ.՝ Մուշեղ Իշխան

Եթէ կրնաս պահել գլուխդ առանձին,
Երբ խուճա­պի մէջ է չորս դիդ ամէն մարդ,
Եթէ կրնաս վստահ ըլլալ քու անձին,
Երբ ուրիշներ կը կասկա­ծին քու վրադ,
Եթէ կրնաս միշտ սպա­սել անձանձիր,
Կամ չստել՝ շրջա­պա­տուած սուտե­րով,
Ատողնե­րու միջեւ մնալ սիրա­լիր,
Եթէ կրնաս ըլլալ բարի, բայց ուժո՛վ.

Եթէ կրնաս դուն երա­զել եւ սակայն
Չըլլալ գերին երազնե­րուդ գերիշխող,
Յաղթա­նա­կէն ետք հանդի­պիլ պարտութեան
Եւ նո՛յն ձեւով ընդունիլ զոյգն այս խաբող.
Եթէ կրնաս լսել քու խօսքդ վճիտ
Չարա­փո­խուած յիմարնե­րու ծուղա­կի
Ու խորտա­կուած տեսնել մեծ երկը կեանքիդ,
Բայց վերստին զայն շինե­լու գաս ծունկի.

Եթէ կրնաս շահը հազար ճիգե­րու
Մէկ հարուա­ծով յանձնել բախտի սեղա­նին
Եւ անտրտունջ, առանց երբեք ողբա­լու
Վերսկսիլ ծայրէն ամէն ինչ կրկին,
Եթէ կրնաս սիրտ ու ջիղեր ու մկան
Մաշումէն ետք նորէն լարել անդա­դար
Եւ դիմա­նալ, երբ կորած է ամէն բան,
Բացի կամքէն, որ կը մնայ մէջդ վառ.

Եթէ կրաս արքա­նե­րու հետ պարզուկ,
Ամբո­խին մէջ՝ առա­քի­նի ըլլալ միշտ,
Եթէ մարդիկ անզօր են քեզ առթել վիշտ
Եւ ամէ­նուն կու տաս արժէքն իր արդար,
Եթէ սիրես, բայց սիրոյ խենթ չդառնաս.
Քո՛ւկդ է երկիրն ու իր գանձերն անհա­մար
Եւ աւե­լին՝ այն ատեն Մա՛րդ ես, տղաս:

Թարգմ.՝ Մուշեղ Իշխան

https://www.facebook.com/nazaretberberian/posts/3239215192836099

Առնչվող Հոդվածներ