16.9 C
Yerevan

Ամբողջա­կա­նօ­րէն թիկունք կը կանգնինք Հայաստա­նի հերո­սա­կան բանա­կին, որ մեր հայրե­նի­քի պաշտպա­նութեան սուրբ գործը յառաջ կը տանի ամե­նայն արհեստա­վարժութեամբ (Հ․Յ․Դ․ Արեւմտեան Միա­ցեալ Նահանգնե­րու Կեդրո­նա­կան Կոմի­տէի Յայտա­րա­րութիւն)

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

Ն․ ՊԷՐՊէԷ­ՐԵԱՆ

Բարի լոյս՝ աշխարհի չորս ծագե­րուն ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ձայնը բոլո­րին լսե­լի ու հասկնա­լի դարձնող ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՊԱՅՔԱ­Րի բոլոր ՅԱՌԱՋԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ։

Բարի լոյս՝ Հայ Քաղա­քա­կան Մտքի ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ԶԻՆՈՒՐԱԳՐԵԱԼՆԵՐՈՒՆ, որոնք աշխարհով մէկ ԱՀԱԶԱՆԳ կը հնչեցնեն՝ Հայաստա­նի եւ Հայ Ժողո­վուրդին դէմ ԹՈՒՐՔԻԱ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ միա­ցեալ ճամբա­րի կողմէ նիւթուող ՍԱԴՐԱՆՔԸ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵԼՈՒ ԿՈՉՈՎ։

Բարի լոյս՝ ընդհանրա­պէս Ամե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նահանգնե­րու ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ եւ որո­շա­պէս Հ․Յ․Դ․ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ Մ․ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ Կ․ ԿՈՄԻՏԷԻՆ, որոնք ԱՏՐՊԷՅՃԱ­Նին տրա­մադրուող ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵ­Րը սահմա­նա­փա­կե­լու եւ հակակշռի տակ պահե­լու ԾԱՒԱԼՈՒՆ ԱՐՇԱՒի ձեռնարկած են։

Հայաստա­նի ուղղութեամբ Ատրպէյճա­նի գործած ռազմա­կան վերջին ՈՏՆՁԳՈՒԹԻՒՆՆԵ­Րը եւ անոնց անմի­ջա­պէս զօրակցող ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՀԱԿԱՀԱՅ ՍՊԱՌՆԱ­ԼԻ­Քը բաւա­րար ԱԶԴԱՆՇԱՆ են, որպէսզի ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՇԻՒ ՊԱՀԱՆՋԷ՝ համաթրքա­կան ՉԱՐԻՔԻ հակա­հայ նախա­յարձակման նորո­վի ՀՐԱՀՐՄԱՆ վերա­բե­րեալ։

Բարի լոյս՝ ՀԱՄԱԹՐՔԱԿԱՆ անարգ ներխուժումը ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ԴԻՄԱԳՐԱՒՈՂ Հայոց Բանա­կի ՀԵՐՈՍՆԵՐՈՒՆ քաղա­քա­կան զօրակցութեան հասնող ՊԱՀԱՆՋԱՏԷՐ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ բոլոր ՄԱՐՏՈՒՆԱԿՆԵՐՈՒՆ, որոնք ոչ միայն Միա­ցեալ Նահանգնե­րուն, այլեւ քաղա­քա­կան աշխարհի բոլոր ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ կը հնչեցնեն հատու ահա­զանգը, թէ՝

«Բնաւ զուգա­դի­պութիւն չէ, որ անցեալ շաբաթ Թուրքիոյ նախա­գահ Էրտո­ղա­նի քրիստո­նէա­կան մեծա­գոյն եւ հնա­գոյն եկե­ղե­ցին՝ Այա Սոֆիան, մզկի­թի վերա­ծե­լու քայլին անմի­ջա­պէս յաջորդեց Պաքուի յարձա­կումը Հայաստա­նի վրայ եւ, այս յարձա­կումին առի­թով, Ատրպէյճա­նի իր ցեղա­կից եղբայրնե­րուն զօրակցե­լու յայտա­րա­րութիւն մը կատա­րեց Թուրքիա, միա­ժա­մա­նակ զգուշացնե­լով Հայաստա­նը՝ չհա­կա­դարձե­լու, նոյնիսկ ինքնա­պաշտպա­նութեան նպա­տա­կով»:

Բարի լոյս՝ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ եւ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ի խնդիր մղուող Հայ Ժողո­վուրդի ԻՐԱՒԱՏԻՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱ­Րի բոլոր ԶՕՐԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ, որոնք նաեւ այս առի­թով կ՚ազդարարեն աջին թէ ձախին, որ՝

«Դեռ կը յիշենք եւ աշխարհը չի կրնար մոռնալ, որ Թուրքիա ցարդ չէ մեղանչած յաչս հայութեան ցեղասպա­նա­կան իր անցեա­լին համար»:

Հայ ժողո­վուրդը աշխարհով մէկ ԿԸ ՅԻՇԷ ու ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ։

https://m.facebook.com/story.php?story_fbid=3256510541106564&id=100002429502147

Առնչվող Հոդվածներ