26.4 C
Yerevan

ԿԱՍԿԱԾԵԼԻ՜ ՄԱՐԴԻԿ…

ԳԵՎՈՐԳ ԹՈՐՈՅԱՆ

Ռուբէն Տէր Մինա­սեան իր «Հայ Յեղա­փո­խա­կա­նի Մը Յիշատակներ»ու երկրորդ հատո­րին մէջ Վանի Դաշնակցութեան կազմա­կերպութեան մասին կը գրէ հետեւեա­լը.-

Դաշնակցութեան շարքե­րուն մէջ կային միայն կիսագրա­գէտներ եւ արհեստաւորներ, ինչպէս Պետո­յի ժամա­նակ։ Եթէ Դաշնակցութիւնը կարո­ղա­նար Բաղէշցեա­նը եւ իր ընկերնե­րը ձեռք ձգել, ան Վասպուրա­կա­նի ուղե­ղը ձեռք ձգած կը լինէր։ Արա­մը կը ցանկա­նար այդ ուժե­րը մտցնել Դաշնակցութեան շարքե­րը, բայց ան հնա­րաւո­րութիւն չունէր, մանաւանդ որ տեղա­ցի­նե­րէն կարգ մը ընկերներ մեծ մասամբ անձնա­կան հաշիւնե­րով՝ հակա­ռակ էին որ անոնք ընդունուէին Դաշնակցութեան մէջ։ Չէ՞ որ արեւի երեւա­լո­վը աստղե­րը կը խամրին։

Ռուբէն իր այս տողե­րուն մէջ կ՛անդրադառնայ երկու երեւոյթնե­րու։

Նախ ան չի յիշա­տա­կեր թէ որոնք էին «անձնա­կան հաշիւնե­րը», որոնց պատճա­ռով Բաղէշցեա­նը եւ ընկերնե­րը դժուա­րութիւն ունէին Դաշնակցութեան շարքե­րը մտնե­լու։ Այլ խօսքով, Դաշնակցութեան մէջ կային ընկերներ, որոնք իրենց անձնա­կան շահե­րը կը գերա­դա­սէին կուսակցութեան շահե­րէն։ Այս երեւոյթին մասին կը խօսի Ռուբէն նաեւ յ՛ իր յուշե­րուն 7րդ հատո­րին մէջ, երբ կ՛ըսէ թէ 1918ին երբ Դաշնակցութիւնը իշխա­նութիւն դարձաւ Հայաստա­նի մէջ, կասկա­ծե­լի մարդիկ մտան Դաշնակցութեան շարքե­րը, որոնք հետա­գա­յին՝ 1920ին փորձանք դարձան կուսակցութեան գլխուն։ Այս մասին անդրա­դարձ կայ նաեւ 1980ական թուա­կաննե­րու Դրօ­շա­կի տարբեր խմբագրա­կաննե­րու մէջ, ուր կ՛ըսուի թէ Դաշնակցութեան մէջ յաճախ մուտք կը գործեն պատե­հա­պաշտ ու ոչ-գաղա­փա­րա­կան անհատներ, որոնք յաճախ ոչ դաշնակցա­կա­նա­վա­յել կեցուածքնե­րով թէ կուսակցութե­նէն ներս եւ թէ կուսակցութե­նէն դուրս կ՛աղաւաղեն կուսակցութեան դիմա­գի­ծը։

Հետա­գա­յին Արա­մի (Մանուկեան), Վանայ Իշխա­նի, Ռուբէ­նի եւ Վասպուրա­կա­նի այլ գործիչնե­րու ջանքե­րով Բաղէշցեա­նը եւ ընկերնե­րը, որոնք նախա­պէս մաս կը կազմէին Արմե­նա­կան կուսակցութեան, միա­ցան Դաշնակցութեան եւ իբրեւ այդպի­սին գործե­ցին մինչեւ վերջ։ Որովհե­տեւ Վանի ղեկա­վա­րութիւնը համո­զուած էր որ միմիայն «կիսագրա­գէտներ եւ արհեստաւորներ» ունե­նա­լով կարե­լի չէ ժողո­վուրդը ղեկա­վա­րել։ Արա­մը եւ ընկերնե­րը համո­զուած էին որ անհրա­ժեշտ է Վան քաղա­քի մտաւո­րա­կան մասսան միա­նայ Դաշնակցութեան, որպէսզի Դաշնակցութեան հմայքն ու արժէ­քը բարձրա­նան յաչս ժողո­վուրդին։ Անոնք գիտա­կից էին որ կուսակցութեան որա­կը ոչ այնքան կուսակցա­կան ընկերնե­րու մեծ մասսան էր, այլեւ մտաւո­րա­կա­նութիւնը։ Այդ պատճա­ռով ալ ամէն ջանք գործադրե­ցին Դաշնակցութեան շարքե­րը համալրե­լու մտաւո­րա­կան տարրով։

Առ այդ, ինչպէս բոլոր կուսակցութիւննե­րու, նոյնպէս Դաշնակցութեան գաղա­փա­րա­կան դիմա­գիծ եւ ուղղութիւն տուո­ղը, հմայք ու դիմա­գիծ արտա­յայտո­ղը իր մտաւո­րա­կա­նութիւնն է։

https://m.facebook.com/story.php?story_fbid=10220617888550697&id=1639292865

Առնչվող Հոդվածներ