13.5 C
Yerevan

Լիզպո­նի Հինգին գերա­գոյն զոհա­բե­րումը‘ Հայ Դատի ուժա­կան պայքա­րի բագի­նին

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Յուշա­տետր

27 Յուլիս 1983.

Ն. Պէրպէ­րեան

Յուլիս 27ի այս օրը, 37 տարի առաջ, հայ ժողո­վուրդի մերօ­րեայ պատմութեան մէջ փակուե­ցաւ գերա­գոյն անձնա­զո­հութեան հերո­սա­կան էջ մը, որպէսզի անոր ներշնչումով՝ հայոց ապրող եւ գալիք սերունդնե­րը վերա­նո­րո­գեն, Հայաստա­նի եւ հայութեան ամբողջա­կան ազա­տագրութեան համար, մինչեւ վերջին շունչ պայքա­րը շարունա­կե­լու ազգա­յին-յեղա­փո­խա­կան անդառնա­լի ուխտը։

1983 թուա­կա­նի Յուլիս 27ի այդ օրը, Փորթուկա­լի մայրա­քա­ղաք Լիզպո­նը աստե­ղա­յին ժամադրա­վայրը դարձաւ Ազատ, Անկախ եւ Միա­ցեալ Հայաստա­նի իրա­կա­նացման ուժա­կան պայքա­րին զինուո­րագրուած յեղա­փո­խա­շունչ հինգ հայորդի­նե­րու, որոնք գերա­գոյն զոհա­բե­րութեան իրենց հերո­սա­կան խոյանքով՝ նորո­վի կեանք ներարկե­ցին «իմա­ցեալ մահով անմա­հութիւնը նուա­ճե­լու» հայ ազգա­յին գաղա­փա­րա­խօ­սութեան։

Լիզպո­նի Հինգ Ողջա­կէզնե­րը թրքա­կան դեսպա­նա­տան համա­լիր շէնքէն շատ ու շատ աւե­լին խորտա­կե­ցին իրենց ինքնա­զո­հա­բե­րութեան ուժա­նա­կով։

Հիմնա­յա­տակ կործա­նե­ցին հայ ժողո­վուրդին դէմ թրքա­կան պետութեան գործադրած ցեղասպա­նա­կան մեծա­գոյն ոճի­րին շուրջ Թուրքիոյ եւ մեծա­պե­տա­կան աշխարհին հիւսած Ուրա­ցումի եւ Լռութեան ծանրա­նիստ պատե­րը…

- «Առանց հայրե­նի­քի, առանց մայր հողին՝ ո՛չ ապա­գայ կայ, ո՛չ կեանք, ո՛չ ընտա­նիք կ՚ըլլայ: Առանց մայր հողին, առանց ազգին, որեւէ ընտա­նիք գոյութիւն չ՚ունե­նար»,- հաւա­տա­ցած էր եւ բոլո­րիս պատգա­մեց Արա Քըրճը­լեան։

- «Շատ հպարտ եմ, որ հայ ծնած եմ, որովհե­տեւ հայ պիտի մեռնիմ: Շատ ուրախ եմ այս գործո­ղութեամբ: Հիմա մեր ապրած կեանքը իսկա­պէս որ կեանքէ զատ՝ ամէն ինչի կը նմա­նի: Կ՚ապրինք ուրի­շին տիրա­պե­տութեան տակ, ուրի­շին խամա­ճիկներն ենք»,- յայտա­րա­րած էր Սիմոն Եահնիեան՝ հնչեցնե­լով ղօղանջը համա­հայկա­կան Զարթնումի:

- «Ինչպէս որ կ’ըսէ երգը՝ «Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար»: Այո՛, մենք խենթեր ենք, բայց չակերտեալ խենթեր: Եկէ՛ք, միացէ՛ք մեզի: Կը հաւա­տամ, որ կը տիրա­նանք մեր հայրե­նի­քին»,- պոռթկացած էր եւ առաջնորդող ու վարա­կիչ կենդա­նի օրի­նակ մեզ կտա­կած էր Սագօ Աբրա­հա­մեան։

- «Ես բնա­կան մահով պիտի չմեռնիմ. զոհը պիտի չըլլամ ճակա­տագրի խաղե­րուն: Ես Հայ Դատի զինուոր եմ. կեանքս պիտի զոհեմ այդ ճամբուն վրայ»,- ազդա­րա­րած ու բոլորս ոգեշնչած էր Վաչէ Տաղլեան։

- «Մենք առա­ջիննե­րը չենք, որ կը քալենք, մեզմէ առաջ շատեր քալած են եւ կը յուսամ, որ մեզմէ աւե­լի լաւերն ալ պիտի գան, մեզմէ աւե­լի գործեր պիտի ընեն»,- եզրա­փա­կած ու մարգա­րէա­ցած էր Սեդօ Աճէ­մեան։

Ահա այսպէ՛ս, Լիզպո­նի Հինգին գերա­գոյն զոհա­բե­րութեան ոգեշնչող խորհուրդո՛վ իմաստաւո­րուե­ցաւ 1983 թուա­կա­նի Յուլիս 27ն հայ ժողո­վուրդի ազգա­յին ինքնա­ճա­նաչման ու հաւա­քա­կան յիշո­ղութեան մէջ։

«Ահա այսպէ՛ս արշաւե­ցին Լիզպոն զոհուած քաջ ընկերներ»ը։

*

*   *

Յուլիս 27ի այս օրը, 37 տարի առաջ, Լիզպո­նի մէջ, թրքա­կան դեսպա­նութեան համա­լիր շէնքը արիւնա­լի թատե­րա­բե­մը դարձաւ հայկա­կան իւրօ­րի­նակ ողջա­կիզման։

Հինգ երի­տա­սարդ հայորդի­ներ, Հ.Յ.Դ. Լիբա­նա­նի Երի­տա­սարդա­կան Միութեան մարտունակ անդամներ, յանուն Հայ Դատի պահանջա­տի­րութեան, ուժա­նա­կով պայթե­ցուցին եւ օդը հանե­ցին թրքա­կան պետութիւնը խորհրդանշող շէնքը՝ հերո­սա­կան գաղա­փա­րա­պաշտութեամբ Հայ Դատի պայքա­րին նուի­րա­բե­րե­լով իրենց գերա­գոյնը, դեռա­տի կեա՛նքը։

«Հայ Յեղա­փո­խա­կան Բանակ»ին զինուո­րագրուած գաղա­փա­րի մարտիկներ էին Արա, Վաչէ, Սիմոն, Սեդօ եւ Սագօ։ Սիմո­նը նահա­տա­կուե­ցաւ գործո­ղութեան առա­ջին փուլին, դեսպա­նութեան համա­լի­րը գրաւե­լու գրո­հի ընթացքին։ Արա, Վաչէ, Սեդօ եւ Սագօ չուշա­ցան միա­նա­լու մարտի­րո­սա­ցած իրենց ընկե­րոջ՝ յանուն Ազգի եւ Հայրե­նի­քի վերա­տի­րացման պայքա­րին գերա­գոյն զոհա­բե­րութեան վերա­նո­րոգ աւանդ մը կտա­կե­լով մեր սերունդնե­րուն։

Կայծակնա­յին արա­գութեամբ իրա­գործուած ամբողջ գործո­ղութիւնը այնքան ցնցիչ էր, որ ոչ միայն աշխարհով մէկ ցրուած պահանջա­տէր հայութիւնը, այլ նաեւ Հայկա­կան Իրաւունքին ու Արդա­րութեան շուրջ ուրացման պատ քաշած ցեղասպան Թուրքիան եւ անոր հետ քայլ պահող Ամօ­թա­լի Լռութեան մեծա­պե­տա­կան ուժե­րը սահմռկե­ցան։

Լիզպո­նի Հինգին անունով եւ միջազգա­յին զանգուա­ծա­յին լրա­տուութեան բոլոր միջոցնե­րով՝ Հայ Յեղա­փո­խա­կան Բանա­կը անմի­ջա­պէս տարա­ծեց հանրա­յին կարծի­քը լուսա­բա­նող հաղորդագրութիւն մը.

- «Մենք որո­շած ենք պայթեցնել այս շէնքը եւ մնալ անոր փլա­տակնե­րուն տակ։ Ասի­կա ո՛չ ինքնասպա­նութիւն է, ոչ ալ խելա­գա­րութեան դրրսեւո­րում մը, այլ ընդհա­կա­ռակն՝ մեր զոհա­բե­րումն է ազա­տութեան բագի­նին»։

Լիզպո­նի Հինգի հարա­զատնե­րուն, ընկերնե­րուն եւ աշխարհասփիւռ հայութեան համար օրին դժուար եղաւ հաւա­տալ, որ այնքա՜ն կենսուրախ եւ ապա­գա­յի հեռանկարնե­րով խանդա­վառ հայորդի­ներ, իրենց անձին օրի­նա­կով, որո­շած էին գործքով հաստա­տել — հայ ժողո­վուրդի եւ Հայաստա­նի ազա­տագրութեան պայքա­րին ծառա­յե­լու ճամբուն վրայ — գերա­գոյն զոհա­բե­րութեան պատրաստ գտնուե­լու գաղա­փա­րա­կան ուխտը։

Անոնք «խենթ»եր էին, կենսուրախ զաւակներն էին հայ ժողո­վուրդին դէմ թրքա­կան պետութեան գործադրած ցեղասպա­նութե­նէն վերապրած, հայրե­նա­զուրկ դարձած հայրե­րու, որոնք կրցած էին յաղթա­հա­րել տարագրութեան հետ եկած կեանքի դժուա­րութիւննե­րը, ճաշա­կած էին հիւղաւաննե­րու եւ թիթե­ղա­շէն դպրոցնե­րու դաժան պայմաննե­րը եւ կրցած էին հայու աշխա­տա­սի­րութեան, ձեռնե­րէ­ցութեան ու ստեղծա­գործ ոգիին կենսա­յորդ աշխուժութիւնը մարմնաւո­րել եւ ազգա­յին ու պահանջա­տի­րա­կան շունչով սերունդ թրծել։

Արա, Վաչէ, Սիմոն, Սեդօ եւ Սագօ Ցեղասպա­նութե­նէն վերապրած տարա­գիր հայութեան նորա­հաս երրորդ սերունդին կը պատկա­նէին։ Ամէն հիմք ունէին կեանքին փարե­լու եւ վայե­լե­լու իրենց աշխա­տանքին պտուղնե­րը։

Բայց Ազգի եւ Հայրե­նի­քի սպանդին ու տեղա­հա­նութեան, բռնագրաւումին եւ կործանման մեծ ու խորա­գոյն Խոցը, այլեւ՝ հայկա­կան Իրաւունքին ու Արդա­րութեան դէմ հիւսուած միջազգա­յին Լռութեան եւ Ուրա­ցումի Պատին առթած անհուն Ցասումը, բառին ծանրա­գոյն իմաստով, մեծ օտա­րա­կաննե­րու վերա­ծած էին Լիզպո­նի Հինգին ամբողջ սերունդը՝ հայու ուծացման վրայ խարսխուած աշխարհի ու կեանքի… բարիքնե­րուն հանդէպ։

*

*   *

Սեփա­կան ու մայրե­նի լեզուով եւ մշա­կոյթով լիարժէք ապրե­լու եւ արա­րե­լու ներքին կրա­կը, պապե­նա­կան հողին վրայ հայա­շունչ կեանք ու ազատ ապա­գայ կերտե­լու եւ վայե­լե­լու բուռն պահանջը եւ, մանաւա՛նդ, արեւուն տակ հայու հպարտութեամբ քալե­լու անյագ ծարաւը Լիզպոն առաջնորդե­ցին գրո­հա­յին մարտունա­կութիւնը Հինգ Խենթե­րուն, որպէսզի նախ սեփա­կան ժողո­վուրդի իրենց սերնդա­կիցնե­րուն, ապա՝ ցեղասպան թրքա­կան պետութեան ժառանգորդնե­րուն եւ, վերջա­պէս, լուռ ու անտարբեր հայեացքով հայոց ողբերգութեան նայող աշխարհին առաւե­լա­գոյն ուժա­կա­նութեամբ փոխանցեն Հայ Դատի անժա­մանցե­լի ՊԱՏԳԱ­Մը։

Այդպէ՛ս, Լիզպո­նի Հինգին գերա­գոյն զոհա­բե­րութիւնը դարձաւ նորօ­րեայ պատգա­մա­բե­րը Ազատ, Անկախ ու Միա­ցեալ Հայաստա­նէն դուրս բոլոր խաբուսիկ հեռանկարնե­րը մերժե­լու Հայու Ազգա­յին-Յեղա­փո­խա­կան անդառնա­լի Ուխտին։

Լիզպո­նի Հինգին ողջա­կի­զումը խորհրդանշեց յեղա­փո­խա­կան դաշնակցա­կանի պատրաստա­կա­մութիւնը՝ գերա­գոյն զոհա­բե­րութեան անձնակա՛ն օրի­նա­կով՝ շրջե­լու պատմութեան թաւալգլոր անկումի անիւը եւ վերա­հաստա­տե­լու հայոց ազգա­յին արժա­նաւո­րութիւնը, ի խնդիր հայոց անփո­խա­րի­նե­լի Իրաւունքն ու Արդա­րութիւնը սեփա­կան ուժով վերա­կանգնե­լու պայքա­րին։

Ահա այսպէ՛ս Լիզպո­նի Հինգին գերա­գոյն զոհա­բե­րութեան անմար ոգին վերա­նո­րո­գեց հայ ժողո­վուրդի ամբողջա­կան ազա­տագրութեան պայքա­րին անսա­կարկ զինուո­րագրուե­լու հայոց նորա­հաս սերունդնե­րուն մարտունա­կութիւնը, Հայ Դատին արդար լուծումը անկեղծ զինուո­րի անձնա­զո­հութեամբ նուա­ճե­լու՝ արեա՛մբ նուի­րա­գործած գաղա­փա­րա­կան յանդգնութիւնը։

Եւ Իրաւունքի ու Արդա­րութեան ամբողջա­կան վերա­կանգնումին անսա­կարկ պահանջա­տի­րութեամբ եւ յարա­տեւ կռուի ուղիով իր երթը շարունա­կող նորօ­րեայ հայը, այսօր թէ վաղը, երբ իր զաւակնե­րուն հայե­ցի շունչ ու գաղա­փա­րա­կան թռիչք կը ներարկէ, անպայման պիտի յիշէ եւ միշտ պիտի յիշեցնէ օրի­նա­կը Լիզպո­նի Հինգին՝ իբրեւ յաւերժին մէջ արձա­գանգող պոռթկումը հայոց արդար ցասումին։

Ահա թէ ինչո՛ւ Յուլիս 27ին, ամէն տարի, հայ ժողո­վուրդը իր հոգիին խորը հոգե­հանգստեան պաշտօն կը կատա­րէ եւ կը խոնարհի յիշա­տա­կին առջեւ Ազգի ու Հայրե­նի­քի ազա­տութեան եւ անկա­խութեան բագի­նին զոհա­բե­րուած Լիզպո­նի Ողջա­կէզնե­րուն՝ Արա­յին, Վաչէին, Սիմո­նին, Սեդրա­կին եւ Սագո­յին։

Լիզպո­նի Հինգին հետ մեր էութեան կենսուրախ մէկ բջի­ջը ողջա­կի­զուե­ցաւ, որպէսզի իբրեւ ոգեշնչող անմար կրակ՝ իւրա­քանչիւր հայու մէջ կռա­նէ կամքը եւ ուժը մինչեւ վերջին շունչ պայքա­րե­լու պատրաստա­կա­մութեան՝ ընդդէմ համա­կերպումի եւ պարտուո­ղա­կա­նութեան, յուսալքումի եւ անձնա­տուութեան ամէն կարգի փորձութեանց,

Մինչեւ յաղթա­կան ու հերո­սա­կան նուա­ճումը Հայաստա­նի եւ Հայութեան ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ։

https://www.facebook.com/nazaretberberian/posts/3286653861425565

Առնչվող Հոդվածներ