16.9 C
Yerevan

Հայութեան կը մնայ պատրաստուիլ յաջորդ ռաունտին, որուն համար անհրա­ժեշտ է բոլո­րին համախմբումը՝ հայրե­նի իշխա­նութեան եւ ազգա­յին բանա­կին շուրջ

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

Հիմա արդէն իսկ գործադրութեան դրուած է «նոր պատե­րազմ, նոր տարածքներ» սկզբունքը ու թշնա­միի կողմէ զինա­դա­դա­րի իւրա­քանչիւր խախտումին կը տրուի համարժէք պատասխան՝ ընթացքին բարե­լաւե­լով

սահմա­նի վրայ Հայկա­կան դիրքե­րը:

Ն․ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Բարի լոյս՝ ազգա­յին-քաղա­քա­կան եւ գաղա­փա­րա­կան-կուսակցա­կան ՆԵՐՔԻՆ ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ այն վարա­կիչ հոսանքին, որ այս օրե­րուն ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԻ գօտեպնդող ԻՆՔՆԱՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ոգեւո­րած է հայ քաղա­քա­կան մտքի ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ հատուածնե­րը՝ ի Հայաստան, բայց յատկա­պէս ի սփիւռս ՀԱՅԱՇԽԱՐՀի։

Բարի լոյս՝ ՀԱՅՈՑ ՔԱՋԱՐԻ ԲԱՆԱ­Կին շնորհիւ Հայաստա­նի ՊԵՏԱԿԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ կողմէ Ատրպէյճա­նի զինեալ ուժե­րու Յուլիս 12ի ԱՆԱՐԳ ՆԱԽԱ­ՅԱՐՁԱ­ԿՈՒՄին տրուած ՀԱՏՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԻՆ, որու զգետնիչ ՀԱՐՈՒԱԾԻՆ ՈՒԺԳՆՈՒԹԵՆԷՆ դեռ չէ կրցած ՍԹԱՓԻԼ համաթրքութեան հակա­հայ ցնորքով կուրա­ցած ԱԼԻԵՒԻ ԻՇԽԱ­ՆՈՒԹԻՒՆը։

Բարի լոյս՝ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ԹՈՒՐՔԻԱՆ հաւա­սա­րա­պէս ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ նկա­տող եւ Հայաստա­նի դէմ նիւթուած ՀԱՄԱԹՐՔԱԿԱՆ ԴԱՒը մերկացնող հայ մամուլի դրօ­շա­կիրնե­րուն, որոնց շարքին Ա․Մ․Ն․ Արեւմտեան Շրջա­նի հնչա­կեան պաշտօ­նա­թերթը՝ «ՄԱՍԻՍ» շաբա­թա­թերթը, 22 Յուլիս 2020ի իր համա­րով, ամե­նայն խորութեամբ եւ ուժգնութեամբ խտա­ցուցած է ՁԱՅՆը աշխարհասփիւռ հայութեան ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՑԱՍՈՒՄին։

*

*   *

Ո՞ւր Եւ Ինչպէ՞ս Սխա­լե­ցաւ Ատրպէյճա­նի Նախա­գա­հը

«ՄԱՍԻՍ», 07/22/2020

Վերջին օրե­րուն Հայաստան-Ատրպէյճան սահմա­նին կը տիրէ յարա­բե­րա­կան հանդարտութիւն, որ կը յաջորդէ շաբաթ մը առաջ տեղի ունե­ցած ռազմա­կան բաւա­կան բուռն գործո­ղութիւննե­րուն, որոնց ընթացքին Հայկա­կան բանա­կը յաջո­ղե­ցաւ պատժիչ գործո­ղութիւններ իրա­կա­նացնել հակա­ռա­կորդին դէմ՝ հասցնե­լով անոր մարդկա­յին, դիրքա­յին եւ մեծ թիւով զինա­տե­սակնե­րու կորուստներ:

Վերջին օրե­րուն ամէ­նէն աւե­լի բարձրա­ցած հարցե­րէն մէկը այն է, թէ ինչո՞ւ այս պահուն, եւ ինչո՞ւ Հայաստա­նի հետ սահմա­նին, այլ ոչ թէ Արցա­խեան ճակա­տին ուղղութեամբ եղաւ Պաքուի այս վերջին արկա­ծախնդրութիւնը, որուն համար ան վճա­րեց բաւա­կան սուղ գին:

Քննարկուող բացատրութիւննե­րէն մէկը այն է, որ Ատրպէյճա­նի նախա­գա­հը կրնար եւ ազդուած ըլլալ Հայաստա­նի ներքին իրա­դարձութիւննե­րով եւ յատկա­պէս ընդդի­մադրութեան կողմէ տարա­ծուած լուրե­րով:

Ամիսներ շարունակ նախկին իշխա­նութիւննե­րուն յարող լրա­տուա­մի­ջոցնե­րը տժգոյն գոյնե­րով կը ներկա­յացնեն Հայաստա­նի ներքին իրա­վի­ճա­կը: Անոնց քարո­զիչնե­րը միա­բե­րան կը կրկնեն, թէ՝ երկի­րը քայքայման եզրին է, սովը պատած է ժողո­վուրդի մեծ մասին, ապազգա­յին իշխա­նութիւննե­րը պատրաստ են յանձնե­լու Ղարա­բա­ղը, համա­վա­րա­կը անվե­րահսկե­լի է, Փաշի­նեա­նի վարկա­նի­շը իջած է 10 տոկո­սի, եւ ամէ­նէն գլուխ գործո­ցը՝ նախկին վարչա­պետ Հրանդ Բագրա­տեա­նի այն խօսքը, թէ՝ «Եթէ Ալիեւի տեղը ըլլա­յի, հիմա Հայաստա­նի վրայ յարձա­կե­լու լաւա­գոյն պահն է»:

Այս բոլո­րը լսե­լով՝ հաւա­նա­բար Ալիեւի մօտ եւս յառա­ջա­ցած էր այն համոզմունքը, որ իսկա­պէս պահը եկած է ստուգե­լու Հայաստա­նի հակազդե­ցութեան աստի­ճա­նը:

Կար ժամա­նակ, երբ Ազե­րի բանա­կի նախա­յարձակ գործո­ղութիւննե­րուն Հայկա­կան կողմը կը պատասխա­նէր ինքնա­պաշտպա­նա­կան քայլե­րով: Սակայն, հիմա արդէն իսկ գործադրութեան դրուած է «նոր պատե­րազմ, նոր տարածքներ» սկզբունքը ու թշնա­միի կողմէ զինա­դա­դա­րի իւրա­քանչիւր խախտումին կը տրուի համարժէք պատասխան՝ ընթացքին բարե­լաւե­լով սահմա­նի վրայ Հայկա­կան դիրքե­րը:

Այս օրե­րուն տեղե­կութիւններ կը շրջին, որ Հայկա­կան զօրքե­րը մէկ լեռնաշղթայ առաջ շարժած են եւ իրենց տեսա­դաշտին յայտնուած են տափաստան շրջաններ, ուրկէ կ՚անցնին նաեւ ատրպէյճա­նա­կան կարեւոր ենթա­կա­ռուցուածքներ, որոնց շարքին՝ Պաքուի-Թիֆլիս-Ճէյհան կազի խողո­վա­կա­շա­րը:

Այս մասին լուռ են Հայաստա­նի պաշտօ­նա­կան աղբիւրնե­րը, հաւա­նա­բար միջազգա­յին կառոյցնե­րուն կողմէ քննա­դա­տութեան չարժա­նա­նա­լու համար:

Միւս կողմէ՝ Ատրպէյճան եւս չ՚ուզեր հաստա­տել իր դիրքա­յին կորուստնե­րը, աւե­լի չբա­րո­յազրկե­լու համար իր ներքին հանրա­յին կարծի­քը:

Կասկա­ծէ վեր է, որ այս օրե­րուն Ալիեւ կը գտնուի խարխա­փումի մէջ եւ մեղաւորներ կը փնտռէ նաեւ իր սահմաննե­րէն ներս: Ան մերթ կը մեղադրէ իր երկրի դիւա­նա­գէտնե­րը, մերթ՝ իր իսկ ժողո­վուրդը, որ կը մերժէ զինուո­րագրուիլ սահման փութա­լու համար: Սակայն իրա­կա­նութիւնը այն է, որ ստեղծուած կացութեան գլխաւոր մեղաւո­րը կը մնայ անձնա­պէս ի՛նք՝ շարունա­կե­լով յենիլ պատե­րազմի միջո­ցաւ հարցեր լուծե­լու սպառնա­լիքնե­րուն վրայ եւ, այդպի­սով, զիջումներ ակնկա­լե­լով Հայկա­կան կողմէն:

Տաւուշի շրջա­նին մէջ տեղի ունե­ցած ռազմա­կան գործո­ղութիւննե­րը եւ անոնց արդիւնքնե­րը յստակ բանա­ձեւե­լով՝ Վարչա­պետ Նիկոլ Փաշի­նեան յայտա­րա­րեց.- «Հայաստա­նի Զինուած Ուժե­րը ցոյց տուե­ցին բացա­ռիկ բարձր մակարդա­կի մարտունա­կութիւն՝ ոչ միայն ապա­հո­վե­լով Հայաստա­նի սահմաննե­րի անձեռնմխե­լիութիւնը, այլեւ ջախջա­խե­լով մէկուկէս տասնա­մեակ Ատրպէյճա­նի գործող նախա­գա­հի կողմից կառուցուած միֆը՝ ատրպէյճա­նա­կան բանա­կի մարտունա­կութեան մասին»:

Իր հասցէին ուղղուած այս վիրաւո­րանքնե­րուն Ալիեւ չունի պատասխան եւ ստի­պուած է որոշ ժամա­նակ լռութիւն պահե­լու, մինչեւ որ մոռա­ցութեան մատնէ իր հերթա­կան պարտութիւնը:

Մինչ այդ, Հայութեան կը մնայ պատրաստուիլ յաջորդ ռաունտին, որուն համար անհրա­ժեշտ է բոլո­րին համախմբումը՝ հայրե­նի իշխա­նութեան եւ ազգա­յին բանա­կին շուրջ:

Իսկ ընդդի­մա­դիրնե­րէն կ՚ակնկալուի ըլլալ կառուցո­ղա­կան՝ հեռու մնա­լով, գիտակցա­բար թէ անգի­տակցա­բար, հակա­ռա­կորդին աշխուժա­նա­լու առիթներ տալու փորձութե­նէն:

Բարի լոյս՝ հայ մամուլն ու լրա­տուա­մի­ջոցնե­րը ընդհանրա­պէս իրենց ԿՈՉՈՒՄԻՆ ԲԱՐՁՐՈՒԹԵԱՆ վրայ պահե­լու ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԳՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ, որպէսզի հայ հանրա­յին կարծի­քը ԱՌԱՋՆՈՐԴԵԼՈՒ առումով՝ մամլոյ սպա­սարկունե­րը ըլլան ԱՌԱՐԿԱՅԱԿԱՆ, հետա­մուտ մնան ԺՈՂՈ­ՎՈՒՐԴը ԻՐԱԶԵԿԵԼՈՒ իրենց ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ եւ գերին չդառնան գաղա­փա­րա­կան կամ կուսակցա­կան իրենց ՆԱԽԱ­ՍԻ­ՐՈՒԹԻՒՆՆԵ­Րը եւ ԴԻՐՔՈ­ՐՈ­ՇՈՒՄՆԵ­Րը ամէն գնով՝ սուտով ու կեղծի­քով անգամ տարա­ծե­լու ԱՊԱՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ՔԱՐՈԶՉՈՒԹԵԱՆ։

Բարի լոյս՝ «Կայսրին բաժի­նը Կայսեր, իսկ Աստուծոյ բաժի­նը Աստուծոյ» վերա­պա­հե­լու բազմա­դա­րեան ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ, որպէսզի Ազգի ու Հայրե­նի­քի ՕՐՀԱՍԱԿԱՆ ՊԱՀԵՐՈՒՆ բոլո­րով ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ԲՌՆՑՔՈՒԻՆՔ՝ ընդհա­նուր թշնա­միին ԱՐԺԱՆԻ ՀԱՐՈՒԱԾ հասցնե­լու համար, իսկ Հայաստա­նի ու Հայութեան ՊԱՅԾԱՌ ԳԱԼԻ­Քը կերտե­լու ներքին ԶՕՐԱՇԱՐԺԻ ԺԱՄԱՆԱԿ՝ բարո­յա­կան իրաւունքը ունե­նանք ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ եւ ԻՆՔՆԱՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ, այլեւ Ճիշդին ՃԻ՛ՇԴ, իսկ Սխա­լին ՍԽԱ՛Լ ըսե­լու ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՂ ՅԱՆԴԳՆՈՒԹԵԱՆ։

https://m.facebook.com/story.php?story_fbid=3292729890817962&id=100002429502147

Առնչվող Հոդվածներ