20 C
Yerevan

Հայաստա­նի ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆ Է՝Առաջքը առնել ԹՐՔԱԿԱՆ ՍԱԼԻՆ եւ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՄՈՒՐՃԻՆ միջեւ վերստին ՅԱՅՏՆՈՒԵԼՈՒ, ՃԶՄՈՒԵԼՈՒ ՕՐՀԱ­Սին

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

Ն․ Պէրպէ­րեան

Բարի լոյս՝ հայ ժողո­վուրդի բազմա­չարչար պատմութեան դաժան դասերէն առաջնորդուե­լով ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ հարթող Հայ Քաղա­քա­կան Մտքի ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ դրօ­շա­կիրնե­րուն, որոնք կոչուած են ամե­նայն ԶԳՕՆՈՒԹԵԱՄԲ ոգի ի բռին Հայ Ազա­տագրա­կան Շարժման ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒՈՂ ԵՐԹԸ պահելու ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ իր ՓՐԿԱՐԱՐ ՀՈՒՆին մէջ՝ դիմագրաւե­լու եւ վնա­սա­զերծե­լու համար ԹՈՒՐՔԵՒՌՈՒՍ ՀԱԿԱՀԱՅ «ՄԵՂՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ» որո­գայթնե­րու տակաւին յածող ՈՒՐՈՒԱԿԱՆը։

Բարի լոյս՝ Ազգի եւ Հայրե­նի­քի 28 Յուլիս 2014ի օրատետրէն ՖԵՏԱՅԱԿԱՆ «ՈՐՍԿԱՆ» ԽՈՒՄԲի արշաւանքին ՈՂԲԵՐԳԱԿԱՆ ՎԱԽՃԱ­Նին վրայ հակող, թուրքեւռուս սահմա­նա­պահ զօրքե­րու ձեռամբ անարգօ­րէն սպանդի ենթարկուած Հայ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՊԱՏԳԱ­Մը ներշնչման աղբիւրի վերա­ծած մերօ­րեայ ՀԱՅ ԱԶԱՏԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ։

Բարի լոյս՝ որո­շա­պէս եւ առաջնա­հերթա­բար Հայկա­կան Բանա­կի ՔԱՋԱՐԻ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒՆ, որոնք արդէն պատրաստ են, ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԶՈՀԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ գնով, թոյլ չտա­լու կրկնութիւնը ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՉԱՐԻՔԻՆ՝

- Հայաստա­նի ազատ ու անկախ պետա­կա­նութեան ՀԻՄՔին սպառնա­ցող ԹՐՔԱԿԱՆ ՍԱԼԻՆ եւ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՄՈՒՐՃԻՆ միջեւ ՅԱՅՏՆՈՒԵԼՈՒ, ՃԶՄՈՒԵԼՈՒ վտանգին։

Բարի լոյս՝ 1988էն ի վեր Արցա­խի ազա­տագրումին համար պայքա­րող եւ Հայաստա­նի ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ եւ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱ­ԿԱՆԳՆՈՒՄը պետա­կա­նօ­րէն ամրապնդող եւ արմա­տաւո­րող Հայ Քաղա­քա­կան Մտքի բոլոր ՅԱՌԱՋԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ, որոնք աւե­լի քան երե­սուն տարիէ ի վեր ԱՐԹՈՒՆ ԿԸ ՀՍԿԵՆ, որպէսզի ՀԱՄԱԹՐՔԱԿԱՆ ՑՆՈՐՔԻ ՑԵՂԱ­ՊԱՇՏՆԵ­Րը չկա­րե­նան ՀԱԿԱՌՈՒՍԱԿԱՆ ԽՐԱՄԻ ՄԷՋ ՀՐԵԼ ԵՒ ՄԵԿՈՒՍԱՑՆԵԼ հայոց ԱԶԱ­ՏԱ­ՄԱՐՏի ազգա­յին-քաղա­քա­կան ՌԱԶՄԱ­ՎԱ­ՐՈՒԹԻՒՆը։

Բարի լոյս՝ թուրքեւռուսա­կան հակա­հայ «մեղսակցութեան» դառն բաժա­կը քանիցս ցմրուր ճաշա­կած Հայ Քաղա­քա­կան Մտքի ՋԱՀԱԿԻՐՆԵՐՈՒՆ, որոնք ինչպէս 2016ի Ապրի­լեան Քառօ­րեայ պատե­րազմի օրե­րուն, նոյնպէս եւ անցեալ Յուլիս 12ի ՏԱՒՈՒՇԵԱՆ սահմա­նա­յին ռազմա­կան առճա­կատման ժամա­նակ՝ ամէն կողմէ ԱՀԱԶԱՆԳ հնչե­ցուցին, որպէսզի Հայաստա­նը կարե­նայ մէկ կողմէ սեփա­կան ուժե­րով ետ մղել նախա­յարձակ թշնա­մին, իսկ միւս կողմէ կանխել ու ձախո­ղութեան մատնել Ռուսաստա­նը դարպա­սե­լու եւ սիրա­շա­հե­լու ԱԼԻԵՒ-ԷՐՏՈՂԱՆ քաղա­քա­կան-դիւա­նա­գի­տա­կան տենդոտ «սիրաբանութիւններ»ը․․․

Բարի լոյս՝ Հայաստա­նի ժողո­վուրդին եւ պետութեան, հայոց բանա­կին եւ հասա­րա­կա­կան ներուժին ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԿԱՄՔը ռազմա­վա­րա­կա­նօ­րէն բիւրե­ղացնող վարչա­պետ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻ­ՆԵԱ­Նի կառա­վա­րա­կան ՈՒՂԵԳԻԾԻՆ՝ ի պատասխան Ռուսաստա­նի անունով Հայաստա­նին սպառնա­ցող եւ ռուսնե­րուն իրենց «ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ»ը առա­ջարկող ամէն կարգի հայա­նուն ցեցե­րուն․-

«Ռուսաստա­նում պէտք է հասկա­նան՝ Հայաստա­նում իրենց դաշնա­կի­ցը Փաշի­նեա­նը չէ, Տէր-Պետրո­սեա­նը չէ, Սարգսեա­նը չէ, Քոչա­րեա­նը չէ, այլ՝ հա՛յ ժողո­վուրդն է․ սա շատ կարեւոր նրբութիւն է: Շատ գործիչներ երկար տարի­ներ դիրքաւորւում էին որպէս միանձնեայ դաշնա­կից Ռ․Դ․ի հետ: Բայց դաշնա­կի­ցը Հայաստա՛նն է եւ հա՛յ ժողո­վուրդը, ոչ թէ կոնկրետ դէմքեր, ընտա­նիքներ, գործա­րարներ, ոչ թէ կոնկրետ քաղա­քա­կան գործիչներ եւ ոչ նրա համար, որ ինչ-որ մէկը շատ կամ քիչ է սիրում Ռուսաստա­նը, այլ որովհե­տեւ մենք ունենք ընդհա­նուր ռազմա­վա­րա­կան շահեր՝ անկախ Փաշի­նեա­նից, Տէր-Պետրո­սեա­նից, Պօղո­սեա­նից, Իվա­նո­վից եւ Սիդրո­վից: Ի՞նչ անել, որպէսզի դաշնակցա­յին յարա­բե­րութիւննե­րում չլի­նեն նման հարցեր. ուղղա­կի Հայաստա­նի դէպքում պէտք է հաշուի նստել Ռուսաստա­նի եւ ռուս ժողովրդի զգացմունքնե­րի եւ ձգտումնե­րի հետ, ռուսներն էլ պէտք է հաշուի նստեն հայ ժողովրդի զգացմունքնե­րի եւ ձգտումնե­րի հետ»:

https://www.facebook.com/nazaretberberian/posts/3290814761009475

Տես՝ https://www.aravot.am/2020/07/28/1126308/

Առնչվող Հոդվածներ