14.7 C
Yerevan

ԿԱՌՈՒՑԵՆՔ ՄԵՐ ԵՐԿԻՐԸ

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Աւօ Պօղո­սեան

Թրքա­կան պետութիւնը մինչեւ այսօր ալ իր արեւե­լեան՝ պատմա­կան Հայաստա­նի տարածքնե­րուն մէջ, համե­մա­տած իր արեւմտեան տարածքնե­րուն, ճանա­պարհա­շի­նութեան նոյնքան կարեւո­րութիւն չէ տուած, եւ այդ՝ քաղա­քա­կան նպա­տակնե­րով, որովհե­տեւ այդ տարածքնե­րը բնա­կե­ցուած են առաւե­լա­բար քիւրտե­րով, հետեւա­բար՝ պէտք է մնան յետամնաց ու տնտե­սա­պէս թոյլ։

Ու այս՝ հասկնա­լի է իրենց տեսանկիւնէն դիտած։

Անհասկնա­լին այն է, որ մեր երկի­րը՝ Հայաստա­նը անցալ երե­սուն տարի­նե­րու ընթացքին ձգուած էր իր բախտին ու գրե­թէ ոչ մէկ ճանա­պարհա­շի­նութիւն չէր իրա­կա­նա­ցուած, բացի Երեւան Կիւմրի ու մի քանի այլ կարեւոր քաղաքնե­րու միջեւ եղածնե­րը, որոնց մասին նաեւ կան փտտա­ծութեան շատ փաստարկուած պատմութիւններ, վկայ՝ Քըրք Քրքո­րեա­նի — նեղա­նա­լով — կապե­րը Հայաստա­նի հետ խզե­լը։

Իսկ գիւղե­րու միջեւ ճանա­պարհնե­րու մասին ամէնքս գիտենք։

Փոխուած է հիմա իրա­վի­ճա­կը։

Ճանա­պարհներ կը կառուցուին անգամ գիւղա­կան շրջաննե­րու մէջ, ու այս ռազմա­վա­րա­կան նշա­նա­կութիւն ունի առա­ջին հերթին, որովհե­տեւ այդ կ՚օգնէ տնտե­սութեան զարգացման, ինչ որ իր հերթին կ՚արգելակէ արտա­գաղթը։

Երկրի մը զարգացման եւ յառաջդի­մութեան չափո­րո­շիչնե­րէն մէկն է նաեւ իր ունե­ցած ճանա­պարհնե­րու ընդհա­նուր երկա­րութիւնը, համե­մա­տած տարա­ծութեան հետ։

Փոքր երկիր մը կրնայ աւե­լի երկար ճանա­պարհներ ունե­նալ, քան իրմէ անհա­մե­մատ աւե­լի մեծ երկիր մը։

Օրի­նակ՝ Իսրա­յէ­լը ունի ընդհա­նուր 18․000 քմ․ երկա­րութեան ճանա­պարհներ, մինչ Սուրիան — որ ինն անգամ աւե­լի մեծ է – ունի 55․000 քմ․։

Հայաստանն ունի մօտաւո­րա­պէս 8000 քմ․ ընդհա­նուր երկա­րութեամբ ճանա­պարհներ։

Մենք թէ՛ պէտք է նորո­գենք եւ կուպրա­պա­տենք եղածնե­րը — ինչպէս արդէն ընթացքի մէջ են — եւ թէ՛ կառուցենք նորե­րը — ինչպէս կը նախա­տե­սուի ընել՝ ունե­նա­լու համար այլընտրանքա­յին ուրիշ ճանա­պարհ դէպի Արցախ։

Հռո­մը երկար ժամա­նակ կայսրութիւն մնաց՝ առաւե­լա­բար իր ճանա­պարհա­յին ցանցե­րուն շնորհիւ։

Իզուր չէ, որ մինչեւ այսօր կը գործա­ծենք «բոլոր ճամբա­նե­րը Հռոմ կը տանին» ասոյթը։

Կառուցե՛նք մեր երկի­րը։

Առնչվող Հոդվածներ