Բարի Լոյս

«Դուն ալ արժանացար «անարժան» դաշնակցականներուս շարքերուն միանալու ճակատագրին։ Մենք կը մնանք հաւատարիմ մեր գաղափարներուն՝ ՄԵՐ ՈՒՂԻԻՆ»

Բարի լոյս

31 Յուլիս 2020

Ն․Պէրպէրեան

Բարի լոյս՝ Հայաշխարհի ամբողջ տարածքին Ազգին ու Հայրենիքին ծառայող ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ, որոնք ՇԱՐՔԱՅԻՆ ԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆ ըլլան կամ ոչ՝ ՈՒԽՏԱԾ են «ԻՄ ԲՈԼՈՐ ՈՒԺԵՐՈՎ, ԻՍԿ ԵԹԷ ՀԱՐԿ ԼԻՆԻ՝ ՆԱԵՒ ԿԵԱՆՔԻՍ ԳՆՈՎ, ԾԱՌԱՅԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԴԱՏԻՆ»։

Բարի լոյս՝ իրենց ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ԵՐԴՈՒՄին մինչեւ վերջին շունչ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԱՊՐՈՂ գաղափարի մարտիկներուն, նոյնիսկ եթէ Հ․Յ․Դ․ անունով ԳՈՐԾՈՂ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆը որոշէ զանոնք հեռացնել․․․ «ԻՐ ՇԱՐՔԵՐԷՆ»։ Ահա այդպէ՛ս, շուրջ յիսուն տարուան ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ ունեցող արժանաւորի մը՝ ՅԱՐՈՒԹ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆին երէկ հեռացուցին ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵՆԷՆ։

ՀԵՌԱՑՆՈՂՆԵՐՈՒՆ մասին գաղափար կազմելու համար, դիտեցէք ԻՇԽԱՆ ՍԱՂԱԹԷԼԵԱՆ անունով վերջին մէկ-երկու տարին համացանցը եւ ՄԵՐ ՄԱՄՈՒԼին առաջին էջերը ողողած Հ․Յ․Դ․ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ լուսանկարներու եւ յայտարարութեանց ճոխ հաւաքածոն։

https://www.google.com/search?q=%D5%AB%D5%B7%D5%AD%D5%A1%D5%B6+%D5%BD%D5%A1%D5%B2%D5%A1%D5%A9%D5%A7%D5%AC%D5%A5%D5%A1%D5%B6&rlz=1C1JZAP_enGR888GR888&tbm=isch&source=iu&ictx=1&fir=XU0SAfn2GgqtsM%252CbqVXus6uQk20_M%252C_&vet=1&usg=AI4_-kSBVz01U3ZFprtm01noJlcDC6FoNg&sa=X&ved=2ahUKEwj024SSs_fqAhWylYsKHcgJBPwQ_h0wFHoECAsQBQ#imgrc=XU0SAfn2GgqtsM

Յետոյ՝ եթէ տակաւին ժամանակ ու սիրտ ունիք, կրնաք կարդալ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵՆԷՆ միայն անունը պահած այսօրուան կուսակցութեան ԻՆՔՆԱԿՈՉ «ՄԱՅՐ ԿԱՌՈՅՑ»ԻՆ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ գրասենեակներէն ԴԻՄԱՏԵՏՐով այսօր հանդէս եկած գրչակներու ՀԱՅՀՈՅԱՆՔՆԵՐՈՒՆ․․․ որոնք ուղղուած են՝ արդէն վտարուած, այսօր նոր հեռացուած եւ վաղը իրենց հերթին վտարուելու ԿԱՆՈՆԱԳՐԱՅԻՆ (մեծ ու փոքր իշխաններու ԿԱՄԱՅԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ) ՈՐՈՇՈՒՄի ենթարկուած ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հասցէին։

** *

Ահա՛ «հեռացուած» Դաշնակցականին ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ՑԱՒը հանրութեան դատաստանին յանձնող դիմատետրային գրառումը՝ՅԱՐՈՒԹ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆՀԵՌԱՑՈՒՄ Հ.Յ.Դ. ՇԱՐՔԵՐԷՆԱւելի քան 40 տարիներ գործելէ ետք Հ․Յ․Դ․ շարքերէն ներս՝ այսօր տեղեկացայ, թէ Հայաստանի Գ․Մ․-ը զիս հեռացուցած է շարքերէն՝ FB-եան գրառումներուս համար։

Այս առիթով ու առաջին անգամ ըլլալով՝ պարտաւոր կը զգամ յայտարարելու, թէ վերջին աւելի քան 20 տարիներու ընթացքին, Հ.Յ.Դաշնակցութեան անցեալի ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՀՄԱՅՔԸ հասած է այսօր անհամաչափօրէն տխուր աստիճանի՝ ԳԼԽԱՒՈՐԱԲԱՐ Հայաստանեան Կառոյցի ԱՆԻՆՔՆՈՒՐՈՅՆ քաղաքականութեան պատճառով, յատկապէս՝ երկար տարիներ սերժ-քոչարեանական իր գործակցութիւնը Հ․Յ․Դ․ Օրակարգին վրայ պահելով եւ անհատի արտայայտութեան իրաւունքը ճզմելով։

Ես անշեղօրէն պիտի շարունակեմ դաշնակցական արժէքներով լիցքաւորուած ճանապարհս՝ յանուն ազգիս ու հայրենիքիս։

30 Յուլիս 2020

Մուղնի / Հայաստան

Ահա՛ եւ գրառումին ի պատասխան «կարգապահներու» լուտանքները՝ համացանցի վրայ ցուցադրուած «մեկնաբանութիւններու» սողանքահանդէսով․

https://www.facebook.com/permalink.php?story_fbid=631677987471404&id=100018876251131

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆԲարի լոյս«Դուն ալ արժանացար «անարժան» դաշնակցականներուսշարքերուն միանալու ճակատագրին։Մենք կը մնանք…

Posted by Nazareth Berberian on Friday, July 31, 2020
    

One Response to “«Դուն ալ արժանացար «անարժան» դաշնակցականներուս շարքերուն միանալու ճակատագրին։ Մենք կը մնանք հաւատարիմ մեր գաղափարներուն՝ ՄԵՐ ՈՒՂԻԻՆ»”

  1. Հայկազ Պետրոսեան Reply

    Եւ պիտի շարունակուի «Մաքրագործումը», երբ մաքուր շարքայինները իրենց մէջ քաջութիւն զգան բերանները բացելու, բողոքելու կամ քննադատելու: Քիչ չեն նրանք:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *