26.4 C
Yerevan

Հայաստա­նի ՀԱՅԱՑՄԱՆ պատմա­կերտ նուա­ճումին անկորնչե­լի ԱՒԱՆԴը

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

Ն․ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Բարի լոյս՝ 1920 թուա­կա­նին Հայաստա­նը թուրք-թաթար եւ հայութեան նկատմամբ թշնա­մա­բար տրա­մադրուած այլազգի տարրե­րէ ԱԶԱՏԱԳՐԱԾ, ՄԱՔՐԱԾ եւ ՀԱՅԱՑՈՒՑԱԾ Հայ Քաղա­քա­կան Մտքի ՔԱՋԱՐԻ եւ ՀԵՌԱՏԵՍ ՅԱՌԱՋԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ։

Բարի լոյս՝ ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՀԱՅԱՑՄԱՆ ՍՈՒՐԲ ԳՈՐԾԻՆ իրենց ԿԵԱՆՔՆ ՈՒ ԱՐԻՒՆԸ ԱՆՍԱԿԱՐԿ ԶՈՀԱԲԵՐԱԾ հայոց Գաղա­փա­րի Մարտիկնե­րուն, որոնց ՅԱՌԱՋԱՊԱՀ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ կարգին՝ ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆԻ, ՌՈՒԲԷՆ ՏԷՐ-ՄԻՆԱՍԵԱՆԻ, ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀԻ եւ ԶՕՐԱՎԱՐ ՍԵՊՈՒՀի հետ, յաղթա­հա­սակ կանգնած է ՄՐՐԿԱԾԻՆ ԴՐՕ։

Բարի լոյս՝ հարիւր տարի առաջ ողջ ԶԱՆԳԵԶՈՒՐԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆը ոգեւո­րած եւ ՍԵՓԱԿԱՆ ՈՒԺԻՆ հանդէպ ՀԱՒԱՏՔՈՎ ու ԻՆՔՆԱՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՄԲ գօտեպնդած Հայկա­կան Բանա­կին, որ 2 Օգոստոս 1920ի այս օրը, Զօրա­վար Դրո­յի գլխաւո­րութեամբ՝ յաղթա­կան մուտք գործեց Զանգե­զուրի ԱԶԱՏԱԳՐԵԱԼ մայրա­քա­ղա­քը՝ Գորիս։

Բարի լոյս՝ Հայ Ժողո­վուրդի ՀԻՄՆԱԿԱՆ եւ ՄՆԱՅՈՒՆ ՆՈՒԱՃՈՒՄՆԵՐՈՒՆ մէջ իրենց ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԸ ՓՆՏՌՈՂ եւ, աւելի՛ն, Ազգն ու Հայրե­նի­քը կենսաւո­րող ԱՐԺԷՔՆԵ­Րը անցո­ղիկ նախա­սի­րութիւննե­րէ եւ փորձութիւննե­րէ ՎԵՐ ՊԱՀՈՂ Հայոց Սերունդնե­րուն, որոնց ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ու ԻՆՔՆԱՄԱՔՐՄԱՆ վարար աղբիւրը ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՏԱՆՋՈՒԱԾ ՍԻՐՏՆ Է՝ Հայաստա­նի ու Հայութեան ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ եւ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ գաղա­փա­րա­կան անփո­խա­րի­նե­լի հնո­ցը։

Բարի լոյս՝ Հայաստա­նի ՀԱՅԱՑՄԱՆ հարիւրա­մեա­կին առի­թով իր գինու բաժա­կը բարձրացնող ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՀԱՅՈՒՆ։

*

* *

1920 թուա­կա­նի այս օրը՝ 2 Օգոստո­սը խորհրդանշա­կան թուա­կան մը եղաւ հայ ժողո­վուրդին եւ Հայաստա­նի համար։

1920ի Յուլի­սին, Ղարա­բա­ղէն Երեւան վերա­դարձի իր ճամբուն վրայ, Զանգե­զուրի տարածքին ապստամբութեան դրօշ պարզած թուրք-թաթար եւ պոլշեւիկ խռո­վա­րարնե­րու միա­ցեալ ուժե­րուն դէմ իր յատուկ զօրա­մա­սով հերո­սա­կան կռիւներ մղե­լէ եւ Հայաստա­նի հարաւը թշնա­մա­կան որջե­րէն ազա­տագրե­լէ ետք, զօրա­վար Դրօ յաղթա­կան մուտք գործեց Գորիս 2 Օգոստոս 1920ին։

Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան կարճա­տեւ կեանքի ընթացքին ձեռք բերուած կարեւո­րա­գոյն նուա­ճումնե­րու շարքին իր առանձնա­յա­տուկ արժէքն ու նշա­նա­կութիւնը ունե­ցաւ եւ միշտ պիտի ունե­նայ նորանկախ մեր երկրին հայա­ցումը՝ Երեւա­նէն մինչեւ Նախի­ջեւան ու Զանգե­զուր երկա­րող հարաւա­յին շրջաննե­րը թուրք-թաթար խռո­վա­րար տարրե­րէն մաքրե­լու ռազմա­վա­րա­կան ծրագրին յաջո­ղութեամբ պսա­կումը։

Դեռ գրուած չէ սպա­ռիչ պատմութիւնը Հայաստա­նի հայացման։ Առաւե­լա­բար յուշագրա­կան էջե­րու եւ պատմագրա­կան յղումնե­րու ճամբով մեզի հասած են տարրա­կան տեղե­կութիւններ Հայաստա­նի հայացման այդ ծրագրին՝ անոր մտայղացման հեղի­նակնե­րուն, գործնա­պէս իրա­գործողնե­րուն եւ գործադրութեան փուլե­րուն մասին։ Յատուկ կարեւո­րութեամբ շեշտուած է Նիկոլ Աղբա­լեա­նի եւ Ռուբէն Տէր-Մինա­սեա­նի դերա­կա­տա­րութիւնը ծրագրի յղացման ու կազմա­կերպման մէջ։ Իսկ Հայաստա­նի հայա­ցումը գործնա­պէս իրա­գործե­լու առումով՝ ընդգծուած է վճռո­րոշ դերա­կա­տա­րութիւնը զօրա­վարներ Սեպուհի, Գարե­գին Նժդե­հի եւ Դրո­յի։

Դրօ հիմնա­կան ներդրում ունե­ցաւ հայոց ազգա­յին բանա­կի կազմաւորման մէջ։ Դաշնակցա­կան ահա­բե­կի­չի իր կրա­կի մկրտութե­նէն մինչեւ Հայ Կամաւո­րա­կան Շարժման զինուո­րա­կան հրա­մա­նա­տա­րի իր դերա­կա­տա­րութիւնը, Դրօ անցաւ քաղա­քա­կան եւ ռազմա­կան գործի­չի կարեւոր ուղի։ Դրո­յի զինուո­րա­կան տաղանդին պսա­կումը եղաւ Բաշ Ապա­րա­նի հերո­սա­մարտը։ Պատա­հա­կան չէր, հետեւա­բար, որ Դրօ հանդի­սա­ցաւ գլխաւոր հիմնա­դիրնե­րէն մէկը, եթէ ոչ գլխաւո­րը, նորա­կազմ հայկա­կան բանա­կին։

*

* *

1919ին, երբ Ալեքսանտր Խատի­սեա­նի կառա­վա­րութեան օրով ամբողջա­ցաւ հայոց ազգա­յին բանա­կին կազմութիւնը եւ օրէնսդրա­կա­նօ­րէն հաստա­տուե­ցաւ անոր կառուցուածքը, մինչ այդ Երեւա­նի զօրա­մա­սի հրա­մա­նա­տա­րութիւնը ստանձնած Դրօ նշա­նա­կուե­ցաւ Հայկա­կան Բանա­կի յատուկ զօրա­մա­սի հրա­մա­նա­տար։

Միա­ժա­մա­նակ‘ ան պահեց Խորհրդա­րա­նի պատգա­մաւո­րի իր հանգա­մանքը։

Այդ շրջա­նին քեմա­լա­կան խլրտումնե­րը սաստկա­ցած էին Հանրա­պե­տութեան հարաւը, սահմա­նա­յին գօտի­նե­րուն մէջ։ Քեմա­լա­կաննե­րու եւ Ատրպէյճա­նի իշխա­նութեան ղեկին տիրա­ցած մուսաւա­թա­կաննրու միջեւ ամրապնդուած գործակցութիւնը նոր փուլ թեւա­կո­խած էր՝ քեմա­լա­կաննե­րու եւ պոլշեւի­կեան Ռուսաստա­նի միջեւ գաղտնի բանակցութիւննե­րու հաստա­տումով եւ Քեմալ-Լենին մեծ դաւադրութեան քայլ առ քայլ ձեւաւո­րումով։

Ահա այդ պայմաննե­րուն մէջ, 1919ի վերջե­րուն, Նժդե­հին յանձնա­րա­րուե­ցաւ անցնիլ Կապան, իսկ 1920ի սկիզբը Դրօ իր յատուկ զօրա­մա­սով ղրկուե­ցաւ Զանգե­զուր եւ Ղարա­բաղ։

Ահա այդ ժամա­նա­կաշրջա­նին է, որ Դրօ իր զօրա­մա­սով վճռո­րոշ դերա­կա­տա­րութիւն ունե­ցաւ թէ՛ Հայաստա­նի հայացման, թէ՛ նորանկախ Հայաստա­նը ներքին թշնա­մի­նե­րու խռո­վութեանց եւ արտա­քին ուժե­րու ներխուժման դէմ պաշտպա­նե­լու առումնե­րով։

Յատկա­պէս մուսաւա­թա­կան նկրտումնե­րուն դէմ ապստամբութեան դրօշ պարզած եւ Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան միա­նա­լու որո­շումով զէնք բարձրա­ցուցած Ղարա­բա­ղի հայութեան օգնութեան հասնե­լու ճակա­տին վրայ, Դրօ բախտո­րոշ դերա­կա­տա­րութիւն ունե­ցաւ։

Դրօ Ղարա­բաղ կը գտնուէր Ապրիլ 1920ի վերջե­րուն, երբ ազե­րի­նե­րը իրենց իշխա­նութեան ղեկը մուսաւա­թա­կաննե­րէն առին ու յանձնե­ցին Կարմիր Բանա­կի համազգեստ հագած իրենց թրքա­մէտ գործիչնե­րուն։ Ատրպէյճա­նի խորհրդա­յին իշխա­նութիւննե­րը նոր թափով եւ այս անգամ Կարմիր Բանա­կի 11րդ զօրա­բաժնի զինակցութեամբ ձեռնարկե­ցին Ղարա­բա­ղի եւ Զանգե­զուրի ուղղութեամբ ընդհա­նուր յարձա­կո­ղա­կա­նի։ Այդ յարձա­կո­ղա­կա­նին նպաստե­լու նպա­տա­կով՝ նոյնինքն Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան տարածքին, Կարսէն սկսե­լով եւ մինչեւ երկրի հիւսի­սա­յին դարպա­սը հասնե­լով, շարժման մէջ դրուե­ցան հայ եւ թաթար պոլշեւիկ գործիչնե­րը, որոնց մայի­սեան խռո­վութիւննե­րը ծառա­յե­ցին Հայաստա­նի վրայ քեմա­լա­կան արշաւանքի շղթա­յա­զերծումին եւ կարմիր Ռուսաստա­նի ճնշումնե­րու սաստկա­ցումին։

*

* *

Օրհա­սա­կան այդ օրե­րուն Դրօ դարձաւ Զանգե­զուրի եւ Ղարա­բա­ղի պահա­պան հրեշտա­կը։ Դրո­յի զօրա­մա­սին օժանդա­կութեամբ, Ղարա­բա­ղի հայութիւնը երեք ամիս շարունակ անհաւա­սար կռիւ մղեց թուրք-թաթար եւ կարմիր բանա­կա­յիննե­րու միա­ցեալ յարձա­կումնե­րուն դէմ եւ յաղթա­կա­նօ­րէն ետ մղեց զանոնք։

Բայց աշխարհա­քա­ղա­քա­կան դասաւո­րումնե­րը այնպի­սին էին, որ Ղարա­բա­ղի հայութիւնը ի վերջոյ ընդունեց խորհրդա­յին իշխա­նութիւնը, եւ Դրօ իր զօրա­մա­սով բռնեց Երեւան վերա­դարձի ճամբան։

1920ի Յուլիս ամսու սկիզբէն մինչեւ Օգոստո­սի առա­ջին օրե­րը, Դրօ յաղթա­կան կռիւներ մղեց եւ օգնութեան հասաւ Նժդե­հի ուժե­րուն, որոնք կը դիմագրաւէին թուրք-թաթար եւ պոլշեւիկ խռո­վա­րա­րութիւննե­րը։

Այդ յաղթա­կան կռիւնե­րու պսա­կումը եղաւ Դրո­յի մուտքը Գորիս՝ ներքին թշնա­մի­նե­րէ ազա­տագրուած Զանգե­զուրի մայրա­քա­ղա­քը, որ պոլշեւի­կեան գրգռութեանց հետեւանքով թատե­րա­բեմ դարձած էր եղբայրասպան արիւնա­հե­ղութեան։

https://m.facebook.com/story.php?story_fbid=3305650739525877&id=100002429502147

Առնչվող Հոդվածներ