24.7 C
Yerevan

«Դուն ալ արժա­նա­ցար «անարժան» դաշնակցա­կաննե­րուս շարքե­րուն միա­նա­լու ճակա­տագրին։ Մենք կը մնանք հաւա­տա­րիմ մեր գաղա­փարնե­րուն՝ ՄԵՐ ՈՒՂԻԻՆ»

Բարի լոյս

31 Յուլիս 2020

Ն․Պէրպէրեան

Բարի լոյս՝ Հայաշխարհի ամբողջ տարածքին Ազգին ու Հայրե­նի­քին ծառա­յող ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ, որոնք ՇԱՐՔԱՅԻՆ ԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆ ըլլան կամ ոչ՝ ՈՒԽՏԱԾ են «ԻՄ ԲՈԼՈՐ ՈՒԺԵՐՈՎ, ԻՍԿ ԵԹԷ ՀԱՐԿ ԼԻՆԻ՝ ՆԱԵՒ ԿԵԱՆՔԻՍ ԳՆՈՎ, ԾԱՌԱՅԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԴԱՏԻՆ»։

Բարի լոյս՝ իրենց ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ԵՐԴՈՒՄին մինչեւ վերջին շունչ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԱՊՐՈՂ գաղա­փա­րի մարտիկնե­րուն, նոյնիսկ եթէ Հ․Յ․Դ․ անունով ԳՈՐԾՈՂ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆը որո­շէ զանոնք հեռացնել․․․ «ԻՐ ՇԱՐՔԵՐԷՆ»։ Ահա այդպէ՛ս, շուրջ յիսուն տարուան ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ ունե­ցող արժա­նաւո­րի մը՝ ՅԱՐՈՒԹ ԳԱԼԱՅՃԵԱ­Նին երէկ հեռա­ցուցին ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵՆԷՆ։

ՀԵՌԱՑՆՈՂՆԵՐՈՒՆ մասին գաղա­փար կազմե­լու համար, դիտե­ցէք ԻՇԽԱՆ ՍԱՂԱԹԷԼԵԱՆ անունով վերջին մէկ-երկու տարին համա­ցանցը եւ ՄԵՐ ՄԱՄՈՒԼին առա­ջին էջե­րը ողո­ղած Հ․Յ․Դ․ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ լուսանկարնե­րու եւ յայտա­րա­րութեանց ճոխ հաւա­քա­ծոն։

https://www.google.com/search?q=%D5%AB%D5%B7%D5%AD%D5%A1%D5%B6+%D5%BD%D5%A1%D5%B2%D5%A1%D5%A9%D5%A7%D5%AC%D5%A5%D5%A1%D5%B6&rlz=1C1JZAP_enGR888GR888&tbm=isch&source=iu&ictx=1&fir=XU0SAfn2GgqtsM%252CbqVXus6uQk20_M%252C_&vet=1&usg=AI4_-kSBVz01U3ZFprtm01noJlcDC6FoNg&sa=X&ved=2ahUKEwj024SSs_fqAhWylYsKHcgJBPwQ_h0wFHoECAsQBQ#imgrc=XU0SAfn2GgqtsM

Յետոյ՝ եթէ տակաւին ժամա­նակ ու սիրտ ունիք, կրնաք կարդալ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵՆԷՆ միայն անունը պահած այսօ­րուան կուսակցութեան ԻՆՔՆԱԿՈՉ «ՄԱՅՐ ԿԱՌՈՅՑ»ԻՆ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ գրա­սե­նեակնե­րէն ԴԻՄԱ­ՏԵՏՐով այսօր հանդէս եկած գրչակնե­րու ՀԱՅՀՈՅԱՆՔՆԵՐՈՒՆ․․․ որոնք ուղղուած են՝ արդէն վտա­րուած, այսօր նոր հեռա­ցուած եւ վաղը իրենց հերթին վտա­րուե­լու ԿԱՆՈՆԱԳՐԱՅԻՆ (մեծ ու փոքր իշխաննե­րու ԿԱՄԱՅԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ) ՈՐՈ­ՇՈՒՄի ենթարկուած ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հասցէին։

** *

Ահա՛ «հեռա­ցուած» Դաշնակցա­կա­նին ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ՑԱՒը հանրութեան դատաստա­նին յանձնող դիմա­տետրա­յին գրառումը՝ՅԱՐՈՒԹ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆՀԵՌԱՑՈՒՄ Հ.Յ.Դ. ՇԱՐՔԵ­ՐԷ­ՆԱւե­լի քան 40 տարի­ներ գործե­լէ ետք Հ․Յ․Դ․ շարքե­րէն ներս՝ այսօր տեղե­կա­ցայ, թէ Հայաստա­նի Գ․Մ․-ը զիս հեռա­ցուցած է շարքե­րէն՝ FB-եան գրա­ռումնե­րուս համար։

Այս առի­թով ու առա­ջին անգամ ըլլա­լով՝ պարտաւոր կը զգամ յայտա­րա­րե­լու, թէ վերջին աւե­լի քան 20 տարի­նե­րու ընթացքին, Հ.Յ.Դաշնակցութեան անցեա­լի ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՀՄԱՅՔԸ հասած է այսօր անհա­մա­չա­փօ­րէն տխուր աստի­ճա­նի՝ ԳԼԽԱՒՈՐԱԲԱՐ Հայաստա­նեան Կառոյցի ԱՆԻՆՔՆՈՒՐՈՅՆ քաղա­քա­կա­նութեան պատճա­ռով, յատկա­պէս՝ երկար տարի­ներ սերժ-քոչա­րեա­նա­կան իր գործակցութիւնը Հ․Յ․Դ․ Օրա­կարգին վրայ պահե­լով եւ անհա­տի արտա­յայտութեան իրաւունքը ճզմե­լով։

Ես անշե­ղօ­րէն պիտի շարունա­կեմ դաշնակցա­կան արժէքնե­րով լիցքաւո­րուած ճանա­պարհս՝ յանուն ազգիս ու հայրե­նի­քիս։

30 Յուլիս 2020

Մուղնի / Հայաստան

Ահա՛ եւ գրա­ռումին ի պատասխան «կարգա­պահնե­րու» լուտանքնե­րը՝ համա­ցանցի վրայ ցուցադրուած «մեկնա­բա­նութիւննե­րու» սողանքա­հանդէ­սով․

-https://www.facebook.com/permalink.php?story_fbid=631677987471404&id=100018876251131

https://www.facebook.com/nazaretberberian/posts/3298786323545652

Առնչվող Հոդվածներ