Հայաստան

Նախարարի սայթաքումը

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Զօր. Անդրանիկին թուրքերուն յանձնող քաղաքական ուժ չէ եղած հայկական իրականութեան մէջ։ Իսկ այն, որ բոլշեւիկները Կարսը, Արցախը եւ Նախիջեւանը յանձնած են թուրքերուն՝ արդէն պատմական իրողութիւն է։

Կրթութեան նախարարին գրառումը՝ Անդրանիկին թուրքերուն յանձնելուն մասին, ոչ միայն իրականութեան չի համապատասխաներ, այլեւ չափազանց անվայել է եւ իր դիրքին համար՝ անպատասխանատու յայտարարութիւն։

ՀՅԴ-ի վերջին տարիներու քաղաքականութիւնը ոչ իմ, ոչ ալ հայ ժողովուրդի սրտին մօտիկ է։ Այն, որ ՀՅԴն մինչեւ այսօր Հայաստանի մէջ սխալ քաղաքականութիւն կը վարէ՝ ինծի համար գոնէ պարզ է եւ յստակ։ Բայց նուազ սխալ չեն կրթութեան նախարարին յայտարարութիւնները եւ գրառումները՝ այս կամ այն կարծիքին, կեցուածքին եւ քաղաքական ուժին մասին։ Կրթութիւնը Հայաստանի բոլոր զաւակներուն համար է, եւ կրթութեան նախարարը փոխանակ ասոր-անոր վրայ յարձակի եւ բոլշեւիկեան «պատմութիւն» վկայակոչելով պատասխանէ քննադատներուն, ճիշդ կ՚ընէ, եթէ հասկնայ որ կրթութեան քաղաքականութիւնը պէտք է մշակուի բոլորի կարծիքները առնուազն լսելով եւ ներառական մօտեցում ցուցաբերելով։

Ես ՀՅԴի քաղաքական ուղեգիծը քննադատած եմ անցնող 20 տարիներուն, ինծի համար իմ գիտցած Դաշնակցութիւնը նոյնիսկ գոյութիւն չունի այստեղ, բայց չեմ ընդունիր պատմութեան խեղաթիւրման փորձերը։ Իսկ նախարարը եթէ խեղաթիւրուած՝ բոլշեւիկեան պատմութիւն կը հիւրասիրէ հանրութեան, ապա հազար պատճառ ունինք մտահոգուելու, թէ ան ի՞նչ պիտի սորվեցնէ մեր երեխաներուն…

https://m.facebook.com/story.php?story_fbid=10224177264241922&id=1311026576

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *