14.7 C
Yerevan

Նախա­րա­րի սայթա­քումը

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Զօր. Անդրա­նի­կին թուրքե­րուն յանձնող քաղա­քա­կան ուժ չէ եղած հայկա­կան իրա­կա­նութեան մէջ։ Իսկ այն, որ բոլշեւիկնե­րը Կարսը, Արցա­խը եւ Նախի­ջեւա­նը յանձնած են թուրքե­րուն՝ արդէն պատմա­կան իրո­ղութիւն է։

Կրթութեան նախա­րա­րին գրա­ռումը՝ Անդրա­նի­կին թուրքե­րուն յանձնե­լուն մասին, ոչ միայն իրա­կա­նութեան չի համա­պա­տասխա­ներ, այլեւ չափա­զանց անվա­յել է եւ իր դիրքին համար՝ անպա­տասխա­նա­տու յայտա­րա­րութիւն։

ՀՅԴ‑ի վերջին տարի­նե­րու քաղա­քա­կա­նութիւնը ոչ իմ, ոչ ալ հայ ժողո­վուրդի սրտին մօտիկ է։ Այն, որ ՀՅԴն մինչեւ այսօր Հայաստա­նի մէջ սխալ քաղա­քա­կա­նութիւն կը վարէ՝ ինծի համար գոնէ պարզ է եւ յստակ։ Բայց նուազ սխալ չեն կրթութեան նախա­րա­րին յայտա­րա­րութիւննե­րը եւ գրա­ռումնե­րը՝ այս կամ այն կարծի­քին, կեցուածքին եւ քաղա­քա­կան ուժին մասին։ Կրթութիւնը Հայաստա­նի բոլոր զաւակնե­րուն համար է, եւ կրթութեան նախա­րա­րը փոխա­նակ ասոր-անոր վրայ յարձա­կի եւ բոլշեւի­կեան «պատմութիւն» վկա­յա­կո­չե­լով պատասխա­նէ քննա­դատնե­րուն, ճիշդ կ՚ընէ, եթէ հասկնայ որ կրթութեան քաղա­քա­կա­նութիւնը պէտք է մշա­կուի բոլո­րի կարծիքնե­րը առնուազն լսե­լով եւ ներա­ռա­կան մօտե­ցում ցուցա­բե­րե­լով։

Ես ՀՅԴի քաղա­քա­կան ուղե­գի­ծը քննա­դա­տած եմ անցնող 20 տարի­նե­րուն, ինծի համար իմ գիտցած Դաշնակցութիւնը նոյնիսկ գոյութիւն չունի այստեղ, բայց չեմ ընդունիր պատմութեան խեղա­թիւրման փորձե­րը։ Իսկ նախա­րա­րը եթէ խեղա­թիւրուած՝ բոլշեւի­կեան պատմութիւն կը հիւրա­սի­րէ հանրութեան, ապա հազար պատճառ ունինք մտա­հո­գուե­լու, թէ ան ի՞նչ պիտի սորվեցնէ մեր երե­խա­նե­րուն…

https://m.facebook.com/story.php?story_fbid=10224177264241922&id=1311026576

Առնչվող Հոդվածներ