Աւօ Պօղոսեան
Գուցէ իմ գրառումներս ամէն բանի մասին են որոնցմէ քիչ թէ շատ կը հասկնամ, կամ աչքիս առաջ կը տեսնեմ . Ամուլսարի հարցի մասին մէկ կամ երկու բան գրած եմ, որովհետեւ չեմ այցելած այդտեղ ու շատ բան չեմ գիտեր պայմանագրերու պատմութեան ու մանրամասնութեանց մասին, սակայն երեկ աւելի մանրազննին դիտելով տեղանքը google earth ի միջոցաւ, քիչ մը աւելի իրազէկ եղայ անոր շահագործման շուրջ վեճի մասին։ Ամուլսարը բարձունք է որ միայն հինգ քլմ է Ջերմուկէն ու 45 քլմ Սեւանէն, ու լեռան տակ ջրերու եւ գետերու աւազան է ։ Հանքի շահագործումը կ’ենթադրէ սիանիտի եւ այլ թունաւոր նիւթերու գործածութիւնը։ Այդ ջուրը խմելու ենք….Լիբանանի նաւահանգիստի պայթումի հետեւանքը վարկենական էր։ Ամուլսարինը դանդաղ , սակայն արդիւնքը աւելի ծանրակշիռ։ Թունաւորում .Մարդաթափում։Դէմ եմ անոր շահագործման ։