16.9 C
Yerevan

Կործա­նուած ԱՒԵՐԱԿՈՅՏԻՆ վրայ լալու փոխա­րէն՝ հարթել ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՎԵՐԱՊՐՈՒՄԻ եւ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՈՒՂԻՆ

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

07 Օգոստոս 2020

Ն․ Պէրպէ­րեան

Պէյրութ դեռ չէ սթա­փած ցնցումէն․ ինչպէ՜ս կրնայ չորս-կողմ նայիլ՝ երբ խոցուած է ՍԻՐՏԸ եւ դեռ արիւնլուայ է ՄԱՐՄԻՆԸ։Բարի լոյս՝ այս հարուա­ծէն եւս վերա­կանգնե­լու վճռա­կա­նութեամբ, Լիբա­նա­նի հետ իր քայլե­րը դարձեալ առջեւ նետող ԱՂԷՏԱՀԱՐ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ, որ իր վէրքե­րը դարմա­նե­լու եւ արհաւիրքը ետին ձգե­լու ՈՒՂԻ կ՚որոնէ։

Բարի լոյս՝ քանդուա­ծին ու կորսուա­ծին, հաշմուա­ծին ու փրկուա­ծին համար ՊԱՏԱՍԽԱՆ ՏԱԼՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏ, այլեւ մեր ՅԱՋՈՐԴ ԳՕՏԵՄԱՐՏԸ ԱՌԱՋՆՈՐԴԵԼՈՒ ԿՈՉՈՒԱԾ բոլոր ՅԱՆՁՆԱՌՈՒՆԵՐՈՒՆ, որոնք կործա­նուած ԱՒԵՐԱԿՈՅՏԻՆ վրայ չեն լար, այլ ձեռնարկած են ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՎԵՐԱՊՐՈՒՄԻ եւ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ճամբան հարթելու։Պէյրութի ՊԱՅԹՈՒՄին հետ ԶԳԵՏՆՈՒԵՑԱՒ մարդոցմէ եւ շէնքե­րէ, խանութնե­րէ եւ երազնե­րէ շատ աւե­լին․ Լիբա­նա­նի ԿՈՂՈՊՏՈՒԱԾ պետութեան ու ՈՏՆԱԿՈԽՈՒԱԾ ժողո­վուրդին հետ՝ ՄԱՀԱՑՈՒ ՀԱՐՈՒԱԾ ստա­ցաւ ՄԱՐԴ էակին ԱՊՐԵԼՈՒ իրաւունքը։

Բարի լոյս՝ հայ քաղա­քա­կան մտքի այն բոլոր յառա­ջա­պահնե­րուն, որոնք համընդհա­նուր ԱՂԷՏԻՆ դէմ յանդի­ման՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԵՐ ԱԾՈՒԻՆ ՎԵՐԱՊՐՈՒՄը լուսարձա­կի տակ կը պահեն, այլեւ՝ իւրա­քանչիւր ԱՂԷՏԱՀԱՐ ՀԱՅՈՒ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱ­ՄԱ­ՅԱ­ԿԱ­Նը կը հռչա­կեն ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՕՐԱ­ԿԱՐԳի այսօ­րուան ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆը։Երեսուն տարի առաջ, երբ Պերլի­նի տխրահռչակ ՊԱՏԸ վար առնուե­ցաւ եւ ՉԱՐԻՔԻ ԿԱՅՍՐՈՒԹԵԱՆ անկումը արա­գա­ցաւ, Յունաստա­նի պետութիւնը ՕՐԷՆՔ որդեգրեց եւ տուն կանչեց նախկին Խորհրդա­յին Միութեան տարածքին ապրող յոյն ծագումով ընտա­նիքնե­րը՝ միակտուր դրա­մաշնորհ, տնա­մերձ տարածքով բնա­կա­րան եւ Յունաստա­նի քաղա­քա­ցիութիւն շնորհե­լով բոլոր անոնց, որոնք յանձն կ՚առնէին հինգ տարի հաստա­տուե­լու հիւսի­սա­յին Յունաստա­նի սահմա­նա­մերձ շրջաննե­րուն մէջ։

Բարի լոյս՝ Լիբա­նա­նին եւ Լիբա­նա­նի հայութեան շուտա­փոյթ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ հասնե­լու ՕՐԱ­ԿԱՐԳը արծարծող հայ քաղա­քա­կան մտքի դրօ­շա­կիրնե­րուն, որոնք Ազգի եւ Հայրե­նի­քի ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒ վճռա­հա­տումը դուրս կը բերեն մաշած ՄՏԱԿԱՂԱՊԱՐՈՒՄՆԵՐՈՒ, միայն ամբո­խա­վար ու կեղծ ԿԱՐԳԱԽՕՍՆԵՐՈՒ սահմանափակումէն։Բարի լոյս՝ հայ ժողո­վուրդի դիմա­գաւած նոր ժամա­նակնե­րու ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒՆ որքան հոգե­հա­րա­զատ, նոյնքան նորա­րար լուծումներ ԱՌԱՋԱԴՐՈՂ գաղա­փա­րի ՋԱՀԱԿԻՐՆԵՐՈՒՆ, որոնք ԼԻԲԱՆԱՆԻ եւ ՀԱՅԱՍՏԱ­Նի ԿԱՄՐՋՈՒՄԸ կեանքի կոչե­լու ՀԵՌԱՆԿԱՐՈՎ կը հունաւո­րեն ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ։Պատրաստի եւ դիւրին լուծումներ չունի ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԱՄՐՋՈՒՄԻ օրա­կարգը, բայց գաղա­փա­րի ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՃԻՏԻՆ ՊԱՐՏՔՆ Է բիւրե­ղա­ցումը ՀԱՅԱՍՏԱՆԱԿԵԴՐՈՆ գաղա­փա­րին՝ ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի։

https://www.facebook.com/nazaretberberian/posts/3319969304760687

Առնչվող Հոդվածներ