Բարի Լոյս

Կործանուած ԱՒԵՐԱԿՈՅՏԻՆ վրայ լալու փոխարէն՝ հարթել ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՎԵՐԱՊՐՈՒՄԻ եւ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՈՒՂԻՆ

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

07 Օգոստոս 2020

Ն․ Պէրպէրեան

Պէյրութ դեռ չէ սթափած ցնցումէն․ ինչպէ՜ս կրնայ չորս-կողմ նայիլ՝ երբ խոցուած է ՍԻՐՏԸ եւ դեռ արիւնլուայ է ՄԱՐՄԻՆԸ։Բարի լոյս՝ այս հարուածէն եւս վերականգնելու վճռականութեամբ, Լիբանանի հետ իր քայլերը դարձեալ առջեւ նետող ԱՂԷՏԱՀԱՐ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ, որ իր վէրքերը դարմանելու եւ արհաւիրքը ետին ձգելու ՈՒՂԻ կ՚որոնէ։

Բարի լոյս՝ քանդուածին ու կորսուածին, հաշմուածին ու փրկուածին համար ՊԱՏԱՍԽԱՆ ՏԱԼՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏ, այլեւ մեր ՅԱՋՈՐԴ ԳՕՏԵՄԱՐՏԸ ԱՌԱՋՆՈՐԴԵԼՈՒ ԿՈՉՈՒԱԾ բոլոր ՅԱՆՁՆԱՌՈՒՆԵՐՈՒՆ, որոնք կործանուած ԱՒԵՐԱԿՈՅՏԻՆ վրայ չեն լար, այլ ձեռնարկած են ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՎԵՐԱՊՐՈՒՄԻ եւ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ճամբան հարթելու։Պէյրութի ՊԱՅԹՈՒՄին հետ ԶԳԵՏՆՈՒԵՑԱՒ մարդոցմէ եւ շէնքերէ, խանութներէ եւ երազներէ շատ աւելին․ Լիբանանի ԿՈՂՈՊՏՈՒԱԾ պետութեան ու ՈՏՆԱԿՈԽՈՒԱԾ ժողովուրդին հետ՝ ՄԱՀԱՑՈՒ ՀԱՐՈՒԱԾ ստացաւ ՄԱՐԴ էակին ԱՊՐԵԼՈՒ իրաւունքը։

Բարի լոյս՝ հայ քաղաքական մտքի այն բոլոր յառաջապահներուն, որոնք համընդհանուր ԱՂԷՏԻՆ դէմ յանդիման՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԵՐ ԱԾՈՒԻՆ ՎԵՐԱՊՐՈՒՄը լուսարձակի տակ կը պահեն, այլեւ՝ իւրաքանչիւր ԱՂԷՏԱՀԱՐ ՀԱՅՈՒ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆը կը հռչակեն ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳի այսօրուան ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆը։Երեսուն տարի առաջ, երբ Պերլինի տխրահռչակ ՊԱՏԸ վար առնուեցաւ եւ ՉԱՐԻՔԻ ԿԱՅՍՐՈՒԹԵԱՆ անկումը արագացաւ, Յունաստանի պետութիւնը ՕՐԷՆՔ որդեգրեց եւ տուն կանչեց նախկին Խորհրդային Միութեան տարածքին ապրող յոյն ծագումով ընտանիքները՝ միակտուր դրամաշնորհ, տնամերձ տարածքով բնակարան եւ Յունաստանի քաղաքացիութիւն շնորհելով բոլոր անոնց, որոնք յանձն կ՚առնէին հինգ տարի հաստատուելու հիւսիսային Յունաստանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ։

Բարի լոյս՝ Լիբանանին եւ Լիբանանի հայութեան շուտափոյթ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ հասնելու ՕՐԱԿԱՐԳը արծարծող հայ քաղաքական մտքի դրօշակիրներուն, որոնք Ազգի եւ Հայրենիքի ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒ վճռահատումը դուրս կը բերեն մաշած ՄՏԱԿԱՂԱՊԱՐՈՒՄՆԵՐՈՒ, միայն ամբոխավար ու կեղծ ԿԱՐԳԱԽՕՍՆԵՐՈՒ սահմանափակումէն։Բարի լոյս՝ հայ ժողովուրդի դիմագաւած նոր ժամանակներու ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒՆ որքան հոգեհարազատ, նոյնքան նորարար լուծումներ ԱՌԱՋԱԴՐՈՂ գաղափարի ՋԱՀԱԿԻՐՆԵՐՈՒՆ, որոնք ԼԻԲԱՆԱՆԻ եւ ՀԱՅԱՍՏԱՆի ԿԱՄՐՋՈՒՄԸ կեանքի կոչելու ՀԵՌԱՆԿԱՐՈՎ կը հունաւորեն ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ։Պատրաստի եւ դիւրին լուծումներ չունի ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԱՄՐՋՈՒՄԻ օրակարգը, բայց գաղափարի ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՃԻՏԻՆ ՊԱՐՏՔՆ Է բիւրեղացումը ՀԱՅԱՍՏԱՆԱԿԵԴՐՈՆ գաղափարին՝ ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի։

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆԲարի լոյսԿործանուած ԱՒԵՐԱԿՈՅՏԻՆ վրայ լալու փոխարէն՝ հարթել ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՎԵՐԱՊՐՈՒՄԻ եւ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՈՒՂԻՆ07…

Posted by Nazareth Berberian on Friday, August 7, 2020
    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *