ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ
Երեկ տեղեկացայ, որ Հալէպէն Հայաստան տեղափոխուած ընկերներէս մէկուն եղբայրը, 55 տարեկան, կորոնավիրուսի պատճառով մահացած է Հալէպի մէջ։ Անմիջապէս հեռաձայնեցի ընկերոջս ու ցաւակցութիւն յայտնեցի այս վաղաժամ մահուան հանար։
Ընկերս պատմեց, որ եղբայրը կորինավիրուսով վարակուելէ ետք փորձած է հիւանդանոցային խնամք ստանալ, բայց չէ կրցած հիւանդանոց մտնել։ Հիւանդանոցները լեցուն եղած են վարակուածներով։ Մաքուր օդի եւ հանգիստի համար մեկնած է Քեսապ, բայց ոչ Քեսապի եղանակը, ոչ ալ բժիշկին գրած դեղերը օգնած են անոր։ Վիճակը սկսած է վատթարանալ եւ արդէն անտանելի դառնալ։ Դարձեալ փորձած են հիւանդանոց տանիլ զինք եւ այնտեղ բուժում ապահովել, բայց ապարդիւն։ «Տեղ չկայ, կը ցաւինք», ըսած են հիւանդանոցի պատասխանատուները եւ ճամբած են ծայրայեղ ծանր վիճակի հասած հիւանդը… Եւ այդպէս, խեղճ մարդը զրկուելով հիւանդանոցային խնամքէ, աւելի վատանալով մահացած է…
Ցնցուած էր ընկերս, չափազանց ծանր էր այս ցաւալի լուրը, այս բօթը։
Հայաստանի մէջ իշխանութիւնները շատ թափանցիկ են կորոնավիրուսի իրավիճակի մասին եւ ամէն օր յստակ եւ առարկայական տեղեկութիւններ կը փոխանցեն հանրութեան։ Շատ երկիրներու մէջ, մանաւանդ փակ ու աւտորիտար երկիրներու պարագային, թափանցիկութիւն ընդհանրապէս չկայ։ Եւ քաղաքացիները այդպէս ալ չեն գիտեր, թէ ի՞նչ կը սպասէ իրենց՝ կորոնավիրուսով վարակուելու պարագային։
Միջին Արեւելքի հայութիւնը, աւելի ճիշդը՝ Սուրիոյ եւ Լիբանանի, մասամբ նաեւ Իրաքի եւ Իրանի հայութիւնը, ահաւոր ծանր օրեր կ՚ապրին։ Տեղ մը տնտեսական տագնապը, այլ տեղ մը՝ քաղաքական անկայուն վիճակն ու պայթումները, այլ տեղ մը՝ ապահովութեան բացակայութիւնը, բժշկական խնամքի անհարիրութիւնը , եւ այլ ճգնաժամային իրավիճակներ չափազանց աննպաստ պայմաններ ստեղծած են այդ երկիրներու տառապեալ ժողովուրդներուն, ներառեալ՝ մեր հայրենակիցներուն համար։ Թէեւ տագնապի ընթացքին ժամանակը չէ այդ երկիրներու ազգային-կուսակցական եւ հոգեւորական ղեկավարներու անհեռատեսութեան եւ բազմատեսակ սխալներուն մասին խօսելու, բայց կարելի չէ անտարբեր մնալ մեր հայրենակիցներու տառապանքներուն եւ ոչ «ատեկուադ» ու ոչ «կոմպետենտ» ղեկավարութեան գործունէութեան, կամ աւելի ճիշդը՝ դատապարտելի անհեռատեսութեան հանդէպ։
Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն կոչ կ՚ուղղենք, որ հոգատար հօր վերաբերմունքով մօտենան Միջին Արեւելքի հայութեան խնդիրներուն եւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ օգնութեան ձեռք մեկնէն ահաւոր վիճակի մէջ յայտնուած հայութեան։ Ի դէպ, այդ երկիրներու հայութեան կարեւոր մէկ հատուածը Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացած է եւ Հայաստան պետութիւնը ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ունի տէր կանգնելու իր քաղաքացիներուն, անկախ անկէ, թէ ինչ կը մտածեն տեղւոյն ազգային-կուսակցական պատկան մարմինները, որոնք երկար ժամանակ նոյն այս երկիրներու մէջ հրատարակուող իրենց թերթերով ատելութիւն կը սերմանէին եւ դեռ կը սերմանեն Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկը ստանձնած իշխանութիւններիւն հանդէպ։
Հիմա օգնելու ժամանակն է։ Հաշուետւութեան ժամանակը կուգայ աւելի ուշ։
https://m.facebook.com/story.php?story_fbid=10224278143643844&id=1311026576