15.1 C
Yerevan

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՏԱՌԱՊՈՂ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Երեկ տեղե­կա­ցայ, որ Հալէ­պէն Հայաստան տեղա­փո­խուած ընկերնե­րէս մէկուն եղբայրը, 55 տարե­կան, կորո­նա­վի­րուսի պատճա­ռով մահա­ցած է Հալէ­պի մէջ։ Անմի­ջա­պէս հեռա­ձայնե­ցի ընկե­րոջս ու ցաւակցութիւն յայտնե­ցի այս վաղա­ժամ մահուան հանար։

Ընկերս պատմեց, որ եղբայրը կորի­նա­վի­րուսով վարա­կուե­լէ ետք փորձած է հիւանդա­նո­ցա­յին խնամք ստա­նալ, բայց չէ կրցած հիւանդա­նոց մտնել։ Հիւանդա­նոցնե­րը լեցուն եղած են վարա­կուածնե­րով։ Մաքուր օդի եւ հանգիստի համար մեկնած է Քեսապ, բայց ոչ Քեսա­պի եղա­նա­կը, ոչ ալ բժիշկին գրած դեղե­րը օգնած են անոր։ Վիճա­կը սկսած է վատթա­րա­նալ եւ արդէն անտա­նե­լի դառնալ։ Դարձեալ փորձած են հիւանդա­նոց տանիլ զինք եւ այնտեղ բուժում ապա­հո­վել, բայց ապարդիւն։ «Տեղ չկայ, կը ցաւինք», ըսած են հիւանդա­նո­ցի պատասխա­նա­տունե­րը եւ ճամբած են ծայրա­յեղ ծանր վիճա­կի հասած հիւանդը… Եւ այդպէս, խեղճ մարդը զրկուե­լով հիւանդա­նո­ցա­յին խնամքէ, աւե­լի վատա­նա­լով մահա­ցած է…

Ցնցուած էր ընկերս, չափա­զանց ծանր էր այս ցաւա­լի լուրը, այս բօթը։

Հայաստա­նի մէջ իշխա­նութիւննե­րը շատ թափանցիկ են կորո­նա­վի­րուսի իրա­վի­ճա­կի մասին եւ ամէն օր յստակ եւ առարկա­յա­կան տեղե­կութիւններ կը փոխանցեն հանրութեան։ Շատ երկիրնե­րու մէջ, մանաւանդ փակ ու աւտո­րի­տար երկիրնե­րու պարա­գա­յին, թափանցի­կութիւն ընդհանրա­պէս չկայ։ Եւ քաղա­քա­ցի­նե­րը այդպէս ալ չեն գիտեր, թէ ի՞նչ կը սպա­սէ իրենց՝ կորո­նա­վի­րուսով վարա­կուե­լու պարա­գա­յին։

Միջին Արեւելքի հայութիւնը, աւե­լի ճիշդը՝ Սուրիոյ եւ Լիբա­նա­նի, մասամբ նաեւ Իրա­քի եւ Իրա­նի հայութիւնը, ահաւոր ծանր օրեր կ՚ապրին։ Տեղ մը տնտե­սա­կան տագնա­պը, այլ տեղ մը՝ քաղա­քա­կան անկա­յուն վիճակն ու պայթումնե­րը, այլ տեղ մը՝ ապա­հո­վութեան բացա­կա­յութիւնը, բժշկա­կան խնամքի անհա­րի­րութիւնը , եւ այլ ճգնա­ժա­մա­յին իրա­վի­ճակներ չափա­զանց աննպաստ պայմաններ ստեղծած են այդ երկիրնե­րու տառա­պեալ ժողո­վուրդնե­րուն, ներա­ռեալ՝ մեր հայրե­նա­կիցնե­րուն համար։ Թէեւ տագնա­պի ընթացքին ժամա­նա­կը չէ այդ երկիրնե­րու ազգա­յին-կուսակցա­կան եւ հոգեւո­րա­կան ղեկա­վարնե­րու անհե­ռա­տե­սութեան եւ բազմա­տե­սակ սխալնե­րուն մասին խօսե­լու, բայց կարե­լի չէ անտարբեր մնալ մեր հայրե­նա­կիցնե­րու տառա­պանքնե­րուն եւ ոչ «ատե­կուադ» ու ոչ «կոմպե­տենտ» ղեկա­վա­րութեան գործունէութեան, կամ աւե­լի ճիշդը՝ դատա­պարտե­լի անհե­ռա­տե­սութեան հանդէպ։

Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան իշխա­նութիւննե­րուն կոչ կ՚ուղղենք, որ հոգա­տար հօր վերա­բերմունքով մօտե­նան Միջին Արեւելքի հայութեան խնդիրնե­րուն եւ կարե­լիութեան սահմաննե­րուն մէջ օգնութեան ձեռք մեկնէն ահաւոր վիճա­կի մէջ յայտնուած հայութեան։ Ի դէպ, այդ երկիրնե­րու հայութեան կարեւոր մէկ հատուա­ծը Հայաստա­նի քաղա­քա­ցիութիւն ստա­ցած է եւ Հայաստան պետութիւնը ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ունի տէր կանգնե­լու իր քաղա­քա­ցի­նե­րուն, անկախ անկէ, թէ ինչ կը մտա­ծեն տեղւոյն ազգա­յին-կուսակցա­կան պատկան մարմիննե­րը, որոնք երկար ժամա­նակ նոյն այս երկիրնե­րու մէջ հրա­տա­րա­կուող իրենց թերթե­րով ատե­լութիւն կը սերմա­նէին եւ դեռ կը սերմա­նեն Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան ղեկը ստանձնած իշխա­նութիւննե­րիւն հանդէպ։

Հիմա օգնե­լու ժամա­նակն է։ Հաշուետւութեան ժամա­նա­կը կուգայ աւե­լի ուշ։

https://m.facebook.com/story.php?story_fbid=10224278143643844&id=1311026576

Առնչվող Հոդվածներ