16.9 C
Yerevan

Լիբա­նա­նի հայութեան վերա­կանգնումի ՈՒՂԻՆ․ Մեր ժողո­վուրդը կը պահանջէ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ, ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԻՒՆ եւ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

Ն․ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Բարի լոյս եւ Աստուած օգնա­կան Կիլի­կեան Սուրբ Աթո­ռի Հայրա­պետ ԱՐԱՄ Ա․ ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ, որ այսօ­րուան՝ Կիրա­կի 9 Օգոստո­սի իր քարո­զին մէջ, ի լուր Հայաշխարհին աւե­տեց, թէ կեանքի կոչած է Լիբա­նա­նի Հայութեան Վերա­կանգնումի համազգա­յին մարմին մը, որ անմի­ջա­պէս արդէն լծուած է համայն հայութեան նիւթա­կան աջակցութիւնը ապա­հո­վե­լու աշխա­տանքին։

Բարի լոյս եւ յարա­տեւե­լու կորով՝ Ազգին եւ Հայրե­նի­քին ոգե­ղէն ՄԻՋՆԱ­ԲԵՐԴը հանդի­սա­ցող Հայ Եկե­ղեցւոյ ՔԱՋԱՐԻ ՀՈՎԻՒին, որ Լիբա­նա­նի Հայութեան Վերա­կանգնումի ՈՒՂԻն քարտէ­սագրե­լով՝ Հայաշխարհով մէկ բոլո­րին պատգա­մեց, թէ մեր ժողո­վուրդը իրաւամբ կը սպա­սէ ու կը պահանջէ՝

- ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ։

- ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԻՒՆ։

- ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ։

Բարի լոյս՝ պետա­կան եւ քաղա­քա­կան իր կառոյցնե­րուն եւ ղեկա­վա­րութեանց հանդէպ ընդհա­նա­պէս ամէն լիբա­նանցիի մօտ, այլեւ ու մանաւանդ մեր ժողո­վուրդին մէջ կուտա­կուած համա­տա­րած դժգո­հութեան, դառնութեան եւ խոր հիասթա­փութեան ՀԱՐԱԶԱՏ ԹԱՐԳՄԱ­Նը հանդի­սա­ցող ՎԵՀԱՓԱՌ ՀՕՐ, որ ամե­նայն պարզութեամբ եւ յստա­կութեամբ ԱԶԴԱՐԱՐԵՑ, թէ ԱՆՁԱՄԲ իր մօտ պիտի ԿԵԴՐՈՆԱՑՈՒԻՆ Լիբա­նա­նի հայութեան վերա­կանգնումին նպա­տա­կաուղղուած նիւթա­կան օժանդա­կութիւննե­րը։

Բարի լոյս՝ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ իր ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԵԱՄԲ սեփա­կան ՀՕՏը ամէն կարգի ՉԱՐԱՇԱՀՈՒՄՆԵՐՈՒ դէմ ապա­հո­վե­լու՝ երաշխաւո­րե­լու եւ վստա­հութիւն ներշնչե­լու Արամ Ա․ Կաթո­ղի­կո­սի ՎՃՌԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ։

Բարի լոյս՝ իր ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՑԱՒՈՎ ու ԱՆՁԿՈՒԹԵԱՄԲ տագնա­պող ԱՐԱՄ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ, որ ոչ միայն հաւա­տա­ցողն ու աղօ­թողն է Լիբա­նա­նի եւ Հայութեան ՓԻՒՆԻԿԻ ՊԷՍ ՅԱՌՆԵԼՈՒ ՆԵՐՈՅԺԻՆ համար, ոչ միայն աւե­լի քան քառա­սուն տարիէ ի վեր նախ իբրեւ թեմա­կալ Առաջնորդ եւ ապա, 25 տարիէ ի վեր, իբրեւ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ՝ իր ժողո­վուրդին հետ միա­սին կը կրէ Լիբա­նա­նի Հայութեան ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ ԿՌՈՒԱՆԻՆ պահպանման ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ԼՈՒԾը, այլեւ իր մէջ կը գտնէ ԱՆԽՈՐՏԱԿ ԿԱՄՔԻ ՈՒԺը՝ մեր ժողո­վուրդը գօտեպնդե­լու ՀԱՒԱՏՔՈՎ եւ ԱՆՄԱՐ ՅՈՅՍով։

Բարի լոյս՝ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ, ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԵԱՆ եւ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԻՈՎ իր երթը շարունա­կող ԱՂԷՏԱՀԱՐ, բայց վերա­կանգնե­լու միշտ ՊԱՏՐԱՍՏ մեր անկրկնե­լի ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ։

Տես՝ https://www.youtube.com/watch…

https://m.facebook.com/story.php?story_fbid=3325921704165447&id=100002429502147

Առնչվող Հոդվածներ