ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ
Ներքեւի նկարներու տուներէն մէկը կը գտնուի Գորիսի կեդրոնը: Անոր պատերուն վրայ տեղադրուած ցուցանակները մեզի կը յուշեն, որ այս տան պատշգամբէն մեր ազգի ամենասիրուած հերոսները՝ Գարեգին Նժդեհն ու զօրավար Անդրանիկը բոցաշունչ ելոյթներ ունեցած են Սիւնիքի ժողովուրդին առջեւ: 1918-19 բախտորոշ տարիներուն, Անդրանիկ Սիւնիքի մէջ կատաղի մարտեր մղեց թուրքերուն դէմ եւ Արցախի ազատագրման համար արշաւ մը սկսաւ Զանգեզուրէն: Բայց ափսոս, անգլիացիներուն միջամտութեամբ, Անդրանիկ դադրեցուց Արցախի ազատագրումը եւ եկաւ Էջմիածին, ապա՝ մեկնեցաւ արտասահման:
Գարեգին Նժդեհ, Զանգեզուրի հերոսը, այդ տան պատշգամբէն ոգեւորած ու մարտի առաջնորդած է մեր ժողովուրդի քաջարի զաւակները, եւ շնորհիւ իր կատաղի դիմադրութեան, ադրբեջանական-բոլշեւիկեան կարմիր բանակայինները չկրցան Զանգեզուրը միացնել սովետացած Ադրբեջանին: Սիւնեաց աշխարհը մնաց Հայաստանի մէջ շնորհիւ տարաբախտ Գարեգին Նժդեհին:
Միւս տունը, շքեղ բայց գորշ, կը պատկանի այլ «յայտնի» հայու մը՝ Սիւնիքի նախկին մարզպետ Սուրիկ Խաչատրեանին կամ՝ Լիսկային: Այս տան առջեւ եւս մարդոց պոռոց-գոռոց լսուած է: Լսուած են նաեւ զէնքի կրակոցներ եւ ափսոս, հայու արիւն թափած է այս տան առջեւ… Անոր տէրը, Լիսկան, որուն մասին բազմաթիւ չար պատմութիւններ կը շրջագային, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան Սիւնիքի տիտանն էր, նախագահական թեկնածու Ռաֆֆի Յովհաննիսեանին «գլուխը ջարդել» խոստացողը: Ան այսօր ամբաստանուած է բազմաթիւ յանցագործութիւններով եւ փախստական է, ուր ըլլալը յայտնի չէ, անհետացած է, ինչպէս շարք մը այլ լիսկաներ…
Ահաւասիկ հայու երկու տեսակ՝ հայ մարդու ազատութեան, հայ ազգի փրկութեան համար պայքարած ու կեանք զոհած, թափառական եւ բանտարկեալ դարձած հայեր՝ Անդրանիկ ու Գարեգին Նժդեհ… Միւս կողմէն՝ հայ մարդու իրաւունքը բռնաբարած, հայ ազգի տառապանքի հաշւոյն հարստացած եւ այժմ՝ արտասահմանեան անյայտ քաղաքներու մէջ հայկական արդարադատութենէ թաքնուած յանցագործ հայ…
Սա մեր իրականութիւնն է: Մարդ էլ կայ, մարդ էլ, կամ՝ հայ էլ կայ, հայ էլ…
Բայց պիտի գա՞յ, արդեօք, այդ օրը, երբ լիսկաներն ու լիսկաներու պաշտպանները, անոնց հովանաւորներուն հետ գործակցած քաղաքական ուժերը, ամբողջական պատասխանատւութիւն պիտի կրեն իրենց արարքներուն համար:
Ես յոյսով եմ, որ այդ օրը պիտի գայ:
Ուշ կամ կանուխ, պիտի գայ:
https://m.facebook.com/story.php?story_fbid=10224393014595546&id=1311026576