13.5 C
Yerevan

ՊՈՌՈՏԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԸ ԱՆՑԱԾ Է

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Զիրար չխա­բենք եւ դատարկ ամբո­խա­վա­րութեամբ չզբա­ղինք, գրե­լով ու պոռա­լով, թէ լիբա­նա­նա­հա­յութիւնը կայ, պիտի մնայ ու դեռ շատա­նայ… Լիբա­նա­նա­հա­յութեան ճակա­տա­գի­րը տարբեր պիտի չըլլայ Միջին Արեւելքի մնա­ցեալ գաղութնե­րուն՝ Եգիպտո­սի, Իրա­քի, Սուրիոյ եւ միւս երկիրնե­րու հայութեան ճակա­տա­գի­րէն։ Այսօր, Լիբա­նա­նի հայե­րուն թիւն ու ազդե­ցութիւնը շատ աւե­լի նուազ է՝ քան ասկէ 15 տարի առաջ։ Իսկ 15 տարի առաջ ունէինք շատ աւե­լի նօսրա­ցած գաղութ քան 30 տարի առաջ։

Լիբա­նա­նա­հա­յութիւնը ունի երկու ընտրութիւն՝ կամ երթալ դանդաղ մաշումի ճանա­պարհով, կամ ալ ընտրել կազմա­կերպուած, լաւ ծրագրուած եւ համա­հայկա­կան ուժե­րով իրա­կա­նա­ցուող հայրե­նա­դարձութեան ճանա­պարհը…

Ոչ ոք թող չփորձէ ժողո­վուրդին միա­մի­տի տեղ դնել եւ հաւա­տացնել, որ 20 տարի յետոյ Լիբա­նա­նի հայութեան թուա­յին պատկե­րը, տնտե­սա­կան հնա­րաւո­րութիւննե­րը կամ քաղա­քա­կան հնա­րաւո­րութիւննե­րը աւե­լի լաւ պիտի ըլլայ քան այսօր։ 20 տարի յետոյ պիտի ափսո­սանք, որ միայն նոստալժիով կը խօսինք լիբա­նա­նա­հա­յութեան երբեմնի ազդե­ցիկ ներկա­յութեան մասին, եւ պիտի ցաւինք մեր սխալ ընտրութիւննե­րուն եւ չկա­տա­րած գործե­րուն համար։

Փոխա­նակ ամբո­խա­վա­րութեամբ տարուե­լու եւ «կեցցէ՛»ներ գոռա­լով մենք մեզի խաբե­լու, սկսինք մտա­ծել ճիշդ ընտրութեան մասին։ Populism-ով յայտնի լիբա­նա­հայ մի քանի ճամարտակ, ճոռո­մա­բան ղեկա­վարնե­րու ականջա­հա­ճոյ խօսքե­րը շատ գեղե­ցիկ են, այո՛, բայց իրա­կան աշխարհի, իրա­կան լիբա­նա­նի, լիբա­նա­նա­հա­յութեան իրա­կան ցաւե­րուն հետ կապ չունին, որովհե­տեւ երկրի տագնա­պը շատ աւե­լի խորն է եւ շատ աւե­լի բազմա­շերտ ու երկա­րա­տեւ, քան սարսա­փե­լի պայթիւնի հետեւանքով մարդկա­յին ահաւոր աղէ­տը։ Աղէտնե­րու հետեւանքնե­րը կարե­լի է վերացնել եւ պէ՛տք է վերացնել, բայց ատով երկրի տագնա­պը լուծած չենք ըլլար…

Իսկա­կան ղեկա­վարնե­րը տագնա­պի ընթացքին ճիշդ եւ վճռա­կան որո­շում կը կայացնեն։ Այսօր, աղէ­տի հետեւանքնե­րու վերացման եւ օգնութեան տրա­մադրման անյե­տաձգե­լի աշխա­տանքնե­րուն զուգա­հեռ, պէտք է պատրաստուիլ դիմագրաւե­լու վճռա­կան ընտրութեան պահը։Պոռոտախօսութիւնը եւ փոփուլիստա­կան յայտա­րա­րութիւննե­րը որո­շում չեն, այլ՝ ծրա­գիր չունե­նա­լու եւ որո­շում չկա­րե­նալ կայացնե­լու ակա­մայ խոստո­վա­նութիւն…

https://m.facebook.com/story.php?story_fbid=10224294679657234&id=1311026576

Առնչվող Հոդվածներ