26.4 C
Yerevan

Ընկե­րա­կան Զրոյցներ․ԾՐԱԳԻՐը թէ՛ ԳԱՂԱՓԱՐ է՝ ԳՈՐԾի համար, թէ՛ ԳՈՐԾը հունաւո­րող ԿԱՆՈՆ է

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Ն․ Պէրպէ­րեան

22 Օգոստոս 2020

Դաշնակցութեան անունով Կանո­նագրէ ճառող եւ աջին թէ ձախին Կանո­նագրին ենթարկուե­լու դասեր տուող ՆՈՐԱՅԱՅՏ «խօսնակներ»ն ու անոնց «դաստիարակներ»ը պէտք է նախ իրենք սորվին եւ ապա սորվեցնեն, որ Դաշնակցութիւնը իր անդրա­նիկ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻՆ հաստա­տեց միայն ԾՐԱԳԻՐ, որ իր մէջ ունէր թէ՛ ՆՊԱՏԱԿ, թէ՛ անոր հասնե­լու ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԿԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐ բաԺիննե­րը։

Այսինքն՝ ԾՐԱԳԻՐ-ԿԱՆՈՆԱԳԻՐ հասկա­ցութիւնը — իբրեւ Ծրա­գիրն ու Կանո­նա­գի­րը իրարմէ բաժնող առանձին գրքոյկնե­րու ընկա­լում — հետա­գա­յին առա­ջա­ցած է ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ մէջ եւ այնպէս չէ, որ իրարմէ անջատ ամբողջութիւններ են կամ կրնան ըլլալ Հ․Յ․Դ․ Ծրա­գիրն ու Հ․Յ․Դ․ Կանո­նա­գի­րը, ինչպէս որ անգի­տութեամբ կը փորձեն քարո­զել այսօր։

Դաշնակցա­կան ՀԻՄՆԱԿԱՆ սկզբունք եւ արժէք է, որ Կազմա­կերպա­կան Կանոննե­րը պէտք է համա­հունչ ըլլան Ծրագրին՝ պէտք է բխին նոյնինքն Ծրագրէն։

Այդ հիման վրայ է, որ ԱՊԱ­ԿԵԴՐԱ­ՆԱ­ՑՈՒՄը Դաշնակցութեան համար սոսկ կազմա­կերպա­կան յղացք կամ դրութիւն չէ, այլ գաղա­փա­րա­կան ԱՇԽԱՐՀԱՅԵԱՑՔ է։

https://www.facebook.com/nazaretberberian/posts/3361259590631658

Առնչվող Հոդվածներ