26.4 C
Yerevan

«Դաշնակցութեան ԱՆՈՒՆՈՎ Կ՚երդնուն, ԲԱՅՑ Դաշնակցութեան ԻՄԱՍՏԻՆ Անհա­ղորդ Են ու …Խորթ»

Ն․ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

«ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ» բառը մեր կուսակցութեան անուան հիմնա­կան ստո­րո­գե­լին է, որովհե­տեւ կը բնութագրէ նոյնինքն գաղա­փա­րա­կան մեր շարժման կազմա­կերպութիւնը, կառոյցը։

Ոչ միայն հայե­րէն-լեզուա­կան ստուգա­բա­նութեամբ, այլեւ գաղա­փա­րա­կան իր բովանդա­կութեամբ՝ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆը իր անունով իսկ զինակցումը՝ դաշնակցո՛ւմն է Հայաստա­նի ու հայ ժողո­վուրդի ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ համար պայքա­րող բոլոր ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ։

Պատա­հա­կա­նօ­րէն չէր, որ մեր կուսակցութիւնը հիմնուե­ցաւ ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆՆԵՐԻ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ անունով։

Նոյնպէս պատա­հա­կա­նօ­րէն չէր, որ մեր կուսակցութիւնը ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ վերա­նուա­նուե­լով՝ շեշտեց գաղա­փա­րա­կան նկա­րա­գի­րը իր անուան կազմա­կերպա­կան՝ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱ՛Ն բնութագրումին։

Առանձին քննարկման եւ խորհրդա­ծութեան նիւթ է ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ այդ հիմնա­կան փոփո­խութեան՝ «հայ յեղա­փո­խա­կաննե­րի դաշնակցութիւն» անուան փոխա­րի­նումը «հայ յեղա­փո­խա­կան դաշնակցութիւն» անունով։

Անմի­ջա­պէս այստեղ պէտք է նշել՝ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՄԱՆ ծառա­յող դաստիա­րա­կութեան առումով, որ Դաշնակցութեան անունով երդուե­լու պատրաստ եղող կուսակցա­կա­նը ինչպէս երէկ, նաեւ այսօր պէտք է լաւ գիտակցի, որ մեր կազմա­կերպութիւնը ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆն է գերա­գոյն զոհա­բե­րութեան յանձնա­ռու եւ, ըստ այնմ, գաղա­փա­րա­կան համե­րաշխութիւն կնքած կուսակցա­կաննե­րու։

Այդպէ՛ս է, որ Դաշնակցութեան մէջ, հիմնադրութեան իսկ ժամա­նա­կաշրջա­նէն մինչեւ մեր օրե­րը, գաղա­փարնե­րու տարբե­րութիւններն ու տեսա­կէտնե­րու շուրջ բանա­վէ­ճե­րը ոչ միայն երաշխաւո­րուած են կազմա­կերպա­կան կանոննե­րու աւանդնե­րով ու անգիր օրէնքնե­րով, այլեւ գրաւա­կանն են մեր շարքե­րու վերա­նո­րոգման եւ հայ ժողո­վուրդին մէջ Դաշնակցութեան ազգա­յին-քաղա­քա­կան ԱՐԺԷ­Քին ու գաղա­փա­րա­կան-յեղա­փո­խա­կան ԱՒԱՆԴԻՆ յարա­ճուն արմա­տաւո­րումին։

Ահա թէ ինչո՛ւ Դաշնակցութիւնը իր գաղա­փա­րա­կան իմաստէն կը պարպեն ու բարո­յա­կան հեղի­նա­կութեան առումով կ՚աղքատացնեն այն ՇԱՐՔԱՅԻՆ ԿՈՒՍԱԿՑԱ­ԿԱՆՆԵ­Րը, որոնք ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ անունը բերնի ծամօ­նի կը վերա­ծեն, ԿԱՆՈ­ՆԱ­ԳԻ­Րը կը հռչա­կեն ԴԱՇՆԱԿՑԱ­ԿԱՆՆԵ­Րը դատե­լու ինչ որ «աւե­տա­րան»՝ իրենց գձուձ հաշիւնե­րուն կամ շահե­րուն հաշւոյն մեր կուսակցութիւնը պարպե­լու համար իր ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՆՈՒԻՐԵԱԼՆԵՐԷՆ — Հայաստա­նի եւ հայ ազգի ազա­տագրութեան ընդհա­նուր պայքա­րին ԴԱՇՆԱԿՑՈՂ գաղա­փա­րի մարտիկնե­րէն ու յանձնա­ռու կուսակցա­կաննե­րէն։

Դաշնակցութիւնը ՀԱՄԱԽՄԲՈՂ ՈՒԺն է հայ ժողո­վուրդի ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԵՐԿՈՒՆՔԷՆ ծնունդ առած ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԻՐՆԵՐՈՒՆ։

Մեր ժողո­վուրդը տրա­մա­դիր չէ եղած, այսօր մանաւանդ աւե­լիով տրա­մա­դիր չէ ընդունե­լու «Դաշնակցութիւն» անունով ներկա­յա­ցող որեւէ այլա­ծին կազմա­կերպութիւն, յատկա­պէս՝ քաղա­քա­կան դիակ․․․

Ի վերջոյ Դաշնակցութիւնը՝ կուսակցութիւն մը ըլլա­լէ առաջ եւ անդին՝ հայ ազգի ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆ կնքած անձնուրացնե­րու ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԸՆՏԱ­ՆԻՔն է, որուն հետ ոչ մէկ հարա­զատ կապ ունին Դաշնակցութեան անունով երդուող՝ սոսկ շրթունքի տուրք վճա­րող եւ կտուրնե­րէն ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ եւ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԻՄԱՍՏԻՆ դէմ հայհո­յող երէ­կուան թէ այսօ­րուան․․․ «կանոնագրային»ները։

Առնչվող Հոդվածներ