ԱՐԱՄ ՎԱՐԱՆԴԵԱՆ
Սփիւռքի մէջ ՀՅԴ-ի անդամ եմ։
Հոս հրապարակաւ կ՚արտայայտուիմ, քանի կուսակցութիւնէն ներս, Հայաստանի վերաբերեալ հարցերու մասին, կարծիքներու փոխանակման կարելիութիւնները շատ սահմանափակ են, մանաւանդ եթէ համաձայն չես Հայաստանի մէջ որդեգրուած ՀՅԴ-ի քաղաքականութեան հետ։
Ճիշդ է, կրնաս սպասել ու ամիսը մէկ քու խումբիդ կամ նոյն կոմիտէութեանդ անդամներուն հետ խօսիլ, որոնք արդէն քու գաղափարներդ բազմաթիւ անգամներ լսած են։
Սակայն հարցերու շուրջ շարունակական քննարկումներ ուրիշ կոմիտէութեանց, ուրիշ երկիրներու կամ ալ Հայաստանի ընկերներուն հետ, շատ հազուադէպ են։
Հետեւաբար, նախ քան որ «փորձառու» կամ ալ ղեկավար Դաշնակցականները ինծի դաս տան, թէ «հոս» հրապարակաւ պէտք չէ որ խօսիմ, թող կուսակցութիւնէն ներս 21-րդ դարու համապատասխան կարծիքներու փոխանակման միջոց կամ տեղ ստեղծեն։
Այն տպաւորութիւնը ունիմ, թէ ղեկավարութիւնը կուսակցութիւնէն ներս խօսելու միջոց գիտակցաբար չի ստեղծեր, որպէսզի Հայաստանի մէջ ՀՅԴ-ի վիճակով մտահոգուողներուն ձայնը անուղղակիօրէն լռեցնէ, որպէսզի գլուխնին չցաւի։
Շատ աւելի պիտի նախընտրէի այս բոլոր ըսելիքներուս մասին խօսիլ նոյն իմ կոմիտէիս անդամներէն զատ ուրիշ կուսակցականներու, մանաւանդ Հայաստանի մէջ ապրող Դաշնակցականներուն հետ, սակայն առիթը շատ սահմանափակ է։