Սփիւռք

Կասեցնե՛լ ՀՅԴ-Հմայքի Մսխումը

ԱՐԱՄ ՎԱՐԱՆԴԵԱՆ

ՀՅԴ-ն ունի հմայք՝ ժողովուրդին որոշ խաւին քով։

Ուրկէ՞ ստեղծուած է այդ հմայքը։

Ստեղծուած է նախ իր գոյութեան առաջին՝ մօտաւորապէս 35 տարիներու փառահեղ գործունէութեան, նաեւ իր անդամներու տիպար կեցուածքին պատճառով։

Այդ հմայքը պահպանուած ու շարունակուած է հետագային ու մինչեւ այսօր, Մերձաւոր Արեւելքի գաղութներու ու համայնքներու կազմակերպութեամբ, երբ Հալէպի, Թեհրանի, Պէյրութի, Գահիրէի, Պաղտատի, Երուսաղէմի եւ այլ քաղաքներու մէջ, ՀՅԴ-ն ուղղակիօրէն ժողովուրդի ծոցին մէջ գործելով, ծառայած ու կազմակերպած է այդ գաղութներուն հայութեան հաւաքական կեանքը։

ՀՅԴ-ի նկատմամբ ստեղծուած հմայքին նպաստած է, Արցախի պատերազմի ընթացքին, անոր մեծ թիւով անդամներուն կռուի մասնակցութեամբը Ազերիներուն դէմ՝ զոհ տալով հարիւրաւոր նուիրեալներ։

Անշուշտ «հմայք» ունենալը ՀՅԴ-ի համար նպատակ բնաւ չէ եղած, սակայն հմայքին չափը բաւական ճիշդ գնահատականը եղած է կուսակցութեան գործունէութեան։

Հայաստանի Հանրապետութեան ՀՅԴ կառոյցը, անցնող մի քանի տասնամեակներուն, ոչ միայն հայաստանեան իր գործունէութեամբ դրական նոր հմայք չէ ստեղծած, այլ անցեալէն եկած հմայքն ալ մսխած է։

Անցեալին ու Սփիւռքի մէջ, ինչպէս Լիբանան, Սուրիա կամ Պարսկաստան, մինչեւ այս օրերը շարունակուող ՀՅԴ-ի աշխատանքներուն շնորհիւ ստեղծուած հմայքն ու դրամագլուխը, անցնող մի քանի տասնամեակներուն, վատնուած են ՀՅԴ-ի հայաստանեան ոչ-արդիւնաւոր գործունէութեամբ, որ միտուած է 20-25 անձերու համար պետական կառոյցին մէջ կամ պետական կառոյցին միջոցաւ գործի և պաշտօնի առաւելութիւն ստեղծելու հաշիւներուն:

Այս ձախողութիւնը փոխանակ ՀՀ ՀՅԴ-ն դարձնելու աւելի համեստ, դժբախտաբար շարունակած է բարձր պահել անոր ձայնը։ Ժամանակն է, որ ՀՀ ՀՅԴ-ն համեստանայ ու իր ձայնը մեղմելով անմիջականօրէն ծառայէ ժողովուրդին, եւ իր հազարաւոր անդամներով գործէ ուղղակիօրէն ժողովուրդին հետ ու, իր արդիւնաւոր գործունէութեան միջոցու, նպաստէ իր՝ ՀՀ ՀՅԴ կառոյցի հմայքի ստեղծումին ու բարելաւումին։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *