ԽԱԺԱԿ ԱՅՆԹԱՊԵԱՆ
Սուրիկը երբ տասը տարեկան էր, օր մը հօրը հետ ճամբան քալած ատեն խանութի մը ցուցափեղկին մէջ, «մանիքեն»ի մը վրայ հագուստ մը տեսաւ ու հիացած ցուցափեղկին առջեւ գամուեցաւ… Վերէն վար տղամարդու նոր զգեստ մը՝ մոխրագոյն տաբատ ու բաճկոն, ճերմակ շապիկ, սեւ փողկապ մը մոխրագոյն գիծերով ու ճեփ ճերմակ կօշիկ մը…
– Հայրիկ այս հագուստը կ’ուզեմ, շուտ գնէ ինծի…
– «Եաւրըմ» աս հագուստը քեզի մեծ կ’ըլլայ, երբ որ մեծնաս ու ինծի պէս վարպետ արհեստաւոր մը ըլլաս, կ’աշխատիս, դրամ կը շահիս, յետոյ աղուոր աղջիկ մը կը գտնես, կու գաս այս հագուստը կը գնես, հարսանիքիդ օրը կը հագնիս ու ամէն մարդ քեզի մատով կը ցուցնէ, «տեսէք Սուրիկը, ինչ աղուոր, գեղեցիկ փեսայ մը եղած է», կ’ըսէ…
– Ուրեմն հայրիկ այս հագուստը եկուր դուն գնէ, թող ամէն մարդ մատով քեզի ցուցնէ:
– Չէ եաւրըմ չէ, այլեւս ուշ է… Հիմա եթէ ես իմ հագուստներս փոխեմ եւ այս զգեստը վրաս անցնեմ, ամէն մարդ ինծի մատով կը ցուցնէ ու «այս խամաճիկը ո՞վ է», կ’ըսէ… Փոփոխութիւնը տղաս, ճիշդ ժամանակին պէտք է ըլլայ…. եթէ ոչ խնդալիք կ’ըլլայ:
Տասը տարի անցաւ, Սուրիկը քսան տարեկան եղաւ ու հօրը պէս վարպետ արհեստաւոր մը դարձաւ: Սակայն նախքան աղուոր աղջիկ մը գտնէ, գնաց հագուստի խանութ մը մտաւ ու մոխրագոյն տաբատ ու բաճկոն մը, ճերմակ շապիկ մը, մոխրագոյն գիծերով սեւ փողկապ մը ու ճեփ ճերմակ կօշիկ մը հագած խանութէն դուրս ելաւ… Ճամբան քալած ատեն ամէն մարդ մատով իրեն ցոյց տուաւ ու «տեսէք Սուրիկը , ինչ աղուոր ու գեղեցիկ տղայ մը եղած է» , ըսաւ… Եւ ամէն օր Սուրիկը այս նոյն զգեստը հագաւ ու ամէն մարդ իրեն մատով ցոյց տուաւ …
Յետոյ հինգ տարի եւս անցաւ, Սուրիկը քսան հինգ տարեկան եղաւ ու Սրբուկին հետ ծանօթացաւ: Երբ նշանտուքին օրը մօտեցաւ Սրբուկը Սուրիկին գլուխը կերաւ, «այս զգեստդ արդէն հինցաւ, գնա նոր հագուստ մը գնէ», ըսաւ: Սակայն Սուրիկը յամառութիւն ըրաւ, « Այս հագուստը իմ մանկութեան երազս է» ըսաւ, այդ հագուստով նշանուեցաւ ու երկու տարի ետք այդ նոյն հինցած զգեստով ալ կարգուեցաւ…
Տարի մը ետք, Սուրիկը աղջիկ մը ունեցաւ: Մկրտութեան թուականը երկու տարի յետոյ որոշուեցաւ ու երբ Սուրիկը իր հին ու մաշած հագուստներով եկեղեցի մտաւ, ամէն մարդ ոտքի ելաւ, մատով Սուրիկը ցոյց տուաւ ու «Այս խրտուիլակը ո՞վ է» ըսաւ…
Տարիներ ետք, երբ Սուրիկին աղջիկը հարսնցու դարձաւ, խեղճ աղջիկը այնքան լացաւ, պաղատեցաւ, որ աղջկան հարսանիքին օրը Սուրիկը վերջապէս նոր զգեստ մը հագաւ, սակայն կօշիկները փոխել չհամոզուեցաւ… «Այս կօշիկս հանգիստ է, ոտքս անոր վարժուած է», ըսաւ ու երբ եկեղեցի մտաւ, դարձեալ ամէն մարդ ոտքի ելաւ ու մատով Սուրիկին մաշած ու արդէն սեւցած կօշիկները ցոյց տուաւ…
Յետոյ Սուրիկը ծերացաւ ու կօշիկն ալ պատրուեցաւ եւ ստիպուած գնաց նոր կօշիկ մը առաւ: Բայց ինչ օգուտ… Երբ տուն մտաւ ու հայելիին դիմաց կայնեցաւ, հագուստը արդէն հինցած է տեսաւ ու այն ատեն հորը խօսքը միտքը ինկաւ՝
– Փոփոխութիւնը տղաս ճիշդ ժամանակին պէտք է ըլլայ….թէ ոչ խնդալիք կ’ըլլայ…
Փոփոխութիւնը նաեւ ամբողջական պէտք է ըլլայ: Այլապէս անիմաստ կ’ըլլայ…