13.5 C
Yerevan

«Այլեւս հնա­րաւոր չէ ՄԵՐ ԺՈՂՈ­ՎՈՒՐԴը խաբել եւ իշխա­նութեան լուծի թմբի­րին վերա­դարձնել՝ ՈՒԺԻ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ խորհրդանշող քարոզչա­կան ՓՈՒՉԻԿՆԵ­Րով»։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Բարի լոյս՝ կեանքի ամէ­նօ­րեայ հոգե­րէն պահ մը հեռու կանգնե­լու եւ հանգիստ շունչ քաշե­լու ծարաւը ունե­ցող համա­ցանցի հայ այցե­լունե­րուն։

Հայաստա­նի այսօ­րուան ընդդի­մադրութեան «մարտա­կան» խօսնակնե­րէն news.amը երէկ՝ Օգոստոս 31ին ամե­նայն խանդա­վա­ռութեամբ աւե­տած է իր հետեւողնե­րուն, որ «Վլա­դի­միր Պուտի­նը հեռա­խօ­սազրոյց է ունե­ցել Ռոբերտ Քոչա­րեա­նի հետ եւ ջերմօ­րէն շնորհաւո­րել է Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան նախկին նախա­գա­հին ծննդեան օրուայ կապակցութեամբ»․․․

Բարի լոյս՝ դատ ու դատաստա­նի սպա­սող ամբաստա­նեալ ՌՈԲԵՐՏ ՔՈՉԱՐԵԱՆին իր ՄՏԵՐԻՄի բարե­մաղթանքը հրա­պա­րա­կաւ փոխանցող Ռուսաստա­նի Դաշնութեան նախա­գահ ՎԼԱԴԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆի կենցա­ղա­վա­րա­կան փափկանկա­տութեան։


Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան ԵՐԿՐՈՐԴ նախա­գա­հը անկասկած ՊԷՏՔ ՈՒՆԻ դուրսէն ու վերէն՝ յատկա­պէս ինքզինք երբեմնի կայսե­րա­պե­տա­կան Ռուսաստա­նի թիւ 1 իշխա­նաւո­րի պէս պահող ՊԵՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉի․․․ զօրակցութեան։


Բարի լոյս՝ արդէն 2020 թուա­կա­նին ԱՊՐԵԼՈՒ իմաստը լիարժէք ընկա­լող ԱԶԱՏ ու ԱՐԴԱՐ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ, որ Փութի­նի եւ Քոչա­րեա­նի լուսանկարնե­րը կողք-կողքի հանդի­սադրած news.amի լրա­տուութեան նայե­լով՝ իրաւամբ հարց կու տայ, թէ երէ­կուան երազնե­րով օրօ­րուող մարդիկ ե՞րբ պիտի սթա­փին ու անդրա­դառնան, թէ այլեւս հնա­րաւոր չէ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴը խաբել եւ իշխա­նութեան լուծի թմբի­րին վերա­դարձնել՝ ՈՒԺԻ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ խորհրդանշող քարոզչա­կան ՓՈՒՉԻԿՆԵՐով։


2018ին Հայաստանն ու Հայութիւնը ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՈՉ-ԲՌՆԻ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՄԲ նոր հորի­զոննե­րու բացին մեր ՀԱՅՐԵՆԻՔը, որ վերածնունդի ՈՒՂԻՈՎ ահա յաղթա­քայլ կ՚առաջանայ դէպի կերտումը ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ ՀԶՕՐ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ՝ սեւե­ռե­լով ՄԱՔՈՒՐ ՁԵՌՔԵՐՈՎ ԿԱՌԱՎԱՐՄԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳի քայլ առ քայլ հաստա­տագրումին ու ամրապնդումին։

Առնչվող Հոդվածներ