ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Ո՞Վ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻ․․․ ՀԱՄԱՆԵՐՈՒՄԻ

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Բարի լոյս՝ «Հ․Յ․Դ․ ԲԻՒՐՕ» ստորագրութեամբ եւ մեր մամուլի էջերուն ու զանգուածային լրատուամիջոցներով հրապարակուած 01 Սեպտեմբեր 2020 թուակիր «ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն»ը կարդացողներուն եւ զուարճացողներուն։

Մի զարմանաք, որ «Հ․Յ․Դ․» անունն ու առկայ կազմակերպութիւնը «ՔՈՒԷԻ ՈՒԺՈՎ» սեփականաշնորհած ու պատանդ բռնած այս մարդիկ նորանոր առիթներ ու հնարքներ կը փնտռեն ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԱՐԾԻՔը ապակողմնորոշելու, այլեւ խաբելու համար, թէ՝ իրենք «ժողովրդավար», «օրինապաշտ», «թափանցիկ գործող» եւ «վեհանձն» են․․․ այն աստիճան, որ իբր թէ «համաներում»ի «կ՚արժանացնեն» իրենց հեռացուցած կամ իրենցմէ հեռացած «նախկին դաշնակցականները»․․․ Հ․Յ․Դ․ 130ամեակի ներշնչած «մեծոգութեամբ»։

Ոչ ալ ծիծաղեցէք ի տես եւ ի լուր այս մարդոց «կեղծ վեհանձնութեան» ետին գործող փերեզակի պատեհապաշտութեան, որ չ՚ուշանար անմիջապէս իսկ իր թոյնը թափելու՝ յայտարարութեան աւարտին ընդգծելով, որ «խոստացուած» համաներումին դիմողները պէտք է ամբողջացնեն հիմնական ՊԱՅՄԱՆ մը․- «Շարքերից դուրս գտնուած ժամանակ Դաշնակցութեան դէմ չեն գործել»։

Բարի լոյս՝ ՀԱՄԱՆԵՐՈՒՄի կեղծ ու թունաւոր խայծէն չխաբուող, այլեւ դիմում գրելու եւ «շարքեր» վերադառնալու այսօրինակ «ՀՐԱՒԷՐԻՆ» քմծիծաղով հակազդող «նախկին դաշնակցականներուն», որոնք շատ լաւ կը գիտակցին, թէ իրենք ոչ միայն ԻՐԱՒ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՆԵՐ ԵՆ, այլեւ կոչուած են դատ ու դատաստանի առջեւ կանգնեցնելու եւ պատժելու համաներում․․․ «շնորհող» ԿԵՂԾերը։

Ի՜նչ «համաներում», երբ զայն «շնորհելու» ելած այս ինքնակոչները

նախ իրե՛նք պէտք է դատուին յաչս հայ ժողովուրդին Հ․Յ․Դ․ն այս աստիճան ՎԱՐԿԱԶՐԿԵԼՈՒ իրենց յանցանքին համար, ապա եւ ԱՐԺԱՆԻ ՊԱՏԻԺ կրեն ԺՈՂՈՎՈՒՐԴը իր պաշտած ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵՆԷՆ խորթացնելու իրենց անպատասխանատու վարքուբարքին համար։

Բարի լոյս՝ 130ամեայ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴԻՆ տէր կանգնող բոլոր ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ԵՐԴՈՒԵԱԼՆԵՐՈՒՆ, որոնք Ազգին ու Հայրենիքին ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԶՕՐԱՑՄԱՆ ի խնդիր իրենց պաշտպանած դաշնակցական ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐՈՒՆ եւ ԿԵՑՈՒԱԾՔՆԵՐՈՒՆ համար՝ ԿԱՄԱՅԱԿԱՆՕՐԷՆ ու ՀԱԿԱԿԱՆՈՆԱԳՐԱՅԻՆ իրաւախախտումներով ՀԵՌԱՑՈՒԱԾ ԵՆ մարդոց կողմէ կամ հեռացած են մարդոցմէ, որոնք Հ․Յ․Դ․էն միայն․․․ «Զինանշանը» ցուցադրող «զարդասեղ» կամ «վզնոց շղթայ» կը կրեն։

    

One Response to “Ո՞Վ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻ․․․ ՀԱՄԱՆԵՐՈՒՄԻ”

  1. Գէորգ Եազըճեան Reply

    Իմ համոզումով՝ Հ. Յ. Դ.ի բոլոր ժամանակներու ղեկավարութիւնները պէտք է անաչառօրէն դատուին՝ ամենէն առաջ նոյն ինքն կուսակցութեան գաղափարներուն չդաւաճանած, թէկուզ հեռացուած անձերուն կողմէ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *