28.6 C
Yerevan

Ագա­րակ՝ բազմա­թիւ Հայրե­նա­դարձե­րու նոր բնա­կա­վայրը

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Կովիտ-19  համա­վա­րա­կի միա­պա­ղաղ առօ­րեա­յէն ազա­տե­լու լաւա­գոյն ձեւը ամի­սը մէկ-երկու անգամ ընտա­նի­քով կամ ընկերնե­րով Հայաստա­նի տարբեր մարզե­րու յայտնի եւ անյայտ գիւղե­րը այցե­լելն է եւ մեր հայրե­նի­քի հրա­շա­լի բնութիւնը վայե­լե­լը:  Քանի մը օր առաջ ընկերնե­րով որո­շե­ցինք կտրուիլ երեւա­նեան մեր առօ­րեա­յէն եւ այցե­լել Բիւրա­կան: Դէպի բիւրա­կան ճամբուն վրայ ընկերնե­րուս յիշե­ցուցի, որ քեռիիս տղան՝ Ռաֆֆի Եագուպեա­նը, Լարնա­քայ, Լոնտո­նի եւ Պէյրութի մէջ աշխա­տե­լէ եւ ապրե­լէ ետք, տարի­ներ առաջ Հայաստան տեղա­փո­խուած էր եւ մի քանի տարի Երեւան մնա­լէ ետք, առանձնա­տուն մը կառուցած էր Ագա­րակ գիւղի մուտքին եւ 4 տարիէ ի վեր արդէն կ’ապրէր այնտեղ: «Երթանք սուրճ մը խմենք մօրեղբորս տղուն հետ: Կորո­նա­վի­րուսի պատճա­ռով վաղուց չեմ տեսած զինք», առա­ջարկե­ցի ընկերնե­րուս:

Համա­ձայնե­ցան եւ փոխա­նակ դէպի Բիւրա­կան բարձրա­նա­լու, մեքե­նան քշե­ցինք ուղիղ ճանա­պարհով դէպի Ագա­րակ գիւղ:  Արա­գա­ծոտն Մարզի Ագա­րակ գիւղը Երեւա­նէն հեռու է մօտ 30 քմ, բայց նոր մայրուղիի կառուցումը կարծէք թէ կրճա­տած է ճանա­պարհը: Մայրուղիէն դուրս գալով երկու վայրկեա­նէն հասանք Ռաֆֆիի առանձնա­տան առջեւ:

Քեռիիս տղան մեզ ընդունեց իր առանձնա­տան կանա­չա­պատ ու պտղա­տու ծառե­րով հարուստ այգիի բակին մէջ: Ինչպէս ըսի, վաղուց չէինք տեսնուած ու ահա­գին բան ունէինք պատմե­լու իրար: Խօսե­ցանք անցեա­լէն ու ներկա­յէն, կորո­նա­վի­րուսէն, եղա­նա­կէն, եւայլն: Բնա­կա­նա­բար, չէինք կրնար չանդրա­դառնալ Լիբա­նա­նի տագնա­պին, Պէյրութի պայթումին եւ լիբա­նա­նա­հա­յութեան վիճա­կին: Բոլորս ալ ծնած ու մեծցած էինք Լիբա­նա­նի մէջ եւ մինչեւ այսօր բազմա­թիւ ընկերներ, ազգա­կաններ եւ հարա­զատներ ունինք այնտեղ: Յետոյ նիւթը կեդրո­նա­ցաւ Լիբնա­նա­նէն եւ Սուրիա­յէն Հայաստան եկող հայե­րու դիմագրաւած դժուա­րութիւննե­րուն, բազմա­տե­սակ մարտահրաւէրնե­րուն եւ անոնցմէ շատե­րուն արձա­նագրած յաջո­ղութիւննե­րուն կամ ձախո­ղութիւննե­րուն վրայ: 

Այս մասին երբ կարծիքներ կը փոխա­նա­կէինք, Ռաֆֆին մեզի տեղե­կա­ցուց, որ նախքան Լիբա­նա­նի տագնա­պը, աշխարհի չորս կողմէն բազմա­թիւ հայեր,  մանաւանդ Լիբա­նա­նէն, արդէն տեղաւո­րուած են Ագա­րակ գիւղ եւ 5 րոպէ հեռու գտնուող Աշտա­րակ քաղա­քը:

«Հոս եւ Աշտա­րակ, անցնող տարի­նե­րուն, շուրջ 15 ընտա­նիք եկած է Լիբա­նա­նէն եւ Սուրիա­յէն: Ասոնցմէ 7ը այնճարցի են, 2ը՝ քեսապցի: Կան նաեւ Ֆրանսա­յէն եւ Շուէ­տէն հայեր, որոնք տուներ կառուցած են եւ տարին քանի մը ամիս կու գան կը մնան այստեղ: Ագա­րա­կի շրջա­նին մէջ հայրե­նա­դարձե­րու փոքրիկ համայնք կայ արդէն», ըսաւ Ռաֆֆի եւ բացատրեց, որ կեանքը շատ աւե­լի արժան է այս շրջա­նին մէջ, մեծ տուն մը գնելն ու վերա­նո­րո­գե­լը շատ աւե­լի քիչ գումար կը պահանջէ քան Երեւա­նի կեդրո­նի մէջ փոքր բնա­կա­րան մը: «Մարդիկ Երեւա­նի բնա­կա­րա­նի մը կէս գինով կրնան մեծ տուն գնել եւ կողքն ալ կանաչ այգի մը հիմնել: Օդը մաքուր է, եղա­նա­կը՝ հաճե­լի: Ատոր համար ալ վերջերս մարդոց հետաքրքրութիւնը դէպի այս կողմերն է, քանի որ ամէն ինչ աւե­լի մատչե­լի է», տեղե­կա­ցուց Ռաֆֆի եւ յիշեց, որ բազմա­թիւ լիբա­նանցի­ներ հողեր գնած են այս տարածքնե­րէն, ապա­գա­յին տուն կառուցե­լու յոյսով: «Երեւա­նէն ետք, կարծես թէ Արա­գա­ծոտնի մարզի այս շրջա­նը ամե­նագրաւիչ տեղն է հայրե­նա­դարձ Սփիւռքա­հա­յե­րուն համար, որովհե­տեւ մօտ է մայրա­քա­ղա­քին, 15–20 վայրկեան կը քշես ու Երեւա­նի սիրտին մէջ ես, իսկ բնութիւնը հրա­շա­լի է, գիներն ալ՝ ընդունե­լի…», եզրա­փա­կեց ան:

Հաճե­լի էր լսել այս բոլո­րը: Բնա­կա­նա­բար հետաքրքրուե­ցանք նաեւ գործի հնա­րաւո­րութիւննե­րուն մասին: Այստեղ ի վերջոյ գիւղա­կան շրջան է եւ բոլո­րը չէ, որ գիւղատնտե­սութեամբ կրնան զբա­ղիլ: Ռաֆֆի բացա­տեց, որ ով որ գիւղատնտե­սութե­նէ կը հասկնայ եւ այդ գործին մէջ է, բնա­կա­նա­բար կրնայ այստեղ նոյն գործով զբա­ղիլ, բայց նաեւ կան մարդիկ, որոնք կը նախընտրեն այստեղ ապրիլ եւ աշխա­տիլ Երեւան: Այստեղ կարե­լի է մեծ տուն ունե­նալ, փոքր այգի մըն ալ հետը, եւ աշխա­տանքի համար ամէն օր երթալ երեւան:

«Երեւի դուք մոռցած եք արդէն, եւ շատ արագ երեւանցի դարձած եք: Չէ՞ք յիշեր, Ամե­րի­կայ կամ նոյնիսկ Լիբա­նան, ամէն օր մէկ-երկու ժամ կը քշէինք, գործի երթալ գալու համար: 15–20 վայրկեան քշել եւ Երեւան հասնի­լը դժուա՞ր է…», դիտել տուաւ Ռաֆֆի: 

Ընկերս՝ Աբոն որո­շեց անմի­ջա­պէս իր ամե­րի­կաբնակ հորեղբո­րորդիին տեղե­կացնել այս շրջա­նի մէջ տուն ունե­նա­լու հնա­րաւո­րութեան մասին: Երեւա­նէն զատ մատչե­լի շատ վայրեր կան, մանաւանդ անոնց համար, որոնք կը սիրեն գիւղա­կան խաղաղ կեանքը, մաքուր օդը, սիրուն բնութիւնը: 

Քիչ մըն ալ զրուցե­լէ ու հեռա­խօ­սով մի քանի լուսանկար առնե­լէ ետք ցտե­սութիւն ըսինք Ռաֆֆիին եւ շնորհա­կա­լութիւն յայտնե­ցինք մեր օրը այսպէս լաւ լուրե­րով լեցնե­լուն համար եւ քշե­ցինք դէպի Բիւրա­կան:

Աղբիւրը՝ Civilinet

Առնչվող Հոդվածներ