սոց ցանց

Լաւ կ’ըլլայ որ ամէն մարդ անդրադառնայ թէ ինք փիսիկ չէ

ԽԱԺԱԿ ԱՅՆԹԱՊԵԱՆ

Մեծահարուստ Շորթիկեանը «նարտի» խաղալ շատ կը սիրէ բայց պարտութեան չի գար ։
Պատահած է որ մէկ անգամ երբ ան Սուրիկին դէմ նարտի խաղցեր ու պարտուեր է, Սուրիկին գլխուն հայհոյանքներու տարափ մը տեղացնելէ ետք նարտին ալ անոր գլխուն չարդեր է… Ու անկէ ետք նման բան այլեւս այդ թաղին մէջ պատահած չէ: Անկէ ետք ամէն նարտի խաղցող «փիսիկ»ի պէս Շորթիկեանին դիմաց նստեր է ու թէեւ սրտին խորքը անոր պարտութիւնը ցանկացեր է , սակայն դիտմամբ ինք պարտուած է որ յանկարծ մեծահարուստը չնեղացնէ… Չէ , պատճառը ոչ հայհոյանքներէն վախնալը , ոչ ալ գլխուն նարտի ուտելու սարսափը եղած է … «Փիսիկ»ի պէս նարտի խաղալու բուն պատճառը այլ է . Մեծահարուստ Շորթիկեանը թէեւ ազգը շորթելով հարստացեր է բայց ան իր շուրջի փիսիկները կուշտ պահեր է … Ամէն նարտի խաղալուն հիւրասիրութիւնը անպակաս եղած է , երբեմն նոյնիսկ անոնց առջեւ ազգին հաշւոյն կտոր մըն ալ միս նետեր է… Մէկ խօսքով ան իր փիսիկները լաւ կերակրած ու ամէն օր անոնց հետ նարտի խաղցեր ու յաղթեր է … Չեմ գիտեր թէ այս տեսակ յաղթանակէն ան ինչ հաճոյք ստացեր է , կարեւոր չէ …

Կարեւորը այն է , որ օրին մէկը երբ Սուրիկին հօրքուրին մարդը Սուրիկենց թաղը հիւր եկեր է , Շորթիկեանին հետ նարտի խաղալու բախտ մըն ալ անոր վիճակուեր է …. Այս մարդը սակայն Շորթիկեանին բնաւ ծանօթ չէ , ոչ անոր հարստութեան մասին բան լսած է , ոչ ալ անոր նետած միսին համը գիտէ … Անգիտակցաբար թէ գիտակցաբար դեռ յայտնի չէ բայց այնպէս պատահած է , որ Սուրիկին հօրքուրին մարդը Շորթիկեանին յաղթէ ու անոր զայրոյթը գրգռէ… Շորթիկեանին բերնէն հայհոյանքներու տարափ մը դուրս թռեր է , սակայն նախքան նարտին ինք բարձրացնէ , Սուրիկին հօրքուրին մարդը զայն վերցուցեր ու Շորթիկեանին գլխուն չարդեր է… Այս խնդիրէն յետոյ Շորթիկեանը մէյ մըն ալ այդ թաղը ոտք կոխած չէ եւ օր ըստ օրէ փիսիկներուն քանակն ալ նուազած է ..

Ըստ երեւոյթին մեր ազգային փողոցները Շորթիկեաններէն մաքրելը այնքան ալ բարդ խնդիր մը չէ … Անոնց հետ նստիլ նարտի խաղալու փոխարէն ընդամէնը նարտին անոնց գլխուն չարդել պէտք է … Բայց ո՞վ պիտի այս գործը յանձն առնէ , եթէ դժուար է գոնէ թող մէկն ու մէկը իր հօրքուրին մարդը կանչէ…
Չէ իմ վրաս յոյս դնել պէտք չէ , ես մէկ հատ Հօրաքոյր ունիմ ան ալ կարգուած չէ…
Բայց եթէ ինծի մնայ այս խնդրին լուծումը առանց նարտին չարդելու լաւութեամբ ալ կարելի է … Փոխանակ սպասենք որ հօրքուրին մարդը գայ ու նարտին չարդէ , լաւ կ’ըլլայ որ ամէն մարդ անդրադառնայ թէ ինք փիսիկ չէ ….

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *