Ազատ բեմ

Խնայել՝ դեռ երէկ փառք ու պատիւի արժանացող կուսակցութեան

Արմենակ  Լեւոնեան

Անցեալին՝ նոյնիսկ Սովետական Հայաստանի տարիներուն, Սփիւռքահայ մեր գաղափարակից ընկերները եւ համակիրները, Հայրենիք այցելութեան եկած, վստահելի շրջանակներու մէջ գտնուելով, հպարտութեամբ կը դրսեւորէին իրենց Դաշնակցական պատկանելութիւնը՝ այդպէսով տարածելով մեր փառքն ու համբաւը:

Առաւել եւս, Հայաստանի անկախանալէն ետք՝ ամենայն համարձակութեամբ ու հպարտութեամբ, բարեկամի, ծանօթի ու անծանօթի, յատկապէս պատահական հանդիպած երթուղիի, Taxi վարորդներու խօսակիցը դառնալով, անոնք յատուկ առիթը կը գտնէին իրենց ինքնութիւնը բացայայտելու՝ արժանանալով գովասանքի ու մեծարանքի:

Իսկ անցնող վերջին տասը տարիներուն, օր ըստ օրէ, պատկերը սկսաւ խամրիլ․

Նախ՝ տեղացիք անմիջապէս իրենց գնահատականը տալով կ՚աւելցնէին, որ «Դաշնակցութիւնը դրսինն է, ներսում սաղ սուտ ա»․․․

Իսկ հիմա արդէն բոլոր այցելուները գիտեն լռութեան արժէքը՝ վիրաւորական խօսքերու չարժանանալու եւ, այդպիսով, խնայելու դեռ երէկ փառք ու պատիւի արժանացող կուսակցութեան՝ նորանոր մեղադրանքներու եւ վարկաբեկիչ հայհոյախառն խօսքերու թիրախ դառնալէ․․․

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *