20.4 C
Yerevan

Խնա­յել՝ դեռ երէկ փառք ու պատիւի արժա­նա­ցող կուսակցութեան

Արմե­նակ  Լեւո­նեան

Անցեա­լին՝ նոյնիսկ Սովե­տա­կան Հայաստա­նի տարի­նե­րուն, Սփիւռքա­հայ մեր գաղա­փա­րա­կից ընկերնե­րը եւ համա­կիրնե­րը, Հայրե­նիք այցե­լութեան եկած, վստա­հե­լի շրջա­նակնե­րու մէջ գտնուե­լով, հպարտութեամբ կը դրսեւո­րէին իրենց Դաշնակցա­կան պատկա­նե­լութիւնը՝ այդպէ­սով տարա­ծե­լով մեր փառքն ու համբաւը:

Առաւել եւս, Հայաստա­նի անկա­խա­նա­լէն ետք՝ ամե­նայն համարձա­կութեամբ ու հպարտութեամբ, բարե­կա­մի, ծանօ­թի ու անծա­նօ­թի, յատկա­պէս պատա­հա­կան հանդի­պած երթուղիի, Taxi վարորդնե­րու խօսա­կի­ցը դառնա­լով, անոնք յատուկ առի­թը կը գտնէին իրենց ինքնութիւնը բացա­յայտե­լու՝ արժա­նա­նա­լով գովա­սանքի ու մեծա­րանքի:

Իսկ անցնող վերջին տասը տարի­նե­րուն, օր ըստ օրէ, պատկե­րը սկսաւ խամրիլ․

Նախ՝ տեղա­ցիք անմի­ջա­պէս իրենց գնա­հա­տա­կա­նը տալով կ՚աւելցնէին, որ «Դաշնակցութիւնը դրսինն է, ներսում սաղ սուտ ա»․․․

Իսկ հիմա արդէն բոլոր այցե­լունե­րը գիտեն լռութեան արժէ­քը՝ վիրաւո­րա­կան խօսքե­րու չարժա­նա­նա­լու եւ, այդպի­սով, խնա­յե­լու դեռ երէկ փառք ու պատիւի արժա­նա­ցող կուսակցութեան՝ նորա­նոր մեղադրանքնե­րու եւ վարկա­բե­կիչ հայհո­յա­խառն խօսքե­րու թիրախ դառնա­լէ․․․

Առնչվող Հոդվածներ