20.4 C
Yerevan

Միակ ու ճիշդ ճանա­պարհը՝ ուղեղնե­րու ազա­տագրումը

Անդրա­նիկ Պօղո­սեան

21-րդ դար, Երկիր մոլո­րա­կի շուրջ հաղորդակցուե­լու աննա­խա­դէպ հնա­րաւո­րութիւն, վայրկեա­նը վայրկեա­նին զիրար լսե­լու, իրա­րու գրե­լու, տեսնե­լու, կարդա­լու, (կարե­լի է ըսել նոյնիսկ) զգա­լու, մէկը միւսին ճանչնա­լու, կարծէք անմի­ջա­կան կողք-կողքի ներկայ գտնուե­լու հնա­րաւո­րութեամբ օժտուած, ինչը եւ՝ ճիշդ օգտա­գործե­լու պարա­գա­յին, խթան կը հանդի­սա­նայ աւե­լի արագ խնդիրներ լուծե­լու, մարդոց իրա­րու մօտեցնե­լու ու տեղե­կա­տուա­կան, գիտա­կան եւ բազմա­պի­սի նիւթե­րով զինուե­լով զարգա­նա­լու:

Այսպէ՛ս, կամայ-ակա­մայ մեր կեանք մուտք գործած են տարբեր անուա­նումնե­րով յայտնի սոց․ցանցեր, ինչպի­սին են ԴԻՄԱՏԵՏՐը կամ ԻՆՍՏԱԿՐԱՄը եւ ուրիշներ, որոնք նոյնպէս մեզ ու մեր առօ­րեայ ժամե­րը կը խլեն ու մեզ կլա­նե­լով անուղղա­կի ներգործութիւն կ՚ունենան անձնա­կան, ազգա­յին, ընկե­րա­յին, քաղա­քա­կան ու գաղա­փա­րա­կան կողմնո­րո­շումնե­րու եւ կարծրա­տի­պե­րու ձեւաւորման կամ պայծա­ռա­տե­սութեան հասցնե­լով, միացնե­լու կամ իրարմէ բաժնե­լու։ Յատկա­պէս անուրա­նա­լի է այն դրա­կան հնա­րաւո­րութիւնը՝ մտքե­րի փոխա­նակման ու ազատ մտա­ծե­լու եւ հաղորդակցե­լու իր նմա­նին հետ մասնա­գի­տա­կա­նօ­րէն, եւ բարե­կա­մին, գաղա­փա­րա­կի­ցին  ու նոյնիսկ հակա­ռա­կորդին հետ կիսուե­լու:

Մենք անդրա­դարձանք վերո­յի­շեալ դրա­կան ամէ­նուն։ Իսկ այժմ տեսնենք այն բացա­սա­կան, նաեւ՝ վտանգաւոր ներգործութիւնը, որուն եւս մենք ակա­նա­տեսն ու կրո­ղը դարձած ենք, երբ վերո­յի­շեալ ընձե­ռուած մտքե­րի արտա­յայտման ու փոխա­նակման ազա­տութիւնը որոշնե­րու առջեւ արգե­լա­փա­կուած է, երբ մարդը ինչ որ աղանդի, տեսակ մը կեթո­յի, կամ ազգա­յին ու գաղա­փա­րա­կան հոսանքի մը կապանքնե­րուն կամայ-ակա­մայ կ՚ենթարկէ ինքզինք, որմէ ետք՝ զրկուե­լով իր ազատ կամքի արտա­յայտման ազա­տութե­նէն, եւ նոյնիսկ յաճախ ներքուստ բաժնե­լով հանդերձ ներկա­յա­ցուած գաղա­փար մը կամ տեսա­կէտ մը, ստի­պուած կը զգայ քողարկե­լու եւ ցոյց չտա­լու իր համակրանքն ու համա­ձայնութիւնը անոնց ճշմարտա­ցիութեան, հետեւա­բար եւ անտե­սե­լու զանոնք՝ ինքզինք հպա­տա­կեցնե­լով այն հոսանքին, որու վերահսկո­ղութեան տակ կը գտնուի եւ որ ինքն իրեն է վերա­պա­հած իր հետեւորդնե­րու հաշւոյն որո­շումներ կայացնե­լու իրաւունք-մենաշնորհը․․․

Մատնանշուած այս երեւոյթին արտա­ցո­լումը ու չափո­րո­շի­չը մենք կը տեսնենք Դիմա­տետրի վրայ տեղ գտած ամէն մէկ նիւթի տակ — անկախ նիւթի հեղի­նա­կէն ու ներկա­յա­ցուցած բովանդա­կութե­նէն — ի տես բազմա­թիւ (Like)երու այն տարա­փին ու արձա­նագրուած գովեստի քծնանք բուրող եւ «ի հարկին» թոյն ու մաղձ թափե­լու անպա­տուա­բեր երեւոյթին, նաեւ՝ ի տես հակա­ռա­կին, երբ ընդդի­մա­խօ­սի մը կամ երէ­կուան ընկե­րո­ջը, կամ ալ գաղա­փա­րա­կի­ցի մը եւ այլոց կողմէ հրա­պա­րա­կուած շինիչ, օգտա­կար, հոգե­հա­րա­զատ ու ճշմա­րիտ նիւթի մը հանդէպ՝ կը դրսեւո­րուի ազա­տա­զուրկ մարդու անհա­մարձա­կութիւն, այլեւ վախուո­րած՝ քողարկուած լռութիւն:

Ճշմա­րիտ գաղա­փա­րա­կա­նը՝ գիտա­կից ու սկզբունքնե­րու տէր անձը, առաւել եւս հաւա­քա­կա­նութիւնը այն է, ով իր համո­զումնե­րով ու գործով՝ յանուն իր դաւա­նած նպա­տա­կա­կէ­տին, առաւել եւս յեղա­փո­խա­կան ըմբոստ հոգե­կերտուածքով խիզախ ու չհա­մա­կերպող է։ Թող ոչ ոք փորձէ գերա­զանցել գերե­վա­րուա­ծին ու ստրկա­ցա­ծէն աւե­լի օրի­նա­պաշտ ու կարգա­պահ ներկա­յա­նալ,․․․ պարզա­պէս ինքնա­խա­բէութիւն ու հաշուարկուած կրաւո­րա­կա­նութին է ատի­կա, եւ կամ՝ նեղ ու հոսանքի մը եւ անձնա­կան նպա­տա­կի մը ծառա­յեցնե­լու դիտաւո­րեալ հպա­տա­կութիւն:

Օրինա՛կ․ ինչպէ՞ս կարե­լի է բացատրել հարա­զա­տի, ընկե­րոջ, գաղա­փա­րա­կի­ցի ու ազգա­կի­ցի հանդէպ ունե­ցած համակրանքը, կամ տեսա­կէ­տի հաստա­տումը բացա­ռե­լը՝ պարտադրեալ կաշկանդումի հաշւոյն․․․ Եւ միւս կողմէ՝ ինչպէ՞ս կրնաս ատի­կա համա­տե­ղել հակա­ռա­կորդի մը, օրի­նակ՝ Թուրք մտաւո­րա­կա­նին ու պատմա­բա­նին կողմէ Ցեղասպա­նութեան ընդունման ի նպաստ ու անոր աշխա­տութեան տակ ցուցա­բե­րուե­լիք․․․ զօրակցութեան հետ:

Այս բոլո­րին արդիւնքը կ՚ըլլայ այն, որ ցանկա­ցած տեսա­կի անա­զա­տութիւն ի վերջոյ կը տանի փտախտի ու ինքնա­կործանման, ինչպի­սին ալ որ ըլլան պատճառնե­րը եւ ինքնա­խա­բէութեամբ  արդա­րա­ցումնե­րը․ միակ ու ճիշդ ճանա­պարհը՝ ուղեղնե­րու ազա­տագրման «ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ» է:

Առնչվող Հոդվածներ