Ազատ բեմ

Միակ ու ճիշդ ճանապարհը՝ ուղեղներու ազատագրումը

Անդրանիկ Պօղոսեան

21-րդ դար, Երկիր մոլորակի շուրջ հաղորդակցուելու աննախադէպ հնարաւորութիւն, վայրկեանը վայրկեանին զիրար լսելու, իրարու գրելու, տեսնելու, կարդալու, (կարելի է ըսել նոյնիսկ) զգալու, մէկը միւսին ճանչնալու, կարծէք անմիջական կողք-կողքի ներկայ գտնուելու հնարաւորութեամբ օժտուած, ինչը եւ՝ ճիշդ օգտագործելու պարագային, խթան կը հանդիսանայ աւելի արագ խնդիրներ լուծելու, մարդոց իրարու մօտեցնելու ու տեղեկատուական, գիտական եւ բազմապիսի նիւթերով զինուելով զարգանալու:

Այսպէ՛ս, կամայ-ակամայ մեր կեանք մուտք գործած են տարբեր անուանումներով յայտնի սոց․ցանցեր, ինչպիսին են ԴԻՄԱՏԵՏՐը կամ ԻՆՍՏԱԿՐԱՄը եւ ուրիշներ, որոնք նոյնպէս մեզ ու մեր առօրեայ ժամերը կը խլեն ու մեզ կլանելով անուղղակի ներգործութիւն կ՚ունենան անձնական, ազգային, ընկերային, քաղաքական ու գաղափարական կողմնորոշումներու եւ կարծրատիպերու ձեւաւորման կամ պայծառատեսութեան հասցնելով, միացնելու կամ իրարմէ բաժնելու։ Յատկապէս անուրանալի է այն դրական հնարաւորութիւնը՝ մտքերի փոխանակման ու ազատ մտածելու եւ հաղորդակցելու իր նմանին հետ մասնագիտականօրէն, եւ բարեկամին, գաղափարակիցին  ու նոյնիսկ հակառակորդին հետ կիսուելու:

Մենք անդրադարձանք վերոյիշեալ դրական ամէնուն։ Իսկ այժմ տեսնենք այն բացասական, նաեւ՝ վտանգաւոր ներգործութիւնը, որուն եւս մենք ականատեսն ու կրողը դարձած ենք, երբ վերոյիշեալ ընձեռուած մտքերի արտայայտման ու փոխանակման ազատութիւնը որոշներու առջեւ արգելափակուած է, երբ մարդը ինչ որ աղանդի, տեսակ մը կեթոյի, կամ ազգային ու գաղափարական հոսանքի մը կապանքներուն կամայ-ակամայ կ՚ենթարկէ ինքզինք, որմէ ետք՝ զրկուելով իր ազատ կամքի արտայայտման ազատութենէն, եւ նոյնիսկ յաճախ ներքուստ բաժնելով հանդերձ ներկայացուած գաղափար մը կամ տեսակէտ մը, ստիպուած կը զգայ քողարկելու եւ ցոյց չտալու իր համակրանքն ու համաձայնութիւնը անոնց ճշմարտացիութեան, հետեւաբար եւ անտեսելու զանոնք՝ ինքզինք հպատակեցնելով այն հոսանքին, որու վերահսկողութեան տակ կը գտնուի եւ որ ինքն իրեն է վերապահած իր հետեւորդներու հաշւոյն որոշումներ կայացնելու իրաւունք-մենաշնորհը․․․

Մատնանշուած այս երեւոյթին արտացոլումը ու չափորոշիչը մենք կը տեսնենք Դիմատետրի վրայ տեղ գտած ամէն մէկ նիւթի տակ – անկախ նիւթի հեղինակէն ու ներկայացուցած բովանդակութենէն – ի տես բազմաթիւ (Like)երու այն տարափին ու արձանագրուած գովեստի քծնանք բուրող եւ «ի հարկին» թոյն ու մաղձ թափելու անպատուաբեր երեւոյթին, նաեւ՝ ի տես հակառակին, երբ ընդդիմախօսի մը կամ երէկուան ընկերոջը, կամ ալ գաղափարակիցի մը եւ այլոց կողմէ հրապարակուած շինիչ, օգտակար, հոգեհարազատ ու ճշմարիտ նիւթի մը հանդէպ՝ կը դրսեւորուի ազատազուրկ մարդու անհամարձակութիւն, այլեւ վախուորած՝ քողարկուած լռութիւն:

Ճշմարիտ գաղափարականը՝ գիտակից ու սկզբունքներու տէր անձը, առաւել եւս հաւաքականութիւնը այն է, ով իր համոզումներով ու գործով՝ յանուն իր դաւանած նպատակակէտին, առաւել եւս յեղափոխական ըմբոստ հոգեկերտուածքով խիզախ ու չհամակերպող է։ Թող ոչ ոք փորձէ գերազանցել գերեվարուածին ու ստրկացածէն աւելի օրինապաշտ ու կարգապահ ներկայանալ,․․․ պարզապէս ինքնախաբէութիւն ու հաշուարկուած կրաւորականութին է ատիկա, եւ կամ՝ նեղ ու հոսանքի մը եւ անձնական նպատակի մը ծառայեցնելու դիտաւորեալ հպատակութիւն:

Օրինա՛կ․ ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել հարազատի, ընկերոջ, գաղափարակիցի ու ազգակիցի հանդէպ ունեցած համակրանքը, կամ տեսակէտի հաստատումը բացառելը՝ պարտադրեալ կաշկանդումի հաշւոյն․․․ Եւ միւս կողմէ՝ ինչպէ՞ս կրնաս ատիկա համատեղել հակառակորդի մը, օրինակ՝ Թուրք մտաւորականին ու պատմաբանին կողմէ Ցեղասպանութեան ընդունման ի նպաստ ու անոր աշխատութեան տակ ցուցաբերուելիք․․․ զօրակցութեան հետ:

Այս բոլորին արդիւնքը կ՚ըլլայ այն, որ ցանկացած տեսակի անազատութիւն ի վերջոյ կը տանի փտախտի ու ինքնակործանման, ինչպիսին ալ որ ըլլան պատճառները եւ ինքնախաբէութեամբ  արդարացումները․ միակ ու ճիշդ ճանապարհը՝ ուղեղներու ազատագրման «ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ» է:

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *